Ֆրանսայի Ծերակոյտի գրասենեակը վաւերացուց Արցախի մասին միջազգային տեղեկատւութեան խումբ կազմելու առաջարկը: Այս նախաձեռնութիւնը կը լրացնէ Նոյեմբեր 2020-ին՝ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Նոր Յառաջ»-էն։
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ծերակոյտը եւ անոր գրասենեակը, եւ կ՛ողջունենք Ծերակոյտի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ճանապարհը: Ուսումնասիրական այս խումբը կու գայ աներկբայօրէն ժխտելու կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւնը եւ հերքելու դիրքորոշումը բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Ատրպէյճանի կողմէ արցախեան տարածքին զգալի մէկ հատուածի կցման մէջ տեսնել հայկական Արցախի քաղաքական լուծումը»,- կը նշէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի:
Ծերակոյտին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ միջազգային տեղեկատւութեան այս խումբը կազմուեցաւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան եւ Ֆրանսա-Կովկաս բարեկամութեան խումբերուն հետ համաձայնութեամբ, եւ որ պէտք է կարելիութիւն ընձեռէ ամրապնդելու խորհրդարանական երկխօսութիւնը նշեալ տարածքի (Արցախի-«Ն.Յ.») ազգային ներկայացուցչութեան հետ, ինչպէս նաեւ նպաստէ հակամարտութեան արդար, խաղաղ եւ մնայուն կարգաւորման որոնման:
«Տեղեկատւութեան նման խումբ եւ անոր նախաձեռնած երկխօսութիւնը կարեւոր քայլ է սահմանակարգական կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Անոր նպատակն է օգնել արցախցիներուն՝ իրենց հողերուն վրայ խաղաղ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի վերականգնումին: Անոնց (արցախցիներու-«Ն.Յ.») գոյութեան իրաւունքը պէտք է լիովին յարգուի, որովհետեւ մենք չենք կրնար ընդունիլ Պաքուի գործադրած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը, որուն դրսեւորումներէն մէկն ալ 2020ի աշնանային պատերազմն էր»,- կ՛ընդգծէ Փիւփոնի, որ կը վերահաստատէ՝ «Ծերակոյտի մօտեցումը պէտք է հետեւելի օրինակ դառնայ այլ կառոյցներու համար եւ գործադիրը խրախուսելու՝ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու»,- կ՛ըսուի հաղորդագռութեան մէջ:
Կարդացեք նաև
Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը աշխարհի առաջին պալատն էր, որ Նոյեմբեր 2020-ին պահանջեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: 23 Նոյեմբեր 2021-ին, անիկա հիւրընկալեց բարձր մակարդակի գիտաժողով մը՝ նուիրուած ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Սոյն գիտաժողովը կազմակերպուած էր ծերակուտական, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ Քիւրտերու հետ կապի խումբի ղեկավար Պրիւնօ Ռըթայոյի կողմէ, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի գործուն հովանաւորութեան տակ: Արցախի համար միջազգային տեղեկատուութեան խումբի կազմութիւնը կը հանդիսանայ միջազգային իրաւունքին աջակցելու Ծերակոյտի յանձնառութեան տրամաբանական շարունակութիւնը:
«ԵՌԱԳՈՅՆ»