Անխառն հրճուանքով կը հաղորդենք թէ մեր պաշտեցեալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պանծալի 100-ամեակը պիտի տօնակատարուի չորեքշաբթի, յունիս 22, 2022-ին, Մայր Հայրենիքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) շրջափակէն ներս կայանալիք պաշտօնական, ամենաբարձրորակ եւ շքեղագոյն հանդիսութեամբ։ (Ինչպէս ծանօթ է, համավարակի պարտադրած սահմանափակումները պատճառ հանդիսացան դարադարձի տօնակատարման ակամայ այս յապաղումին)։
Հարիւրամեակ մը ամբողջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յարաճուն վճռականութեամբ, վիթխարի աւանդ եւ անգնահատելի ներդրում ունեցած է ազգապահպանման, ազգային գիտակցութեան եւ հայրենասիրութեան վառ պահումին, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան նուիրականագոյն նպատակներուն ի սպաս։
ՌԱԿ-ի երկնագոյն դրօշին տակ, վերանորոգ եռանդով համախմբուելու հոյակապ պատեհութիւն կը ստեղծէ հարիւրամեակի պանծալի մեր յոբելեանը, յատկապէս նկատի ունենալով որ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին դէմ ծառացող ներկայ, ճգնաժամային, ահեղ ժամանակահատուածը կենսական կը դարձնէ գոյառումը համազգային լիակատար միասնականութեան։
Միասնականութիւնը կտրականապէս կը բացառէ առկայութիւնը բոլոր փառասիրութիւններու եւ քմահաճոյքներու։ Միասնականութիւնը կը պահանջէ նաեւ արմատական չէզոքացումը պառակտիչ ամէն ազդակի եւ գործօնի, բայց մանաւանդ՝ զանցառումը նախկին, ժամանակավրէպ եւ ձախողած ամէն մտայնութեան։
Կարդացեք նաև
Հիմա, աւելի քան երբեւէ, անհրաժեշտ է որ վաւերականօրէն եւ յարաճուն կերպով դրսեւորուի ռամկավար ազատականներուս՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին անսակարկ կերպով ծառայելու ուխտեալ յանձնառութիւնը։ Առ այդ՝ Կեդրոնական Վարչութիւնս, լիովին պատրաստ է լսելու գործնական եւ շինիչ որեւէ առաջարկ կամ թելադրութիւն։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ռաֆֆի Պալեան/ Ատենադպիր
Մայք Խարապեան / Ատենապետ