Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կատարած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Բոլոր քայլերը Անգարան կը համակարգէ Պաքուին հետ:
Բ.- Սահմանի բացման որոշումը Թուրքիան կը կատարէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն:
Գ.- Թուրքիան Հայաստանին կը կատարէ առաջարկ` Ազրպէյճանի հետ համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման:
Կարդացեք նաև
Դ.- Սահմաններուն բացումը կ՛առնչուի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին:
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկի նախօրէին ասիկա պաշտօնական Անգարայի կողմէ յայտարարուած առաջին նախապայմանի բանաձեւն է: Շատ պարզ է ըսուածը: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը ի հեճուկս Ազրպէյճանին պիտի չըլլայ: Ըստ էութեան, Պաքուն ներգրաւուած պիտի ըլլայ երկխօսութեան եւ ապա` բանակցութիւններուն:
Պաքուի համաձայնութենէն ետք է միայն, որ Թուրքիան համաձայն պիտի ըլլայ իր փակած սահմանը վերաբանալու: Իսկ Պաքուն իր համաձայնութիւնը պիտի տայ միայն այն ատեն, երբ կնքած է խաղաղութեան համընդգրկուն պայմանագիրը` Հայաստանի հետ:
Այսինքն` կը նշանակէ, որ սահմանը կը բացուի` Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու Երեւանի համաձայնութենէն ետք միայն: Իսկ Անգարան պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնագիրի կնքման բանակցութիւններուն:
Այսքան պարզ: Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցուած ընկալել Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Պատահական չէ, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան եւ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու վերսկսման գործընթացները պիտի ընթանան զուգահեռ: Այս արդէն հակամարտութիւններու փոխկապակցուածութեան իրականութիւնը կը շեշտէ. ինչ որ Անգարայի վաղեմի մօտեցումն է:
Չաւուշօղլուի յայտարարութենէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահը ըսած էր, որ Երեւանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեկնարկին` առանց որեւէ նախապայմանի, եւ ատիկա կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն: Թուրքիոյ պաշտօնական այս յայտարարութեան Երեւանի կողմէ անարձագանգ մնալը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ Երեւանի դիրքորոշումը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: