Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Օր մը պիտի երթամ Հայաստան

Հունվար 15,2022 12:00

Հարցազրոյց՝ օփերային երգիչ Գէորգ Դաւիթեանի հետ

2021 թուականի հոկտեմբեր 29-ին Պոլսոյ Օփերայի եւ պալէթի պետական թատրոնի վերաբացումին առթիւ բեմադրուած «Սինան» օփերայի առաջնախաղէն ետք հաճելի ծանօթութիւն մը ունեցայ յիշեալ օփերային մէջ յառաջատար դերերգով հանդէս եկած պոլսահայ անուանի օփերային երգիչ, խմբավար, մանկավարժ Գէորգ Դաւիթեանի հետ: Ան իր երգչական մկրտութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պաքըրգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ, 1998 թուականէն սկսեալ առ այսօր կ,աշխատի Պոլսոյ Օփերային թատրոնին մէջ իբրեւ մենակատար: 2015-2016 թուականներուն նաեւ զբաղեցուցած է նոյն թատրոնի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: Որպէս երգիչ եւ խմբավար՝ ելոյթներ ունեցած է Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ռումինիոյ, Պուլկարիոյ, Չինաստանի եւ Աւստրալիոյ մէջ:

Հայ երաժիշտները դեռեւս օսմանեան շրջանին առաջնային դեր ունեցած են դասական երաժշտութեան ասպարէզին մէջ: Օփերային երգիչներու շարքէն ներս բաւական է յիշել 19-րդ դարու երկրորդ կէսին ապրած եւ ստեղծագործած թենոր Յովհաննէս Աճեմեանի եւ նրա տիկին սոփրանօ Շազիկ Քէօյլուեանի անունները: Այսօր այդ պատմական անուններուն կողքը իրաւացիօրէն իր պատուաւոր տեղն ունի Գէորգ Դաւիթեան:

– Վերջերս համացանցի միջոցաւ դիտեցի թուրք նշանաւոր երգահան Հասան Ուչարսուի «Սինան» նորաստեղծ օփերայի տեսագրութիւնը, ուր Դուք մարմնաւորած էիք Սուլթան Սուլէյման Առաջինի գահակալման տարիներուն մեծ վեզիրի պաշտօնը ստանձնած Ռիւսթէմ փաշան: Ինչպէ՞ս առաջարկուեցաւ երգել այդ դերերգը: Ի՞նչ ընդունելութիւն գտաւ անիկա:

– Մեր Իսթանպուլի Օփերայի տնօրէնութիւնը այս դերը ինծի յանձնեց, եւ, անշուշտ, ես ալ աշխատեցայ: Բայց արդէն Հասան Ուչարսուն օր մը հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ, որ այս դերը քեզ խորհելով, քեզի համար գրեցի: Թէ՛ երաժշտական, թէ՛ թատերական կերպով շատ հետաքրքրական, գեղեցիկ դեր մըն էր ինծի համար:

– Պոլսոյ Օփերային թատրոնի հայազգի մենակատարներու շարքէն ներս կ՚ուզէի նշել նաեւ մեձձօ-սոփրանօներ Ժաքլին Չարքչըին եւ Այլին Աթեշին: Ինչպիսի՞ ստեղծագործական եւ անձնական յարաբերութիւններ ունիք միմեանց հետ:

– Ժաքլինի եւ Այլինի հետ տարիներէ ի վեր արդէն մեր ընկերութիւնը կը շարունակուի: Երկուքն ալ իմ շատ սիրելի ընկերուհիներս են: Թէ՛ բեմի վրայ, եւ թէ՛ հանրային կեանքէն ներս: Զանազան օփերաներու մէջ շատ անգամներ քով-քովի եկած ու աշխատած ենք միասին:

– Ներկայացման ազդագիրը կարդալու ատեն ինծի հաճելիօրէն գրաւեց Ձեր հայկական անուն-մականունը: Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս Ձեր ընտանիքը յաջողեցաւ պահպանել հայկական մականունին «եան» մասնիկը: Անշուշտ, Ձեր ընտանիքը Պոլսոյ մէջ միակը չէ, բայց, այնուամենայնիւ, չէ՞ որ 1934 թուին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կողմէ ընդունուած «Մականուններու մասին» օրէնքին համաձայն արգիլուած էր ազգային փոքրամասնութիւններուն գործածելու իրենց մականուններուն վերջածանցները:

– Այո՛, իրաւունք ունիք այսպէս խորհելու, որովհետեւ կային կարգ մը ընտանիքներ, որոնք իրենց «եան»-ով վերջացած մականունները կորսնցուցին եւ առանց «եան»-ի մականուններ առնելու ստիպուեցան: Բայց այս վիճակը բոլորին վրայ չիրագործուեցաւ: Շատեր այդ բախտը ունեցան՝ իրենց մականունը եղածին պէս պահպանելու:

– Արմատներով ուրկէ՞ էք:

– Ես բնիկ պոլսեցի եմ: Բայց ընտանիքիս մեծերը կը պատմէին, որ մօտաւորապէս 150 տարի առաջ Երզնկայէն գաղթեր են Պոլիս: Այսինքն՝ արմատներս Երզնկայէն են, կրնամ ըսել:

– Ի՞նչ ընտանիքէ ներս մեծցած էք: Ո՞վ է Ձեր ծնողքը: Ձեր գերդաստանին մէջ երգիչներ կա՞ն:

– Ընտանիքս համեստ, պարզ ընտանիք մըն էր: Հայրս գործարանի աշխատաւոր էր, մայրս՝ տնային տնտեսուհի: Մայրս գեղեցիկ ձայն ունէր, եկեղեցական շարականները շատ լաւ գիտէր եւ դպրական երգեցողութեան կը հետեւէր: Իր մանկութիւնը Գումգափուի մայր եկեղեցւոյ շուրջը անցած էր: Արդէն մանկութեան տունն ալ Պոլսոյ այդ թաղամասն էր: Բայց ընտանիքիս մէջ ինձմէ զատ ուրիշ երաժիշտ մը չէ եղած:

– Մեր նախնական զրոյցին մէջ զիս հիացուց Ձեր մաքուր հայերէն խօսքը: Ո՞ւր ուսանած էք:

– Այո՛, բախտը ունեցայ Պոլսոյ հայոց վարժարաններուն հետեւիլ: Բայց աւելի բախտաւոր էի, որ տունիս մէջ հայերէն կը խօսուէր, եւ մանաւանդ մայրս ասոր վրայ շատ ջանք կը թափէր: Եթէ մենք թրքերէն բան մը հարցնէինք, ան հայերէնով կը պատասխանէր: Նախակրթութիւնս Տատեան վարժարանին, ետքը Գարագէօզեան վարժարանին մէջ առած եմ: Յետոյ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանի կրթութիւնս՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանք վարժարանի մէջ:

– Ո՞ր տարիքէն սկսած էք երգելու: Ո՞ւր ստացած էք Ձեր երաժշտական կրթութիւնը: Եւ ինչպէ՞ս ընդունուեցաք Պոլսոյ Օփերային թատրոն:

– Անշուշտ, շատ պզտիկ էի, մանկութեան շրջանս սկսայ երգելու: Առաջ Պաքըրգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ, յետոյ Գումգափուի «Գողթան» երգչախումբին մէջ: Յետոյ շրջան մը «Գողթան» երգչախումբի ղեկավարութիւնն ալ ստանձնած եմ: Կրնամ ըսել, որ առաջին երաժշտական ուսումս «Գողթան» երգչախումբի վարիչ պարոն Նուպար Սիմոնեանէն առած եմ: Ետքը անոր տուած ուսման հետեւանքով կրցայ Իսթանպուլի Միմար Սինանի անուան համալսարանի երաժշտանոցին քննութիւնները յաջողիլ ու ընդունուեցայ երաժշտանոց: Երաժշտանոցէն ետք քանի մը տարի զանազան խումբերու մաս կազմեցի, եւ վերջապէս 1998-ին Պոլսոյ Պետական օփերայի քննութեան յաջողելով՝ օփերային իբր մենակատար անդամ դարձայ:

– Ինչքանո՞վ Ձեր կապը կը շարունակէ ամուր մնալ պոլսահայ համայնքին հետ:

– Մինչեւ 2002 տեւական կերպով շարունակեցի մասնակցիլ պոլսահայ համայնքի զանազան երաժշտական ձեռնարկներուն: Բայց այդ տարիներէն ի վեր գործուն կերպով իմ մասնակցութիւնս չեմ կրնար բերել Օփերայի աշխատութիւններուս պատճառաւ: Նորէն ալ երբ որ համերգի մը կանչուիմ, անպայման այդ կանչը յարգել կը ջանամ:

– Հայ հանդիսականին առջեւ ի՞նչ ստեղծագործութիւններ կը կատարէք:

– Օրինակ, իմ առաջին մենահամերգս, որ 22 տարեկան էի, Արա Պարթեւեանի երգերէն բաղկացած ծրագիր մըն էր: Պոլսոյ կարգ մը երգչախումբերու հետ «Անուշ», «Դաւիթ Բէկ» օփերաներուն զանազան մասերը երգեցի: Մաժակ Թօշիկեանի «Հրանդ Տինք» եւ «Դարէ դար Աղթամար» օրաթորիոներուն մեներգային բաժինները երգեցի: Շահան Արծրունիին կազմակերպած մէկ ձայնասկաւառակի ձեռնարկին մասնակցեցայ: Դաշնակահար Լեւոն Էրոյեանին ձեռնարկութեամբ եւ զանազան պոլսահայ երգիչներով Էտկար Մանասի Պատարագին ձայնասկաւառակի ձայնագրութիւնը կատարեցինք: Եւ, անշուշտ, շատ մը մենահամերգներ տուի Պոլսոյ միութիւններու սրահներէն ներս:

– Խնդրեմ պատմեցէ՛ք նաեւ Ձեր խմբավարական գործունէութեան մասին:

– Ամենավերջէն սկսիմ այս անգամ: Պոլսոյ Պետական օփերային մէջ մօտաւորապէս հինգ տարի երգչախումբի խմբավարն էի: Առաջին անգամ ըլլալով կը պատահէր այսպիսի բան մը Պոլիսի մէջ, որ մենակատար անդամներէն մէկը թէ՛ մենակատար, եւ թէ՛ երգչախումբի ղեկավար ըլլար: Վերջապէս այդ շրջանը դադրեցուցի, որովհետեւ երկու գործն ալ շատ դժուար գործեր էին արդէն, եւ ես նախընտրեցի իմ բուն գործս՝ երգիչութիւնը: Մինչ այդ, Պոլսոյ շատ մը սիրողական խումբերու եւ կարգ մը եկեղեցական խումբերու ղեկավարութիւնն ալ ստանձնած էի: Հիմա միայն մենակատար մասնագիտութեանս կը հետեւիմ:

– Մինչեւ վերջերս Դուք կը դասաւանդէիք Պոլսոյ Միմար Սինանի անուան գեղարուեստի համալսարանի եւ Հալիչի համալսարանի երաժշտանոցներուն մէջ: Արդեօք ունեցա՞ծ էք հայ ուսանողներ:

– Այո՛, այդ երկու երաժշտանոցներէն ներս դասաւանդեցի, բայց դժբախտաբար բնաւ հայ աշակերտ չունեցայ:

– Քանի որ Դուք դեռ չէք այցելած Հայաստան, յառաջիկային կը նախատեսէ՞ք այցելել, թերեւս նաեւ հանդէս գաք համերգային ծրագրով մը:

– Միշտ ինքզինքս «օր մը պիտի երթամ Հայաստան» կ՚ըսեմ, բայց դեռ չկրցայ երթալ: Դեռ կը շարունակեմ այդ յոյսը կրելու… Օր մը… Եւ, հարկաւ, ինչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ երգելու համար ըլլայ…

Զրուցեց Սերգէյ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆԸ

«Առավոտ» օրաթերթ
14.01.2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31