Ազրպէյճանի վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հայերը վաղ թէ ուշ պէտք է որոշեն իրենց հետագայ ճակատագիրը, նոր բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ:
Մինչեւ հիմա տեղի ազգաբնակչութեան ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի մասին պաշտօնական Պաքուի ոեւէ ներկայացուցիչ նման հրապարակում չէր կատարած:
Ան նաեւ այս առիթով յիշեցուցած է, որ 44-օրեայ պատերազմով Ազրպէյճանը իր վերահսկողութեան տակ առած է 7 շրջաններն ու Շուշին եւ Հատրութը` յարակից տարածքներով:
Փորձենք կեդրոնանալ ճակատագիրի որոշման իրաւունքի տեսութեան վրայ: Նախ նկատենք, որ երբ վարչապետի մակարդակով կը կատարուի այդ յայտարարութիւնը, ատիկա կը նշանակէ պաշտօնականութիւն: Աւելի մասնակի` պաշտօնական Պաքուի տեսակէտ:
Կարդացեք նաև
Հետեւաբար, այս յայտարարութիւնը իբրեւ շղթայի մէկ օղակ պէտք է ընկալել յատկապէս պատերազմէն վերջ կատարուող յայտարարութիւններուն: Անոնցմէ հիմնականը «արցախեան հակամարտութիւնը անցեալ է» յանկերգն է:
Հետեւինք այս տրամաբանութեան: Պաքուի համար Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս չէ: Երբ «հակամարտութիւնը աւարտած է» կ՛ըսուի, կը նշանակէ, որ երաշխիք ստացած է, որ Արցախը Ազրպէյճանէն դուրս որեւէ կարգավիճակ չի ստանար:
Այդ երաշխիքը հրապարակուած չէ անշուշտ: Բայց նկատի ունենալով, որ նոր իրավիճակին հետ կապուած գործընթացները կը կրեն Անգարա -Մոսկուա համաձայնութեան ուղղորդումները, կ՛ենթադրուի, որ երաշխիքը եւս այդ պարունակին մէջ պէտք է ընկալել:
Պաքուի յայտարարութիւններու շղթային վերջին օղակը ուրեմն կը նախանշէ հետագայ քայլերու հեռանկարը: Նոր գոյավիճակ է, հետեւաբար Արցախի մէջ ապրող հայերը պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը: Ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման նոր տեսք կ՛ապահովուի երեւութապէս: Ատիկա ինքնին նախկին ինքնորոշման հանրաքուէներու չեղեալ յայտարարուելուն համազօր է:
Ազրպէյճանի վարչապետը ըսել կ՛ուզէ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ իր ճակատագիրը որոշէ: Բնականաբար պարզ չէ, որ այդ նոր հանրաքուէն ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ. «երբ»- ը կարեւոր է այս պարագային, որովհետեւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 7-րդ կէտը կը խօսի տուժածներու վերադարձի մասին: Սկզբունքով «տուժածներ»-ը պէտք է հասկնալ երկկողմանիօրէն:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» թերթի այս համարում