Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հիւրընկալողն ալ հիւրընկալուողին չափ կ’օգտուի. Արցախ-Սիրիա կամուրջ

Դեկտեմբեր 10,2021 14:45

Գանձասար. Անցնող տասնամեակին պատերազմի պատճառով սուրիահայութիւնը որոշ չափով հեռու մնաց համահայկական նախաձեռնութիւններէն (բանակումներ, մրցումներ, փառատօներ եւ այլն…): Երբեմնի հիւրընկալ Սուրիան մնաց առանց հիւրերու, իսկ ժողովուրդին դէմքէն քիչ մը եւս պակսեցաւ ժպիտը: Եկան սերունդներ, որոնք զրկուած մնացին համահայկական բանակումներու տաքուկ մթնոլորտէն եւ նոր ընկերներ ունենալու հաճոյքէն: Արցախեան վերջին պատերազմէն սուրիահայութիւնը անմասն չմնաց, ան եւս մասնակցութիւն բերաւ պատերազմին եւ նահատակներ ունեցաւ:

Նկատի ունենալով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան եւ հայ պատանիին հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ ՍՊՄ-ի Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին հրաւէրով, Արցախէն ժամանեցին ՀՅԴ ԱԵՄ-ի ներկայացուցիչներ Վահագն Խաչատրեանն ու Բենօ Բաբայեանը, ծանօթանալու տեղւոյն կազմակերպական կեանքին ու գաղութի գործունէութեան:

Այս այցելութիւնները հոգեփոխութիւն մը ստեղծեցին գաղութէն ներս, մանաւանդ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն մօտ: Անոնք երկու շաբաթ արցախցի ընկերներուն հետ հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցուցին: Ընկերները Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան իւրաքանչիւր մասնաճիւղի գործունէութեան ներկայ եղան:

Անոնք հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան անդամներուն հետ, այցելեցին Ազգային կառոյցներ, եկեղեցիներ, մշակութային, բարեսիրական կեդրոններ,«Գանձասար» խմբագրատուն, տպարան «Արեւելք», Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ազգ. Միացեալ նախակրթարան, կրթասիրաց Ս. Չեմպէրճեան եւ Մխիթարեան վարժարաններ, շրջեցան Սուրիոյ պատմամշակութային վայրերով, ծանօթացան գաղութի կազմակերպական կեանքին, հալեպահայութեան բարքերուն եւ սովորութիւններուն: Անոնք այցելեցին նաեւ Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ, ուր նոյնպէս հանդիպում ունեցան ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Իրենց այցելութիւններու ընթացքին լոյս սփռեցին Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին մութ մնացած կէտերուն վրայ եւ յստակօրէն պարզեցին ներկայ կացութիւնը:

Ողջունելի են նման նախաձեռնութիւնները այն առումով որ հիւրընկալողն ալ հիւրընկալուողին չափ կ’օգտուի: Այցելութիւններուն հիմնական նպատակը ոչ միայն Սուրիոյ կազմակերպական կեանքը ծանօթացնելն էր ընկերներուն, այլ նաեւ անոնց փորձառութենէն օգտուիլն ու արցախեան իրականութեան մօտէն ծանօթանալն էր:

Անբացատրելի էր պատանիներուն խանդավառութիւնը: Անոնք երկու շաբաթ ապրեցան Արցախով, ընկերներուն միջոցաւ կարծես իրենց կարօտը առին Արցախէն, հարցուցին արցախցի իրենց տարեկիցներուն մասին, ողջոյններ եւ նամակներ ուղարկեցին անոնց:
Ընկերները իրենց այցելութեամբ յոյս ներշնչեցին սուրիահայութեան շեշտելով, որ արցախցին ամուր կանգնած է իր հայրենի հողին վրայ եւ տրամադիր չէ նոյնիսկ մէկ սմ. հող զիջելու թշնամիին:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031