«Ազատ օր». Հաղորդած էինք, թէ յունահայութեան անմիջական հակազդեցութեան շնորհիւ, կասեցուած էր Ատրպէյճանի կողմէ հակահայ քարոզչական սադրանքներու արշաւը Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ, որոնք ցոյց կու տային բռնագրուած Շուշին որպէս ատրպէյճանական քաղաք։
Դժբախտաբար, հակառակ մեր անմիջական միջամտութեան եւ նոյնիսկ յոյն ժողովուրդին ու պաշտօնական շրջանակներուն մէջ յառաջացած ընդվզումին, այս անգամ քարոզչական նոր սադրանք մը երեւան ելաւ Թեսաղոնիկէի Սթաւրուփոլի քաղաքապետութեան հանրակառքերու կանգառի մը վրայ, ուր տեղադրուած էր նոր նկար մը, որուն մէջ կ՚երեւի Լաչինի ճամբան եւ յունարէն ու ատրպէյճաներէն լեզուներով արձանագրուած է «Լաչին, դէպի Շուշի-Ատրպէյճան տանող ճամբան»։
Այս անգամ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամները գտնուեցան կանգառի վայրը եւ նկարը պատեցին Արցախի «Պապիկին ու Մամիկին» յուշարձանի նկարներով ու Երիտ. Միութեան զինանշանով։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազատ օր» օրաթերթում: