Անգամ մը եւս, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ոտնակոխելով Հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը, ընտրած ենթուրքերու հետ սիրախաղութեան ուղին, տեղի տալով թուրքական 3+1 նախապայմաններուն (հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջներէն, ընդունիլ Արցախը որպէս Ազրպէյճանի մաս, ճանչնալ Թուրքիոյ սահմանները եւ վերջերս առաջ մղուած այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը)։
Հայաստանի եւ Արցախի յաղթանակները մսխած, մեզ պարտութիւն ու աղէտ բերած եւ Նոյեմբեր 9-ի չարաբաստիկ անձնատուութիւն ստորագրած անձը, ի վիճակի չէ թշնամիներուն հետ բանակցութիւններ վարել, առաւել եւս խաղաղութիւն մուրալ եւ Համայն Հայութեան ազգային շահերը պաշտպանել։ Այդ մէկը անհնար է պարզապէս։
Հայաստանը եւ Արցախը դէպի կործանման տանող եւ իրերայաջորդ զիջողական ու պարտուողական առկայ ընթացքին վերջ տալու միակ ելքը, այս ապազգային իշխանութեանց անյապաղ հեռացումն է Հայաստանի ղեկավարութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը վերադարձնել իր բնական հունին։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն կը մերժէ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ոչ հայանպաստ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները, կըդատապարտէ՝ Հայ Ազգի արդար իրաւունքները ուրացող խաղաղութեան սիրախաղութիւնը, կըհաստատէ՝ Հայ Դատի հետամուտ ըլլալու վճռակամութիւնը, կը նորոգէ՝ Հայ Ազգի շահերուն հանդէպ պահանջատէր մնալու իր ուխտը։
Կարդացեք նաև
Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, Արցախի ազատութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած սերունդներուն իրաւունքները, կարմիր գծեր են, որը կարելի չէ հանդուրժել անոնց ոտնահարումն ուշրջանցումը։
Հայաստան աշխարհն ու Հայ Ազգը ստեղծուած են յարատեւ գոյութիւն ունենալու եւ արժանի են այդ սրբութիւներն գնահատող եւպահպանող ազգային ղեկավարութեան մը ստեղծումը։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ
4 Յունուար 2022