Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՍՕ խաչի ամանորեան ցուցահանդէսը հայ կնոջ նրբաճաշակ աշխատանքին արգասիքն էր

Դեկտեմբեր 17,2021 15:59

«Գանձասար». Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ ՍՕ Խաչի աւանդական ամանորեան ցուցահանդէսի բացումը, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի Ձեռարուեստի, Մանկամսուրի, Աշխատանոցի եւ «Փեթակ» վաճառատան յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ նստավայրի երեք մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան յանձնախումբերը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, գաղութիս հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, խաչուհի ընկերուհիներ եւ հիւրեր:

 

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեանի եւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեանի:

Ապա քահանայ հայրը ներկաներուն հետ շրջելով ծանօթացաւ ցուցադրուած աշխատանքներուն: Քահանան իր մօրմէն՝ նախապէս Շրջ. Վարչութեան անդամ եղած Ալիս Արսլանեանէն, իմացած գիտելիքներէն մէջբերումներ ըրաւ եւ իր դրական տպաւորութիւնները յայտնեց ցուցադրուած ձեռագործներուն մասին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան,դիտել տալով որ ՍՕ Խաչը եղած է ու կը մնայ հայ կնոջ նկարագրի, բարոյական կազմաւորման դարբնոցը, ուր հայ կինը շատ բան ունի սորվելիք, ապա որպէս խաչուհի շատ բան ունի տալիք:

«ՍՕ Խաչը իր աշխատանքի սլաքը կ’ուղղէ հայ արուեստի ծաղկումին նաեւ հայ կնոջ ձիրքերուն շնորհներով ստեղծագործուած աշխատանքներուն, որոնց պահպանողն ու սերունդներուն փոխանցողն է ան:

Այս շրջանին Շրջ. Վարչութեան յառաջացուցած Շուկայավարման յանձնախումբը «NAROD» վաճառանիշի առաջարկութեամբ ներկայացած էր, որպէս ՍՕ Խաչի արտադրութիւններու առցանց ծանուցման վաճառանիշ, գաղափարը աւելի քան նպատակայարմար էր, հարկ էր որդեգրել սոյն պիտակը, ծանօթացնելու համար ՍՕ Խաչի բոլոր մասնաճիւղերու ու շրջանային յանձնախումբերու արտադրութիւնները օտար միջավայրին, եւ այպէս ծնունդ առաւ «NAROD» մակնիշը», աւելցուց Ամպարճեան:

Ան հպարտանքով յիշեց՝ որ օրեր առաջ ՍՕ Խաչը արժանացաւ «Խէյր Ատտին ալ Ասատի» մշակոյթի պահպանման տարեկան մրցանակին, իսկ անցնող Սեպտեմբեր ամսուն ընթացքին արժանի եղաւ մասնակցելու Սուրիոյ դիւանագիտական ակումբի կազմակերպած բարեսիրական ցուցահանդէս-վաճառքին, որուն աւարտին նաեւ ստացաւ նիւթական պարգեւ:

Այնուհետեւ Ձեռարուեստի Յանձնախումբի ատենապետուհի Սեդա Կէրկէրեան անդրադարձաւ հայկական ասեղնագործութեան պատմութեան, յայտնելով որ հայկական ասեղնագործները արուեստի կտորներ են, որոնց մէջ կ’արտացոլան մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը: Իւրաքանչիւր գործի մէջ դրոշմուած է իր միջավայրի առանձնայատկութիւնները, կենցաղը, նկարագիրը եւ կոչուած ծնունդ առած գաւառի անունով Քիլիս, Մարաշ, Սվազ, Այնթապ եւ ուրիշներ:

Ան դիտել տուաւ, որ Մարաշի գործ անուանումը կը տրուի երկու տեսակ ասեղնագործութեան՝ մէկը հարթակարն է, որ մեզի ծանօթ է հին Մարաշ անունով: Այս կարով կ’ասեղնագործեն ծառեր, ծաղիկներ, տերեւներ եւ թռչնազարդեր: Չափով մեծ հարթակար աշխատանքները ընդհանրապէս պատի գորգեր են: Իսկ Մարաշի գործին երկրորդ տեսակը հիւսուած կարը կամ գաղտնակարն է:

Մարաշի գործը դարերու ընթացքին զարդարած է հանդերձանքի բոլոր մասերը, գլխանոցներէն մինչեւ կօշիկներ, ներքնազգեստներ, անով կը զարդարէին նորաձեւական բոլոր պիտոյքները՝ ժապաւէններ, դրամապանակներ, շալեր, ձեռնոցներ, դրօշներ, դաշոյնի եւ սուրի պատեաններ եւ այլն:

Ան յայտնեց նաեւ, որ յանձնախումբը հայկական գաւառներու ասեղնագործութիւնը կորուստէ փրկելու համար յառաջիկային պիտի կազմակերպէ յատուկ դասընթացքներ:

Աշխատանոցի Յանձնախումբի ատենապետուհի Սիրուն Թաշճեան ըսաւ. «Հայ կինը, հայ մայրը ամենաբախտորոշ օրհասական պահերուն իսկ մեծ ու անգնահատելի դեր ունեցած են, արժանապատուութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ պահպանած են հայկական օճախը, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները:

Ուստի անցեալին, ներկայիս եւ ապագային այս արժանիքներով զինուած խաչուհին նեցուկ պիտի կանգնի իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ կարիքաւորի: Այս ներուժով ՍՕ Խաչի Աշխատանոցի Յանձնախումբի ընկերուհիները կը գործեն եւ այսօր կը ներկայացնեն իրենց արդիւնաբերած աշխատանքը՝ գեղեցկացնելով ձեր բնակարանները հայկական ոճով»:

Այնուհետեւ Տէր Սուրէն Քհնյ. Ասրլանեան իր սրտին խօսքը արտասանելով բարձրօրէն գնահատեց խաչուհիներու մեղուաջան աշխատանքը՝ պահպանելու հայկական աւանդոյթներն ու մշակոյթը:

Սրահը իր հմայիչ յարդարանքով կը կլանէր այցելուները: Սրահի կեդրոնի սեղանները զարդարուած էին Արեւմտեան Հայաստանի յատուկ գեղեցիկ ասեղնագործ Մարաշի, Քիլիսի, Վանի, Սվազի եւ այլ գաւառներու ձեռագործներով, ինչպէս նաեւ Ամանորի յատուկ տպածոյ ծածկոցներով, անձեռոցներով, բարձերով, հայատառ սեղանի ծածկոցներով, հայատառ փոքրիկ պայուսակներով, աշունը խորհրդանշող անձեռոցներով, սեղանի ծածկոցներով եւ Ամանորի յարդարանքներով:

Բծախնդրօրէն ցուցադրուած ձեռային աշխատանքները կը դրսեւորեն անխոնջ եւ միասնական աշխատանք, ինչպէս նաեւ նախանձախնդրութիւն նորարարութեան հետ քայլ պահելով միշտ լաւագոյնը հրամցնելու: Ձեռագործներու կողքին ցուցադրուած էին նստավայրի մասնաճիւղերու արդիւնաբերած իւրայատուկ արտադրութիւնները՝ չիրեր, միրգեր, պաստեղներ, հայկական ընտիր խմիչքներ, Ս. Սարգիսի Հալվան՝ հրուշակը, կրկնեփուկներ եւ տուրմերու տեսակներ:
Այս բոլորը ներկայացուած էին ճոխ յարդարումով, բծախնդիր աշխատանքով, որոնք կ’արտայայտէին հայ կնոջ տաղանդն ու տօնական օրերուն նախորդող եռանդը:

Իւրայատուկ էր նաեւ «Փեթակ» յանձնախումբին պատրաստած ճաշատեսակներու անկիւնը, որ կ’ընդգրկէր աւանդական ուտեստներու եւ խմորեղէնի այլազան տեսակներ:

Այս տարի Մանկամսուրի Յանձնախումբը եւս իր մասնակցութիւնը բերած էր փոքրիկներու յատուկ Ամանորեան ձեռային աշխատանքներով, զարդարանքներով, գոյնզգոյն շաքարներ, կրկնեփուկներով, նուէրի տոպրակներով եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող խաղալիքներով:
Ցուցահանդէսին ներկայացան Սուրիոյ աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն տիար Սալէհ Պարաքաթ, բարեսիրական միութիւններու տնօրէն տիար Հէյսամ Սապպաղ եւ այլ ներկայացուցիչներ: Անոնք շրջեցան սեղանները եւ հետաքրքրուեցան հոն ցուցադրուած արտադրութիւններով:

Տիար Սալէհ Պարաքաթ բարձր գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ՍՕԽ-ի բարեսիրական աշխատանքին:
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէնին եւ բարեսիրական միութիւններու տնօրէնին եւ ներկայացուցիչներուն՝ իրենց ներկայութեան համար: Ան անդրադարձաւ սուրիական հիւրընկալ հայրենիքին հայութեան ընձեռած բարիքներուն, զորս կը վայելենք շնորհիւ Սուրիական Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին՝ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:

Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ տեղական եւ գաղութային լրատուամիջոցներ, ինչպէս՝ «Գանձասար», «Ռատիօ Երազ» եւ «Հայ Հորիզոն»:
Սոնա Ճարպիկեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031