Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց վարչութեան վերընտրեալ ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկ.հիներ Ճէքի Տէրվիշեան (ատենադապիր), Կարին Աւետիքեան եւ ընկ.ներ Սեդրակ Քիւրէճեան (գանձապահ), Արա Թերզեան (հաշուապահ) եւ Վահէ Արթինեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Սփիւռքի Տարի»ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։
Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ յիշեցուց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի եւ շեշտեց անոր ներքին միութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ Վեհափառ Տիրոջ տեղեակ պահելու ՌԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցող միասնականութեան եւ վերամիաւորման շունչով տեղի ունեցող նորութիւններու մանրամասնութիւններուն, որ դրսեւորուեցաւ ՌԱԿ-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբումին «ՌԱԿ-ին Միասնականութեան Պահը Հնչած Է Արդէն» կոչով: Ընկ. Յակոբեան շեշտեց, որ այս կոչը անաչառ եւ բարիին միտող կոչ մըն է, որուն չընդառաջելը լուսանցքի վրայ պիտի պահէ խնդրոյ առարկայ մարդիկը: Իսկ ինչ կը վերաբերի կուսակցութեան ներլիբանանեան երկուութեան դրութեան, ընկ. Յակոբեան պարզեց, որ «նշանակովի» վարչութիւն հասկացողութիւնը անհարիր է ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան ու դաւանանքին հետ եւ հետեւաբար՝ ապօրինի, մինչ ՌԱԿ-ի ընտանիքի Լիբանանի օրինական կառոյցները՝ Թէքէեան Կեդրոնը, Վահան Թէքէեան Վարժարանը, ՌԱԿ-ի ակումբներն ու կուսակցութեան ԶԱՐԹՕՆՔ պաշտօնաթերթը կը գործեն սոյն հանդիպման ներկայ եղող ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան հետ համահունչ եւ անոր հովանիին ներքոյ:
Կարդացեք նաև
Ընկ. Յակոբեան Արամ Ա. Վեհափառին ուշադրութեանը յանձնեց, որ Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնը հակառակ այն փաստին, որ իր աշխահարգարական դիրքին պատճառով ամենաշատ վնասը կրեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, մինչեւ օրս օգնութիւն չստացաւ այս խնդրով կազմուած՝ Լիբանանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանին հովանիին տակ գործող «Վերականգնումի Մարմինին» կողմէ:
Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդին կազմութեան համար եւ մաղթեց, որ ան խթան կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի բոլոր կառոյցներուն վերամիաւորման:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանին, Ամանորի եւ Սրբ. Ծննդեան տօնի շնորհաւորանքի համար այցելեց Վահան Թէքէեան Վարժարան: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ Սեդրակ Քիւրէճեան եւ Արա Թերզեան:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեանի ազնիւ հիւրնկալութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամները հպարտութեամբ լսեցին այնտեղ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ ի սրտէ շնորհաւորեցին տնօրէնուհիին անխոնջ աշխատանքը ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ու աշխատակազմին անձնուէր նուիրումը Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար օրերուն:
Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ Տնօրէնուհիին փոխանցելու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան բարեկամ՝ նախկին լիբանանահայ, ամերիկաբնակ ղեկավար ընկեր Վարդան Նազիրեանի 30 միլիոն լիբանանեան ոսկիի համեստ նուէրը մեր վարժարանին ուսուցչակազմին ու աշխատողներուն:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը Տիկին Սեւանայ Սեմերճեան-Տարագճեանին յաջողութիւն մաղթելով մեկնեցաւ իր հոգեհարազատ վարժարանէն:
Գլխավոր լուսանկարում՝ ձախէն՝ Ընկերներ Արա Թերզեան, Վահէ Արթինեան, Սեւակ Յակոբեան, Վեհափառ Հայրապետը, Սեդրակ Քիւրէճեան, Ընկերուհիներ՝ Ճէքի Տէրվիշեան եւ Կարին Աւետիքեան:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն