Սահմանազատումն ու սահմանագծումը հիմնականին մէջ լռելեայն ներառուած են դարձեալ ապաշրջափակման կէտին տակ: Մինչ ապաշրջափակում յղացքին մէջ Երեւանը հաղորդակցութեան ճանապարհներուն մասին կը խօսի, թուրքեւազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ յանկերգել միջանցքը:
Սոչիի յայտարարութեան մէջ միջանցք բառը չկայ, սակայն Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը իր բանաւոր յայտարարութիւններուն մէջ կ՛օգտագործէ այդ բառը: Անշուշտ միջանցք թէ ճանապարհ Մոսկուան այդ հատուածի անվտանգութիւնը կ՛ընկալէ բացառապէս իր վերահսկողութեան տակ: Եւ այստեղ տարածքային թէ արտատարածքային կարգավիճակը երկրորդական կը դառնայ. ճանապարհը կամ միջանցքը կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական գերիշխանութեան տակ, սական ըստ էութեան` ռուսական զօրքերու վերահսկողութեամբ: Լուծման այս բանալին կ՛երեւի նաեւ յայտարարութեան մէջ:
Այսպէս. յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ ռուսական խաղաղապահ համակազմի կարեւոր ներդրումը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ եւ կը շեշտէ, թէ կողմերը պայմանաւորուած են քայլերու ձեռնարկել. անմիջապէս ետք կը խօսի սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնախումբի ստեղծման մասին` Ռուսիոյ դաշնութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:
Հայկական կողմի առարկութիւնը, թէ Ազրպէյճան ներխուժած է հայաստանեան տարածք, բաւարար չէր: Միայն այդ առարկութիւնը գերադասելով` ըստ էութեան արդէն հայկական կողմը ներքաշուած է հակամարտութեան բնոյթը Արցախ-Ազրպէյճանէն լիովին Հայաստան-Ազրպէյճան հիմնախնդիրի վերափոխող ծուղակին: Արցախի մասին խօսք չկայ:
Կարդացեք նաև
Հայկական կողմը չէ յաջողած յայտարարութեան բնագիրին մէջ ներառել հետեւեալ կէտերը.
– Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեան կէտերու իրականացման հրամայական. յատկապէս 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու:
– Գաղթականներու վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ (թէկուզ իւրաքանչիւր կողմ գաղթականներու վերադարձի իր պատկերացումը ունենայ):
– Ռազմագերիներու, սպաննուած անձերու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձ:
– Կարգավիճակի խնդիրի տարանջատում սահմանազատման գործընթացէն:
Եւ ապա միայն`
– Որեւէ գործընթացի սկսելէ առաջ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացում հայաստանեան տարածքներէ:
Այս բոլորը շրջանցող յայտարարութեամբ արդէն կ՛անցնինք սահմանազատման եւ ապաշրջափակման օրակարգերուն:
Հայկական կողմէն ակնկալելի պահանջները որեւէ նոր տարր չեն պարփակեր իրենց մէջ: Պարզապէս նաեւ ռուսական մասնակցութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը պիտի արծարծէին: Իսկ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն միջազգայնօրէն ընդունելի նախապայման կրնար դիտարկուիլ որեւէ նոր համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: