Քաղաքագէտի ճկուն արտայայտութիւններէ բոլորովին հեռու, տակաւին երէկ, իշխանութեան գալէն կարճ ատեն մը ետք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» որոտացող Փաշինեան չմոռցաւ յիշատակելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ ապրած են նաեւ ազրպէյճանցիներ, որոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եղած է բանակցային նիւթ եւ, իրենց հերթին, անոնք կրնան բարձրացնել իրենց ինքնորոշման խնդիրը: Ո՛չ մէկ խօսք` պատմութեան այն մութ էջերուն մասին, երբ 7 յուլիս 1923-ին Ստալին հայահոծ Արցախը յանձնեց Խորհրդային Ազրպէյճանին:
Վարչապետին տրամաբանութեամբ եւ տեսութեամբ, ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ այսօր Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած հնդիկներն ալ ժամանակ մը ետք իրենց ինքնորոշման խնդիրը կրնան բարձրացնել եւ Ազգային ժողովէն ներս ալ աթոռի տիրանալ:
Այս ցնդաբանութեան դէմ պատասխանը չուշացաւ եւ Արցախի Ազգային ժողովը բուռն կերպով հակադարձեց սին եւ սնոտի բացատրութիւններ տուող ու հայորդին մոլորեցնել փորձող վարչապետին:
Յստակ էր Արցախի Ազգային ժողովի ահազանգային կոչը, որ կ՛արժէ կրկին ու կրկին ընդգծել:
Կարդացեք նաև
Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահութեան ու զիջման ենթակայ չէ, եւ այդ հարցի բացառիկ տէրը ինքնին արցախահայութիւնն է: …Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման նպատակը մեր հիմնական ուղենիշն է, եւ անկէ որեւէ զիջում ինքն իրեն չ՛արտօներ որեւէ իշխանութիւն: Հուսկ, միայն Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները լիազօրուած են խօսելու Արցախի բնակչութեան անունով:
«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականից