Հայաստան-Արցախի դիմագրաւած ծանօթ տագնապներուն եւ անոնց դիմագրաւումին ուղղութեամբ առնուած քայլերուն հետեւող հայը պատճառներ ունի շուարումի մատնուելու: Ան մէկ կողմէ որոշ գոհունակութիւն կ’ապրի, իմանալով, որ ի վերջոյ, Ատրպէյճանի թշնամական եւ աղէտալի արարքներուն դէմ Հայաստանի որդեգրած հակաքայլերը սկսած են շօշափելի արդիւնք ցոյց տալ, սակայն միւս կողմէ, Երեւանի իշխանաւորներուն կարգ մը արտայայտութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ նոյն այդ իշխանաւորները կ’ապրին տարբեր բեւեռներու մէջ, բանիւ եւ գործով կը հակասեն իրենք զիրենք, եւ բացայայտ ձախաւերութիւններուն համար… իրենցմէ դուրս յանցաւորներ կը փնտռեն:
Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել մէկ կողմէ՝ Լա Հէյի (Հոլանտա) Միջազգային Ատեանին (Մ.Ա.Կ.ի միջազգային դատարանը) ուղղութեամբ որդեգրուած քայլերն ու Ատրպէյճանը ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու արդար ճիգերը, իսկ միւս կողմէ, Ատրպէյճանի կողմէ գերի բռնուած հայ զինուորներն ու պատանդները վարկաբեկելու իրականութիւնը…
Անկախ անկէ, թէ որքա՞ն լուրջ եւ գործնական արդիւնք կրնայ տալ, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բողոքը՝ կը կարօտի երկար քննարկումի եւ բազմապիսի մեկնաբանութիւններու: Անմիջականօրէն, չենք կրնար անտեսել, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներն ու մարդկային իրաւանց յանձնախումբերու ճամբով գործող հայորդիներ հետեւողական ձեւով գործի լծուեցան եւ պատրաստեցին հաստափոր թղթածրար մը, բացատրելու եւ բացայայտելու համար, որ Պաքու որքա՛ն դաժան եւ անմարդկային, մշակութակործան կացութիւն ստեղծած է ռազմաճակատներէն շատ հեռու, մինչեւ իսկ ընկերային, մշակութային եւ կրթական գետիններու վրայ: Բողոքի թղթածրարը ամբողջացուած էր քանի մը ամիս առաջ, պաշտօնապէս մեղադրելով Ալիեւի իշխանութիւնը, ի շարս շատ բաներու՝ ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային համաձայնագիրը չյարգելու եւ չկիրարկելու յանցանքով:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններով, Լա Հէյի դատարանին ներկայացուեցան բազմաթիւ փաստարկումներ, ապացոյցեր եւ տեսանիւթեր, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ սփռուած ու տարածուած էին նոյնինքն ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, այսինքն՝ գործուած աւերին ու ոճիրին խոստովանութիւնը եկած էր ազերիներէն:
Կարդացեք նաև
Արձանագրենք «մանր մանրամասնութիւն» մը: Ատրպէյճանի բանակը, նոյեմբերեան զինադուլէն ետք, Դեկտեմբեր 2020-ին Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն մօտ հայ զինուորներ գերեվարած էր եւ պարզ էր, թէ այդ երկու գիւղերը եւ շրջապատող տարածքը ներառուած չէին այն տարածքներուն մէջ, որոնցմէ հայկական զօրքերը պէտք էր հեռանային:
Սեպտեմբեր 16-ին, Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ներկայացուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի այս բողոքը, որուն պատասխանը շատ չուշացաւ եւ եկաւ քանի մը օր առաջ:
Եթէ լրջօրէն գործադրուին Լա Հէյի պարտադրած օրէնքները, յստակ է, թէ արցախեան պատերազմի ընթացքին կամ անոր պատճառով գերութեան մէջ յայտնուած անձերու անվտանգութիւնը պէտք է պաշտպանէ Պաքուն, յարգելով միջազգային օրէնքն կանոնները:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր աղաղակող փաստ է, որ քանդումներ ու սրբապղծումներ կը շարունակուին հայկական բռնագրաւեալ հողերուն վրայ: Եկեղեցիներ քանդուած են կամ այլափոխուած, կոթողներ քարուքանդ եղած են, սակայն միջազգային դատարանը կը բաւականանայ յստակօրէն շեշտելով, թէ Ատրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` կանխելու եւ պատժելու վայրագութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլ կոթողներու հանդէպ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում