Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բոլորս, անվերապահօրէն, թիկունք տանք մեր Հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին

Նոյեմբեր 19,2021 22:20

Ատրպէյճանի սանձարձակ լկտիութեամբ  գործած վերջին յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ եւ նման վայրագ նկրտումներ կը վտանգեն մեր ժողովուրդի գոյութիւնն անգամ։ Որովհետեւ այսօրինակ սահմանային առճակատումները յստակ ապացոյցներն են Ատրպէյճանա-Թուրքական տարածաշրջանային քաղաքականութեան, որ հետեւողականօրէն կը միտի խաղաղութեան ընթացիկ օրակարգերը խզել կամ ճեղքել, ինչպէս նաեւ՝ աւելի արմատաւորել մեր ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող բեւեռայնութիւնն ու բազմակարծութիւնը։

Առ այդ, առաջին հերթին՝

կտրականապէս կը հաստատենք թէ պէտք է, աներկբայօրէն, ապահովուին մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:

լիայոյս ենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը յարգէ դաշնագրային եւ դաշնակցային իր պարտաւորութիւնները եւ կարգի կը հրաւիրէ անարգօրէն նախայարձակ Ատրպէյճանը անհրաժեշտ դիւանագիտական միջոցներով եւ ի հարկին՝ ռազմական քայլերով: Ալապէս՝ հրամայական է որ ապաւինինք այլընտրանքներու։

կոչ կ’ուղղենք միջազգային համայն հանրութեան որպէսզի ազդու կերպով դատապարտէ Ատրպէյճանի գործած թշնամական գրոհը, միաժամանակ պահանջելով բոլոր գերիներու տուն վերադարձը։

Անյապաղ կերպով եւ առանց որեւէ այլեւայլի Ատրպէյճանը դուրս պէտք է քաշուի հայկական բոլոր հողերէն։

Համավարակի այս տագնապալի օրերուն, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կոչ կ’ընէ խուսափելու բախումներէ, Ատրպէյճանի աններելի յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն վրայ պէտք է դատապարտուի իբրեւ միջազգային յանցագործութիւն։

Միաժամանակ կոչ կ’ընենք, ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի ամրապնդման, պատերազմական նոր զարգացումներու սպառնացող վտանգին դէմ յանդիման, շրջանցել ներքին բոլոր տարակարծութիւններն ու վերապահութիւնները, եւ վերջ տալ թէ՛ չափազանցեալ վերագրումներուն թէ ալ անտեղի վարկաբեկումներուն։ Աւելի քան երբեւէ, անհրաժեշտ է համախմբուիլ ազգային գոյութենական շահերու շուրջ, մէկ բռունցքով պաշտպանուելու համար մեր թշնամիներու ռազմական, վայրենի, յարաճուն ախորժակներուն դէմ, որոնք ո՛չ միայն Հայաստանի նկատմամբ, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ են։

Զուգահեռաբար, մեր առաւելագոյն աջակցութիւնն եւ անվերապահ զօրակցութիւնը պարտինք տալ հերոսական մեր բանակին։

Մասնաւորապէս, հայրենիքի սահմաններէն հեռու, Սփիւռքի հայութեան գրաւականն է աննկուն  կազմակերպուածութիւնը, պայքարելու միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ, պաշտպանելու համար Հայրենի մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու Հայրենիքի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, իրաւական եւ բոլոր այլ հիմունքներով։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը,  յետպատերազմեան այս փուլին, կը թեւակոխէ իր պատմութեան ամէնէն շրջադարձային եւ զգայուն ժամանակահատուածը, եւ առ այդ, Սփիւռքի հիմնական աշխատանքային օրակարգերը պէտք է կիրարկուին նպատակային ուղերձներով, գործեն ընդհանուր եւ համահունչ եղող կառոյցներով, հասնելու՝ մեր Հայրենիքի համար արդիւնաւէտ եւ բարենպաստ լաւագոյն արդիւնքներուն։

Բոլոր ժամանակներէ աւելի, Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ոյժին մէջն է:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930