Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր ձեռնառումբ նետած են Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Ճարապլոս քաղաքին «Հալուանճի» գիւղին վրայ, որուն հետեւանքով երկու երեխայ զոհուած է։ Աղբիւրը աւելցուց, որ Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, թրքական ուժեր ականապատուած ինքնաշարժ մը պայթեցուցած են Հալէպի արուարձան Մունպուճ քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով երկու կին եւ երկու երեխայ զոհուած են։
ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ «ՕՄԵՔՐՈՆ» ՏԱՐԲԵՐԱԿԷՆ»
«Գանձասար»