Հարցազրույց Բրազիլիայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Նարեկ եպիսկոպոս Բերբերյանի հետ:
– Սրբազան հայր, ինչպես եք գնահատում 2021-ը:
– Նախ իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս կ՝ուզեմ յայտնել Ձեզ եւ Առաւօտ լրատուական կայքին, որ 2021 թուականին Բրազիլիայի Հայոց Թեմի եւ բրազիլահայոց համայնքի մասին կազմակերպեցիք բազմաթիւ գեղեցիկ հարցազրոյցներ եւ լուսաբանման համար նախատեսուած տեղեկատուական շատ ու շատ յօդուածներ: Վստահ ենք, որ ձեր այս մեծ օգտակարութեամբ մեր թեմի եւ գաղութի մասին լսելի եղաւ Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ:
2021 թուականին գնահատական տալ կը դժուարանամ, որովհետև շատ էին փորձութիւնները, դժուարութիւններն ու կորուստները: Անկեղծօրէն շատ չէին ուրախութիւնները, քանզի ամէն օր արթննալիս գիտէինք, որ Մայր Հայաստանի մէջ յետպատերազմական ամէն լուսաբաց չէ, որ արևոտ եւ խաղաղ պիտի ըլլար: Ցաւ ի սիրտ բոլորիս, պատերազմէն յետոյ բազմիցս անգամ թուրք զինուորները ներխուժեցին Հայաստանի ազատ տարածք՝ պատճառ հանդիսանալով անմեղ քաղաքացիներու մահուան, գերեվարման՝այդպիսով լարուած պահելով Հայաստանի ներքին կեանքը: Դժբախտաբար մինչև օրս հայոց սուրբ եռաբլուրի մէջ կը շարունակուի մեր նահատակ տղաներու յուղարկաուորութիւնները:
Կարդացեք նաև
2021 թուականը ինձ համար անձնապէս գոհացուցիչ էր, որ կարողացանք իրագործել բազմաթիւ ներթեմական ծրագրեր: Համավարակը ի յայտ բերաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, կորուստներ ունեցանք հայ համայնքէն ներս: Այս դժուարանցանելի տարուայ ընթացքին կազմակերպեցինք հոգենորոգ կրօնական մի քանի միջոցառումներ՝ հոգեկան բաւարարութիւն պարգևելով մեր հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Պատերազմի առաջին տարելիցին նուիրուած հուզառատ յիշատակի արարողութիւն կազմակերպեցինք: Վառուող մոմերի վրայ փակցուցած էինք մեր հերոս տղաներու անմահ անունները՝ աղօթելով եւ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի համար: Գեղեցիկ էր մայրերուն եւ հայրերուն նուիրուած միջոցառումները, ոգևորիչ՝ Ազգային Դուրեան Վարժարանի տարեվերջեան միջոցառումը, որն ամբողջապէս հայկական էր: Այցելութիւններ կատարեցինք բազմաթիվ հիւանդանոցներ: Մի քանի անգամ Սուրբ Գէորգ Մայր տաճարի մէջ կատարեցինք ջրօրհնեաց արարողութիւն: Անկէ յորդացող կենարար շնորհով շատ ու շատ մարդիկ հաւատքով եւ աստուածային նախախնամութեամբ բժշկութիւն գտան:
Մեր հարկէն ներս ընդունեցինք տասնեակ հայերու, որոնք աշխատանքային կամ ճանաչողական կերպով մեզ հիւր եկած էին: Յատկանշական էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած սրբապատկերի օծման արարողութիւնը: 2021 թուականը չնայած համավարակի դժուարութիւններուն՝ Բրազիլիայի Հայոց Թեմի համար գոհացուցիչ տարի կարելի է գնահատել:
– Ի՞նչ առաջնահերթություններ կան, որ պետք է իրագործեք եւ կյանքի կոչեք գալիք տարում:
– Այս տարուան սկիզբէն կը ծրագրենք կազմակերպել թեմական երիտասարդաց հաւաք, որու ընթացքին պիսի քննարկենք կարևորագոյն թեմական հարցեր: Ինչպէս գիտէք այս տարի Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն տեղի ունենայ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Շատ երիտասարդներ ցանկութիւն ունին գնալ եւ մասնակիցը դառնալ այդ պայծառ եւ շնորհաշատ արարողութեանը: Մեր երիտասարդներէն շատերը առաջին անգամ պիտի ճանչնան իրենց հայրենիքը, ոմանք էլ՝ երկրորդ, երրորդ անգամ: Արցախին վերաբերուող մի քանի կենսական հարցերէն ելլելով կը նախատեսենք կարևորագոյն հանդիպումներ կազմակերպել, առաջ Աստուած Հայաստանէն մեզ կը միանան նաև մի քանի ներկայացուցիչներ:
Գեղեցիկ առիթ ունինք Արցախ անունով վերանուանելու Սան Պաուլօյի մեծ փողոցներէն մէկը, որտեղ կը գտնուէր Թուրքիոյ դեսպանատունը: Սան Պաուլօյի քաղաքային իշխանութիւնները արդէն հաստատած են ամէն բան: Փողոցը Արցախ անուանելու գործին մեծ նպաստ ունի մեր եկեղեցւոյ սպասաւոր Ներսէս դպիր Եկիներեանը: Կը նախատեսենք հաւատացեալներու եւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ շարունակել հոգևոր հանդիպումները, որոնք համավարակի պատճառով ժամանակաւորապէս ընդհատուած էին:
Կը ծրագրենք վերաբացել թեմի կիրակնօրեայ դպրոցը: Աւելի մեծ եռանդով պէտք է շարունակենք խորանի ծառայողներու պատրաստութեան դասերը՝ յոյս ունենալով այդ խումբին միացնել նոր երիտասարդներ:
Համեստաբար պիտի նշեմ, որ այս տարի կը լրանայ իմ քահանայական օծման 30-ամեակը, այդ գեղեցիկ առիթով թեմական ներկայացուցչական մարմինը կը նախատեսէ կազմակերպել գեղեցիկ միջոցառում։ Սա ինքնին լաւ առիթ է հայութիւնը համախմբելու։Այս տարի մեզ այցի պետք է գայ ՀԵՀԵՄ գրասենեակի տնօրէն Հայր Թովմա վրդ. Խաչատրեանը, կը նախատեսենք մի քանի կարևոր հանդիպումներ ունենալ ինչպէս Բրազիլիայի, այնպես էլ Հարաւային Ամերիկայի մի քանի հայաշատ երկիրներուն մէջ:
– Ի՞նչ կմաղթեք հայությանը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդյան տոների առիթով:
– Մեր հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ ընդունիլ այն շնորհները, որ ձրիբար եւ ամէն տարի կ՝ստանանք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեամբ: Կը մաղթեմ աստուածային կամք եւ խաղաղութիւն՝ սիրոյ վրայ կառուցելով ամէն խօսք եւ գործ: Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աւետարանական հրաշք պատմութեան մէջ մի քանի անգամ աւետարանիչը կ՝օգտագործէ «Մի վախցիր» արտայայտութիւնը: Ես նոյնպէս կ՝ուզեմ որ մենք չվախնանք, չընկրկենք քանզի մեր Տէր Աստուածը ընդ մեզ է:
Ամենամեծ մաղթանքս է, որ փոքր ինչ ուշադրութիւն դարձնենք Քրիստոսին, Անոր մարմնին՝ եկեղեցւոյն, աստուածաբանութեանը, քրիստոնէական արժէքներուն: Հաւատացած եղէք, որ շատ բաներ մեր կեանքին մէջ կը վերաիմաստաւորուին, կը վերածնուին եւ կը դառնան ամուր վահան՝ թշնամիի բոլոր յարձակումներէն մեզ պաշտպանելով: Այս նոր տարին միայն ու միայն իրար հանդէպ աստուածային սէր կը մաղթեմ: Սիրենք զիրար, որովհետև կեանքի ամէն հանգրուանին եւ իրար դիմաց կանգնելու պարագային ամէն մեկս միւսին աչքերուն մէջ նայելուս Աստուծոյ պէտք է տեսնենք:
– Ինչպե՞ս է թեմը նախապատրաստվել նոր տարուն, ինչպե՞ս է նշելու Նոր տարին:
– Այս տարի ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան բարի եւ հոգեպարար տօներու առթիւ գեղեցիկ մտայղացում կեանքի կոչեցինք։ Պատրաստեցինք 1200 նշխարներ և ուղարկեցինք մեր հաւատացեալներու տուները: Շատերը ալ աւելի ոգևորուեցան, որն ուրախալի էր մեզ համար: Կը նախատեսենք յունուար 1-ին տարեմուտի սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցել՝ Տիրոջմէ խնդրելով իր երկնառաք շնորհները Հայաստանի եւ վիրաւոր Արցախ աշխարհի համար: Յունուար 5-ին երեկոյեան սուրբ աւետիսը փոխանցելէ յետոյ կը ծրագրենք հաւաքուիլ հայկական ակումբը, որտեղ հյուրընկալուած են տասնեակ հայեր՝ միասին նշելու մեր Տիրոջ՝ մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը:
Կը ծրագրենք Յունուար 6-ին Աստուածայայտնութեան տօնէն յետոյ բոլորին բաժնել փոքրիկ տուփեր որոնց մեջ պիտի ըլլան հօտաւետ խունկեր: Յունուար ամսուն կը կատարենք նաև մի քանի Սուրբ Ծննդեան միջոցառումներ:
Շնորհակալութիւն հարցազրոյցի համար…
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Մեզ եւ ձեզ մեծ աւետիս
Զրուցեց Գոհար ՀԱԿՈԲՅԱՆԸ