Անհաւատալի Բայց Իրաւ
Վերջերս հաղորդուեցաւ, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ, հայ դիրքապահներու կողմէ 18 Դեկտեմբերին ձերբակալուած են թշնամի Ազրպէյճանի բանակին պատկանող երկու սահմանախախտ զինծառայողներ։
Ի զարմանս մեզի (ո՛չ անպայման սակայն), երէկ «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, 20 Դեկտեմբերին «մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, նշուած զինծառայողները վերադարձուէր են ազրպէյճանական կողմին»։
Իրաւապաշտպաններու հաշուարկով, շուրջ 50 հաստատուած եւ լրացուցիչ ալ 80 չհաստատուած գերիներ ունինք Ազրպէյճանի մօտ այսօր: Գերի ինկած մեր տղոց տուն վերադարձնելու համար մեր թշնամին բնաւ ալ չաճապարեր…: Այս թիւին վրայ պէտք է նաեւ աւելցնեն չյանձնուած եւ շատ յաճախ խոշտանգուած Հայ զինուորներու դիակներ…:
Մինչ կը հաւատամ, որ Պաքուէն մեր տղոց տուն բերելու միակ արժանապատիւ ճանապարհը ամէն առիթով ազերի գերիներ վերցնելուն մէջ կը կայանայ, ըստ երեւոյթին մեր իշխանութիւնները ո՛չ միայն նոյն կերպով չեն մտածեր, այլ՝ կ՛աճապարեն իրենց ձեռքը ինկած գերիները շատ արագ եւ սիրով վերադարձնել թշնամիին…:
Կարդացեք նաև
Մեզի կը մնայ միայն յուսալ, որ դարձեալ ըստ մեզի, պատմական մէկ թիւրիմացութեամբ մը մեր հայրենիքին ղեկավարութիւնը ձեռք ձգած սոյն անհասկնալի իշխանութիւնը ներողութիւն խնդրած չըլլայ թշնամիէն այս գերիները վերցնելու խնդրով…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր