«Ակոս». Հանրածանօթ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ «Հալք Թվ»ի համացանցի էջին վրայ հրատարակած է գրութիւն մը, ուր կը պատմէ Անիի պատմական մզկնթին պաշտամունքի բացուելու խնդիրը։
«Հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաքը պատմութեան մէջ ենթարկուեցաւ Բիւզանդիոնի, վրաց իշխաններու, սելճուկեան թուրքերու, մոնկոլներու, եւ զաքարեաններու արշաւանքներուն։ Անին բոլոր այդ շրջաններէն հետքեր կը պարունակէ։ Մայր եկեղեցիներ, հեթանոսական տաճարներ, բաղնիքներ, իջեւաններ եւ երկու մզկիթ։ Այդ մզկիթներէն մէկը կը կոչուի Ապու Մուհամմերան, որուն միայն աշտարակէն բեկորներ մնացած են մեր օրերուն։ Երկրորդը Ապու Մանուչէր մզկիթն է, որ կառուցուած է Անի քաղաքի Սելչուքներու կողմէ արշաւումէն ետք 1072 թուին Ապու Մանուչէր Պեկի կողմէ։ Ան կը համարուի արեւմտեան Հայաստանի մէջ առաջին թրքական մզկիթ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծ համարուող Արփաչայ գետի եզրին խոր ձորի մը վրայ կառուցուած է եւ որքան ալ անհաւատալի թուի կը պատրաստուի պաշտամունքի վերաբացուելու։ Մշակոյթի նախարարութեան, գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ թեխնոլոկիայի նախարարութեան եւ Սերհատ զարգացման աժանսի միջեւ ստորագրուած արձանագրութեան միջոցաւ պատմական մզկիթը փոխանցուեցաւ Կարս քաղաքի Կրօնից Տեսչութեան, այսինքն միւֆթիւութեան։ Առաջին անգամ նախորդ տարուայ 3 Օգոստոսին ազան հնչեց։ Այժմ կը սպասուի։ Կրօնից Տեսչութեան սոյն արձանագրութիւնը վաւերացնելը եւ իմամ մը նշանակելը»։
Իսմայիլ Սայմազ ապա իր յօդուածին կը շարունակէ Կարսի կուսակալ Թունճէր Թիւրքէր Էօքսիւզի այս մասին տուած բացատրութիւններով. «Անին այցելողները յայտնած էին մզկիթի մը կարիքը։ Այսպէս թէ զբօսաշրջիկներու, թէ տարածքի բնակիչներու եւ թէ պաշտօնէութեան պաշտամունքի կարիքները ապահովուած պիտի ըլլան։ Իսկ բուն նպատակն է Անաթոլիայի առաջին թրքական մզկիթը դարձեալ կենդանացնել»։
Իսմայիլ Սայմազ մեկնաբանելով կուսակալի այս բացատրութիւնը իրաւացի չի գտներ Անիի աւարկները այցելող զբօսաշրջիկին մզկիթի մը կարիք զգալու վարկածը։ Ան դիտել կու տայ որ Անիի աւերակներու կից Օճաքլը գիւղը արդէն մզկիթ մը ունի։ Պաշտօնէութիւնը այդ գիւղի բնակիչներէն է եւ եթէ պէտք ունին կրնան այս գիւղի մզկիթէն օգտուին։ «Նշեմ որ Ապու Մանուչէր մզկիթը զուրկ է նամազի աղօթ ընելէ առաջ անհրաժեշտ եղած ապտեսթի՝ այսինքն ձեռքերը եւ ոտքերը լուալու դրութենէ»։
Կարդացեք նաև
Սայմազ այս մասին կարծիքներ ստացած է նաեւ մասնագէտէ մը։ Այդ մասնագէտը 2012-էն մինչեւ 2019 թուականներ հնագիտական պեղումները ղեկավարած է եւ նպաստած է Անիի աւերակներուն ՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակոյթի ժառանգին ներառման։ Փամուքքալէ Համալսարանի դասական հնագիտութեան բաժնէն փրօֆ. Ֆահրիյէ Պայրամ զարմանք յայտնած է, երբ լսած է թէ մզկիթին ապակի պատուհաններ եւ երկաթէ դուռ շինուած, աշտարակին բարձրախօս զետեղուած եւ յատակին ալ փայտէ սալիկ եւ գորգեր տեղաւորուած են։
«Անկարելի է։ Իմ պաշտօնավարութեան շրջանին շատ դիմադրած եմ այդ պատմական կառոյցի պաշտամունքի վերաբացուելուն դէմ։ Այդ կառոյցը մեծ թիւով այցելուներ չի կրնար ընդունիլ։ Հիմքը պարապութիւններ ունի։ Առաստաղն ալ յարմար չէ։ Գիտէք՝ ներկայ իշխանութիւնը մզկիթներ բանալու մեծ ցանկութիւն ունի։ Իմ աշխատած ժամանակ ալ այս ցանկութիւնները կը յայտնուէին եւ ես անպատեհութիւնները բացատրող տեղեկագրութիւններ գրած եմ։ Այդ ժամանակ յետաձգեցին։ Ես վտանգաւոր կը գտնեմ նախքան հիմքի ամրացումը նման նախաձենութեան դիմելը» կ՚ըսէ փրօֆ. Ֆահրիյէ Պայրամ։
Ան նաեւ կը զգուշացնէ թէ կառոյցը ձորի եզրին գտնուելով լուրջ վտանգներու ենթակայ է։ Մտահոգութիւն կը յայտնէ նաեւ ելեկտրական ցանցի համար։ Արդէն պատմական աւերակներու նման տարածքին մէջ մզկիթի մը գոյութիւնը աննախադէպ է։ Անշուշտ որ կարեւոր է անոր Հայաստանի տարածքին առաջին մզկիթը ըլլալու հանգամանքը ութանկիւն աշտարակը Կեդրոնական Ասիոյ աւանդութիւնն է։ Մեծ է Անիի պատմական նշանակութիւնը։ Մետաքսի ճամբուն կարեւոր խաչմերկուներէն մէկն է։ Իր շրջանի մեծ քաղաքն է Անին։ Բոլոր այս յատկութիւններու հետքերը կը պահէ։ Այդ առումով ալ շատ կը ցաւիմ այս որոշումին համար։