Անցնող օրերուն Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէութիւնը իր 24-րդ ընդհանուր ժողովը գումարեց, առցանց: Ժողովը մանրամասնօրէն քննարկեց անցնող երկամեակին շրջանաւարտ կոմիտէութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ թագաժահրի համավարակին պատճառով կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ապրող հայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման հնարաւորութիւնները, Եւրոպայի մէջ հասակ առնող գաղափարական հայ երիտասարդութիւն պատրաստելու եղանակները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի աշխատանքները առաւել արդիւնաբեր դարձնելու հնարաւութիւնները:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ նաեւ հայ աշխարհի ժամանակակից խնդիրներուն՝
ա. ՀՀ. իշխանութիւններուն ազգակործան եւ պետականակործան ռազմավարութիւններն ու մարտավարութիւնները Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը խաթարող,
բ. «խաղաղութեան» եւ տարածաշրջանային ապաշրջափակման խաբկանքին տակ մեր արդար իրաւունքներէն զիջելու եւ Հայաստանը թրքացնելու վտանգը,
գ. Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ վարած հայատեացութեան դրսեւրումներն ու անոնց գործադրած միջազգային շարունակուող յանցագործութիւնները Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդին հանդէպ,
դ. Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան խնդիրն ու անոր ինքնորոշման իրաւունքի անսակարկելիութիւնը
ե. Հայաստան Սփիւռք յարաբերութիւններն ու Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Սփիւռքի ու Հայաստանի կապերու ամրագրման եղանակները:
Ժողովը որոշեց յառաջիկայ երկու տարիներուն հնարաւորինս բարձրաձայնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կործանարար վարքը Հայաստանի ու Հայութեան նկատմամբ յատկապէս Կեդր. Եւրոպայի մէջ, դիմադրել ՀՀ.-ի ներկայ իշխանութեան ազգակործան եւ պետականակործան գործունէութիւնը, նպաստել Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ բարօրութեան ու Եւրոպայի մէջ հասակ առնող երիտասարդութեան յատուկ սեմինարներ եւ վարժանքներ կազմակերպել զանոնք հայ իրականութեան խնդիրներուն առնչակից դարձնելու եւ հայ դատի աշխատանքներուն ներգրաւելու համար:
Ժողովի աւարտին, յառաջիկայ երկամեակին համար նոր կոմիտէ ընտրուեցաւ:
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէութեան
24-րդ ընդհանուր ժողովի Դիւան