Հայաստան, իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն, ամբողջական ազատութիւնը եւ իրաւունքը ունի ճշդելու իր քաղաքական ուղեգիծը։ Ճիշդ է նաեւ որ Երեւանի իշխանութիւնները, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ապահովման, Սեւրի դաշնագրի հիմամբ հայ դատը լուծելու պատկերացումէն չեն հրաժարած։ Տակաւին թարմ է օրինակի համար Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասնակիցներուն ուղղած՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին ձգած տպաւորութիւնը։«Սեւրի դաշնագիրը ճանապարհ կը հարթէր ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար։ Հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանին մէջ անկախ պետականութեան ստեղծման միջոցով՝ արդարացի լուծում կը ստանար Հայկական Հարցը։Կը վերականգնէր պատմական արդարութիւնը։ Նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուէին մեր ժողովուրդին տնտեսական եւ ժողովրդագրական ներուժի վերականգնման, անոր բնականոն զարգացման եւ յառաջընթացին համար», յայտարարեց Փաշինեան։
Բայց ամէնէն հիմնական խնդիրը կը վերաբերի Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած շատ վտանգաւոր իրավիճակի մը, ուր յանուն բարի դրացնութեան եւ հարաւային կովկասեան զարգացման եւ կայունութեան, հրապարակ նետուած ծրագրերու նախագիծերուն մէջ, առաւելաբար շեշտը կը դրուի հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման հիմամբ։ Ասիկա է վտանգաւորը։
Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ պետական պիւտճէի քննարկման նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով, շուտով փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին։ Հայաստանեան հասարակութիւնը եւ սփիւռքը նախապէս ալ թրքական կողմէն իմացած էր հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին տեղեկութիւնները։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ «փոխադարձաբար ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին» Չաւուշօղլուի յայտարարութեան պարագային։ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին այս յայտարարութենէն ետք է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական գնահատեց Չաւուշօղլուի այս կեցուածքը եւ հաստատեց երկխօսութեան նպատակով փոխադարձաբար ներկայացուցիչներ նշանակելու տեղեկութիւնը։ Նախապէս ալ Էրտողան բացայայտած էր, որ Փաշինեան վրացական միջնորդութեամբ իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու առաջարկ կատարած է։ էրտողանի այս յայտարարութենէն ետք է, որ պաշտօնական Երեւան հաստատեց, որ նման միջնորդութեան դիմուած է։
Թէ ինչու միշտ թրքական կողմն է, որ նախ կը բացայայտէ տեղեկութիւններ՝ հայեւթուրք երկխօսութեան թէ բանակցութիւններու մասին, մտածումներու առիթ պէտք է հանդիսանայ։ Երկխօսութեան նպատակով ներկայացուցչի նշանակման մասին տեղեկութիւնը շատ աւելի բան կ՛ըսէ, քան Փաշինեանի կատարած առաջարկը՝ էրտողանի հետ տեսակցելու վերաբերեալ։ Խնդիրը «տրամաբանական» զարգացում մը կ՛ապրի։Նման իրավիճակի մէջ կարեւոր է մտահան չընել հայութեան ազգային շահերը։ Ասիկա առաւելաբար Երեւանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է։
Կարդացեք նաև
Կայ այլ հանգամանք մը։ Հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ըստ իշխանական Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեանի,կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն։Աղաճանեան նաեւ հաստատեց, որ ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստան պիտի հրաժարի իր պետական եւ ազգային շահերէն՝ աւելցնելով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը առանց նախապայմաններու պէտք է ըլլայ։
Նախապէս Արցախը նախապայման էր։ Նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներէն հրաժարումը։ Հիմա առաջին նախապայմանը վերացած է թրքական կողմին համար։ Կը մնայ երկրորդը, որուն կապակցաբար, Թուրքիոյ պետական խորհուրդը երկու տարի առաջ որոշեց պայքար շղթայազերծել հայկական Սփիւռքին եւ որոշումի մայրաքաղաքներուն մէջ լոպիինկով զբաղող Հայ Դատի թէ այլ մարմիններուն, յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն դէմ։Ներկայիս երբ Անգարա կը յայտարարէ, իսկ Երեւան կը հաստատէ, որ երկխօսութեան սկսելու համար Թուրքիա եւ Հայաստան ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն, հարցումներ կը ծագին։ Երկխօսութիւնը ինչ բնոյթ եւ ուղղութիւն պիտի ունենայ։ Նախապայմաններու մասին խօսք չկայ, այլ թրքական տեսակէտ մը, որ կը վերաբերի իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման հիմամբ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման։Իսկ երկխօսութեան սկսելէ ետք, եթէ այս տեսակէտը նախապայմանի վերածուի եւ այլ նախապայմաններ ալ դրուին, ինչ ճակատագիր պիտի ստանայ հայեւթուրք յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը։ 2009-ի փորձը նման կասկածներու տեղի կու տայ։
Կայ աւելի վտանգաւորը։ Սփիւռքը տեսակէտ պիտի ունենա՞յ այս հոլովոյթին մասին, թէ՞ հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, որոնք Երեւանի իշխանութիւններուն կարծիքով կը բխին Հայաստանի պետութեան շահերէն, առաւելաբար Հայաստանի պետութեան կը վերաբերի։ Հոս կա՞յ Սփիւռքը Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններուն հաստատման դէմ խոչընդոտ մը համարելու միտում մը։ Եթէ օրերը ցոյց տան, որ իսկապէս կայ այս միտումը, ապա Թուրքիոյ պետական խորհուրդին որոշումը մտած կ՛ըլլայ գործադրութեան հանգրուանը։
Երեւանի իշխանութիւնները շատ լաւ գիտեն Սփիւռքին կեցուածքները եւ դիրքորոշումները, ինչ կը վերաբերի հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։ Նաեւ յստակ է, որ հայկական Սփիւռքը Թուրքիոյ կարծիքով սեպ մըն է՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճիգերուն եւ ծրագրերուն մէջ։ Երեւան ասիկա վստահաբար շատ լաւ հասկցած է։ Այլապէս ազգային աղէտ մը կրնանք դիմագրաւել։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում