Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եթէ Մոնթէ Մելքոնեանը ահաբեկիչ է, ապա զինք պարգեւատրած Հանրապետութիւնը ահաբեկչական պետութիւն պէտք է ըլլալ ըստ Ֆէյսպուքի տրամաբանութեան. Բաց նամակ նախարարներին

Դեկտեմբեր 14,2021 12:18

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանին
ՀՀ Արդարադատութեան Նախարար՝ Կարէն Անդրէասեանին
ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի Նախարար՝
Վահրամ Տումանեանին
ՀՀ Բարձր Տեխնոլոգիական, Արդիւնաբերութեան Նախարար՝
Վահագն Խաչատուրեանին

Յարգելի Տեարք,
Առ ի գիտութիւն Ձեզի, վերջերս Ֆէյսպուքի տնօրէնութիւնը ահաբեկիչ կը համարէ ՀՀ Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանը եւ առ այդ, կ՛արգելափակէ Մոնթէի մասին գրառումներ եւ կամ հերոսին նկարը հրապարակող Ֆէյսպուքի օգտատէրերուն էջերը կամ առնուազն՝ տուեալ նիւթը: Նոյնը կը պատահի այն բոլոր գրառումներու պարագային, որոնք կը վերաբերին Հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի զանազան հանգրուաններուն մէջ դեր ստանցնած ազատամարտիկներուն կամ անոնց պատկանած կազմակերպութիւններու անուններու նշումի պարագային:

Մեր կարծիքով, այս տնօրինումը առնուազն անյարգալից վերաբերմունք է Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որուն կառավարութեան անդամներն էք Դուք: Ահաբեկիչ նկատուող Մոնթէ Մելքոնեանը ՀՀ Ազգային Հերոս է ու պետական մակարդակով մեծ պարգեւներու արժանացած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ: Այլ խօսքով եթէ Մոնթէ Մելքոնեանը ահաբեկիչ է, ապա զինք պարգեւատրած Հանրապետութիւնը ահաբեկչական պետութիւն պէտք է ըլլալ ըստ Ֆէյսպուքի տրամաբանութեան…: Նոյնը կը վերաբերի առնչակից կազմակերպութիւններուն կամ ազատամարտիկներուն, որոնց հանդէպ պետական թէ ժողովրդային մակարդակով մեծ յարգանք կայ Հայաստանի մէջ:

Պարզ է, որ այս արշաւի յետին կան թշնամի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ըստ ոմանց՝ հայանուն դաւաճաններ:

Հիմնուելով, վերոյիշեալին վրայ, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութեան եւ աշխարհասփիւռ ընթերցողներուն ու բարեկամներուն անունով կը դիմեմ Ձեզի՝ իբրեւ նման հարց մը հետապնդելու գործելադաշտ եւ իրաւասութիւն ունեցող պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, որպէսզի Ձեր անմիջական հակադարձութիւնը ընէք՝ համապատասխան քայլեր առնելով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան մօտ սոյն անարդարութեան եւ կեղծիքին դէմ պայքարելու համար:

Մենք, վստահ ենք, որ ՀՀ կառավարութեան՝ պետական մակարդակով Ֆէյսպուքի տնօրէնութեան յղուած ընդամէնը մէկ նամակ այս հարցը միանգամ ընդմիշտ կը լուծէ:

Հետեւաբար մեր ակնկալութիւնն է, որ Դուք ի պաշտօնէ պիտի չզլանաք ազգային եւ բարոյական սոյն պարտականութեան մէջ՝ փորձելով ամէն բան ընել ազգային մեր արժէքներուն վրայ դրուած պիտակաւորումը վերացնելու համար:

Յարգելի նախարարներ,

Նշուած հարցով Ձեր գործնական միջամտութիւնը կենսական է: Սոյն հարցով ձեզմէ ակնկալուած քայլը՝ վստահ եղէք, որ անպայմանօրէն յօգուտ մեր պետութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պիտի ըլլայ:

Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր

Պէյրութ-Երեւան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031