Տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական ժողովը: Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի բոլոր ակումբները ներկայացնող պատգամաւորներ եւ փոխ-պատգամաւորներ ամբողջ օրուայ վրայ երկարող ժողովին խիտ օրակարգերուն ընդմէջէն քննարկեցին ու արժեւորեցին Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը ընդհանրապէս, հիմնուելով ակումբներու ներկայացուցած զեկոյցներուն վրայ:
Գնահատուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը: Ժողովականները, Լիբանանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին լոյսին տակ, ծրագրեցին կուսակցութեանս կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ մտահոգիչ իրավիճակը լոյսի տակ առնուեցաւ: Քննարկուեցան կուսակցութիւնս յուզող այլ հարցեր:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական Ժողովը յատուկ անդրադարձով կեդրոնացաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբումին կոչին վրայ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Դեկտեմբեր 19, 2021 թուակիր:
«ՌԱԿ-ին Միասնականութեան Պահը Հնչած Է Արդէն» վերնագրեալ նախաձեռնութեան, յոյս յայտնելով, որ ՌԱԿ 100-ամեակը յաջորդող սոյն տարուան ընթացքին վերջապէս կ՛իրագործուի մեր սիրելի կուսակցութեան միաւորումը:
Կարդացեք նաև
Երկար ու յագեցած աշխատանքներով լի օրուան աւարտին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 70-րդ Պատգամաւորական Ժողովը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին համար, միաձայնութեամբ՝ Սեւակ Յակոբեանին վերընտրեց որպէս ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իրեն վստահելով գործակից վարչական ընկերներ ընտրելու պարտականութիւնը:
Յակոբեան շուտով յայտարարեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան անդամացանկը հետեւեալ կարգով՝
Սեւակ Յակոբեան Ատենապետ
Ճէքի Տէրվիշեան Ատենադպիր
Տոքթ. Յակոբ Փափազեան Փոխ-ատենապետ
Արա Գոյունեան Փոխ-ատենապետ
Սեդրակ Քիւրէճեան Գանձապահ
Արա Թերզեան Հաշուապահ
Խորհրդականներ՝
Մեթր Սամ Պասմաճեան
Մայք Վայէճեան
Գրիգոր Մկըրեան
Վահէ Արթինեան
Կարին Աւետիքեան
Կապի Մելքի
Աւարտին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորակազմ Վարչութիւնը ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի ակումբներու պատգամաւորներուն եւ փոխ-պատգամաւորներուն շնորհաւորանքները:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն