Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի
Լրատուամիջոցներէն տեղեակ էք, որ Երեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2021ի յետմիջօրէի ժամը 1ին (տեղական ժամանակով), Ատրպէյճանը նոր յարձակում շղթայազերծեց Հայաստանի դէմ, Սիւնիքի հատուածէն ներս։ Բախումները դադրեցան երեկոյեան 6։30ին, ռուսական միջնորդութեամբ։ Հայկական բանակը ունի նահատակներ եւ նոր գերիներ։ Թշնամին եւս ունի սպաննուածներ, սակայն դժբախտաբար, գրաւած է ՀՀ հողամասերէն 41 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։
Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ատրպեճանական այս նոր ոտնձգութիւնը գերիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։
Իրականութիւնը այն է նաեւ, որ հայկական կողմի նոյնիսկ պաշտօնական լուրերուն մէջ իրարամերժ թիւեր տրուեցան։ Կատարեալ անիշխանութիւն է տեղեկատուական բնագաւառէն ներս, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այս իշխանութիւններուն ապիկար դէմքը։
Կարդացեք նաև
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ահաւասիկ տարիէ մը ի վեր կը պահանջէր վարչապետի պաշտօնին տիրացած անձին հրաժարականը՝ որպէսզի կարելի ըլլար երկիրը նորանոր աղէտներէ փրկել։ Դժբախտաբար, մեր նախատեսութիւնները կ՚իրականանան գրեթէ ամէն օր եւ 16 Նոյեմբերի վտանգաւոր զարգացումը ատոնց նորագոյն ապացոյցն է։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտյան Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ՚ուղղէ բոլորին՝
1) Միշտ ըլլալ զգօն ու պատրաստ՝ ամէն զարգացումի:
2) Ուղղութիւններու եւ յայտարարութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէներուն, https://www.facebook.com/ARF.Western.USA/,
3) Իրերու այս դրութեան մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի Կեդրոնական յանձնախումբը (ANCA) Քոնկրէսէն ներս դիմած է օրէնսդրական քայլերու, սահմանափակելու-արգելակելու համար մեր թշնամի Ատրպէյճանի տրուելիք զինուորական ու այլ կարգի օժանդակութիւնները։
Այս ուղղութեամբ, իւրաքանչիւր ամերիկաբնակ Հայ պարտի հրատապ կարգով քայլ առնել, հետեւիլ ANCA-ի Action Alert-ներուն, որ կը կցենք այս յայտարարութեան։
Իւրաքանչյուր ամերիկաբնակ Հայ միշտ պէտք է մնայ պատրաստ եւ զգօն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը գործ ունի ընելիք՝ ի խնդիր Հայաստանի պաշտպանութեան։ Գործի պահն է:
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Լոս Անճելըս
17 Նոյեմբեր 2021