Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայկական Սփիւռքը լուրջ խնդիր մըն է Թուրքիոյ համար․ «Հայրենիք»

Հունվար 15,2022 10:40

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հայկական Սփիւռքին կոչ ըրաւ՝ չխոչընդոտելու հայեւթուրք երկխօսութիւնը։

Երեւան- Անգարա երկխօսութեան սկսելու պաշտօնական առաջին հանդիպումէն օրեր առաջ նման յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով՝ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յստակօրէն կ՛արտայայտէր թրքական կողմին մտահոգութիւնը, ինչ կը վերաբերի հայկական ուժեղ եւ կազմակերպուած Սփիւռքին, որ կը ներկայացուի իբրեւ հայեւթուրք երկխօսութիւնը խոչընդոտելու կողմը։

Բանակցութիւններու օրակարգին մասին թէեւ ներկայիս ոչինչ կը հաղորդուի, սակայն դատելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի յայտարարութիւններէն, հայկական կողմը առաջնահերթ կը համարէ սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։ Յունանեան նաեւ վերահաստատեց առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սկսելու պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը։

Առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սկսման մասին կը խօսին նաեւ Անգարայի իշխանութիւնները, որոնց կեցուածքները եւ դիրքորոշումները կրնան շատ արագ փոխուիլ եւ նախապայմաններ կրնան երեւան գալ։ երեւան կրնան գալ։Այս հանգրուանին՝ թէեւ կոչի մը ծիրին մէջ, Անգարա կենսական կը համարէ հայկական Սփիւռքին հեռու պահուիլը՝ հայեւթուրք երկխօսութենէն։ Ասիկա նախապայման մը չէ, բայց պէտք է ի մտի ունենալ , որ կոչի մը բովանդակութեամբ կատարուած նշումը բնաւ զերծ չէ նախապայմանի մը վերածուելու ազդակներէ։

Հայկական Սփիւռքը լուրջ խնդիր մըն է Թուրքիոյ համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայութեան իրաւունքներու հատուցման համար գործող սփիւռքեան բոլոր կառոյցները, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները հայեւթուրք երկխօսութենէն հեռու պահելու թրքական միտումը վտանգաւոր տարողութիւն մը կրնայ ստանալ, եթէ պաշտօնական Երեւան չհակադարձէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կոչին։ Հայկական պետական կեցուածք մը միայն կրնայ վերջ դնել հայկական Սփիւռքը իբրեւ արգելակիչ տարր ներկայացնելու թրքական փորձերուն։ Այլապէս արդարացի մտավախութիւններ կրնան ստեղծուիլ՝ հայեւթուրք երկխօսութեամբ հայկական Սփիւռքը իսկապէս լուսանցքայնացնելու վերաբերեալ։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31