Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս 40 տարի բանտարկուած մնալէ ետք վերջերս ազատ արձակուած եւ Հայաստան հաստատուած Համբիկ Սասունեան 17 Նոյեմբերին այցելեց կազմակերպութեան Երեւանի կեդրոնատեղին, միանալով հիմնարկի նուիրատուներու փաղանգին։
Համբիկ Սասունեանը դիմաւորեցին Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան եւ բժշկական հարցերու վարիչ Միհրան Նազարէթեան, որոնք Սասունեանին տեղեկութիւններ փոխանցեցին հիմնարկի աշխարհատարած աշխատանքներուն մասին։
Համբիկ Սասունեան դրուատեց հիմնարկին աշխատանքը եւ յայտնեց, թէ հպարտ է, որ մաս կը կազմէ անոր ջանքերուն, որոնց շնորհիւ կարելի է կեանքեր փրկել։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում