Մտորումներ: Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ յուսահատութիւն:
Տարին անցաւ. ըսինք վերանկախացման երեսուն տարի, ըսինք 44-օրեայ պատերազմ, պարտութիւն, կորուստներ: Կը մխիթարուինք հայրենադարձութեան միշտ դրական քանի մը պարագաներով:
Տխրի՞լ, թէ՞ ուրախանալ. աւարտած տարուան ընթացքին, ռուսական խաղապահ ուժերու պաշտպանութեան ներքեւ, չորս հազար արցախցիներ իրենց բռնագրաւուած հայրենիքի սրբավայրերը ուխտի գացած են: Ի՞նչ մտածել:
Տխրի՞լ թէ՞ ուրախանալ, որ հայեւթուրք խօսակցութիւններ պիտի սկսին: Կողմերը նշանակած են իրենց բանագնացները: Ի՞նչ բանի շուրջ պիտի բանակցին: Բանակցիլ կը նշանակէ առնելիք-տալիք որոշել: Ի՞նչ պիտի պահանջուի կամ պարտադրուի, ի՞նչ պիտի կարենանք պահանջել:
Կարդացեք նաև
Համազգային համախոհութիւն պիտի ստեղծուի՞ տալիքի եւ առնելիքի շուրջ, թէ՞ անոնք պիտի պարտադրուին դուրսէն եւ ընդունուին առանց ժողովուրդի կարծիքին դիմելու, սեփական ղեկավարութեան տիքթաթով: Ինքզինք ազգի անդամ համարողը,- ո՛չ հեռու կամ մօտ համայնքի մը,- ինչպէ՞ս գոյութենական տագնապ պիտի չապրի, եւ պիտի Ամանոր տօնէ:
Եթէ ազգային համախոհութիւն չըլլայ առնելիքի եւ տալիքի շուրջ, անխուսափելի կ’ըլլան պառակտումները, որոնք մեր կացութեան մէջ եղող ժողովուրդի մը համար պերճանք են: Իսկ համախոհութեան հասնելու համար բանակցութիւններու առարկան պէտք է գիտնալ, ունենալ ներազգային վիճարկում, վճռել եւ ապա նստիլ բանակցային սեղանին շուրջ:
Եթէ թշնամիին հետ կարելի է բանակցիլ, ինչպէ՞ս կարելի է չխօսիլ սեփական ժողովուրդին հետ, որպէսզի վաղը կրկին յանցաւորներ եւ թշնամիներ չփնտռենք մեր մէջ, այլ տարրական ողջմտութեամբ գիտնանք, որ թշնամին դուրսն է: Միթէ՞ այս չէ ազգային քաղաքականութեան առաջին եւ սկզբունքային իմաստութիւնը:
Ընկեր մը ունէի, որ տեւաբար կ’ըսէր, թէ «այդ հարցերուն մասին առանձութեանս մէջ մտածած եմ, բայց գրոց-բրոց չեմ որ գրեմ»: Հիմա ես ալ կրնամ լրացնել իր միտքը, եւ ըսել, որ մտածել եւ գրոց-բրոց ըլլալ չեն բաւեր, երբ որոշողներու վենախաւին մէջ չենք, էլիդային մաս չենք կազմեր: Էլիդա՝ որ միշտ ալ այդպէս չէ: Քանի որ կը միջամտեն քսակը եւ մեքենայութիւնները, քոմպինացիաները, մանիպուլացիաները: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում