Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ատրպէյճան յստակ է, որ Լաչինի միջանցքին դէմ Զանգեզուրի միջանցք կը պահանջէ. Ռուսիա ասիկա արդէն իսկ քաղաքական խաղաքարտի վերածած է. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 27,2021 09:25

Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ ցամաքային կապ ըլլալու կոչուած մայրուղին եւ երկաթուղին, որ ատրպէյճանցիները կը շարունակեն Զանգեզուրի միջանցք կոչել, այլ խնդիր մըն է, որ կարիքը ունի ճիշդ լուծման։ Պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամէնէն շատ քննարկուող թեմաներէն մին ըլլալով, Պաքու կը պնդէ, որ ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտով ամրագրուած է Զանգեզուրի միջանցքին ստեղծման մտադրութիւնը, որովհետեւ գործածուած է «անարգել երթեւեկութիւն» եզրը։ Ասիկա, ըստ ատրպէյճանցիներուն, կարելի է միայն ապահովել միջանցքով մը։ Պաշտօնական Երեւան, իր կարգին, կը մերժէ միջանցքի տրամաբանութիւնը, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարկ եղած պարագային ուժով լուծել միջանցքի հարցը։

Ատրպէյճանցիք կը պահանջեն ինքնիշխան միջանցք մը, որ պիտի անցնի Մեղրիէն, Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրարու կապելով։ Այս «միջանցք»-էն պէտք է անցնին թրքական եւ ատրպէյճանական բեռնատարները եւ ցամաքային տարբեր փոխադրամիջոցները՝ առանց քննութեան եւ ստուգումներու։ Ատրպէյճանցիներուն համաձայն, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ նշուած «անարգել երթեւեկութիւն» եզրը այս տրամաբանութիւնը ունի եւ ստեղծուելիք միջանցքը պէտք է դրուի ռուսական սահմանապահ ուժերուն ամբողջական հսկողութեան տակ։ Սակայն նման միջանցք խնդիրներ կրնայ յառաջացնել Հայաստան- Իրան սահմանային կապին համար։Իրանէն Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռներու փոխադրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։ Հայեւիրանեան ցամաքային կապը այս միջանցքը կտրելո՞վ պիտի ապահովուի, թէ՞ այլ լուծումներ պիտի բերուին։ Խնդիրը բաւական խճճուած է եւ հայկական կողմին համար իսկական վտանգներ կը պարունակէ։

Պէտք է նաեւ նշել, որ Ռուսիա- Հայաստան- Ատրպէյճան Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ կէտն ալ անորոշ վիճակ մը ունի։Կողմերուն միջեւ համաձայնաբար, յառաջիկայ երեք տարիներուն պիտի որոշուի Հայաստանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ցամաքային կապ ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր մայրուղիին կառուցման ծրագիրը,որուն գործադրութենէն ետք ռուսական խաղաղապահ ուժերը վերաբաշխում պիտի կատարեն եւ մայրուղին իրենց հսկողութեան տակ պիտի առնեն։ Կառուցուելիք մայրուղին, ըստ ատրպէյճանական քաղաքական շրջանակներու, չ՛իրականանար, որովհետեւ անոր կառուցումը չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն։ Ռուսերը ներկայիս հակակշիռ հաստատած են արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Լաչինի միջանցքին վրայ եւ համաձայն չեն այլընտրանքային մայրուղիի մը, թէեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյնիսկ յայտարարած է, որ այլընտրանքային մայրուղին կրնան շատ աւելի շուտ կառուցել։
Ատրպէյճան յստակ է, որ Լաչինի միջանցքին դէմ Զանգեզուրի միջանցք կը պահանջէ։ Ռուսիա ասիկա արդէն իսկ քաղաքական խաղաքարտի վերածած է։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930