Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Արցախի մեծ մասին կորուստէն ետք Հայաստանի համար խաղաղութեան դարաշրջան չէ բացուած, այլ համաթուրանական ծրագիրներուն հետապնդումը յառաջ կ’ընթանայ. «Գանձասար»

Նոյեմբեր 18,2021 09:30

Հայաստանի եւ թուրք-ազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ, 16 Նոյեմբեր 2021-ը պիտի արձանագրուի իբրեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին մեծ, ամէնէն մտահոգիչ բախումը, որ այլապէս կրնայ նախաճաշակ մը տալ, թէ ցնորական խաղաղասիրութիւն հետապնդող Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ինչպիս՛ նոր պատուհասներ կրնայ բերել Հայաստանի գլխուն, նաեւ քանի մը աստիճան աւելի՛ շեշտել այն, որ Արցախի մեծ մասին (այսինքն՝ պաշտպանողական վահանին) կորուստէն ետք, Հայաստանի համար խաղաղութեան դարաշրջան չէ բացուած, այլ համաթուրանական ծրագիրներուն հետապնդումը յառաջ կ’ընթանայ ի նեճուկս մեր Սիւնիքին, Հայաստանին: Մէկ խօսքով, ճգնաժամերը չեն փարատած, այլ նոր անդունդներ «կը նուաճեն»:

***

Երեքշաբթիի բախումները փաստեցին կարեւոր բան մը. երբ Հայաստան կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան իր անվիճելի իրաւունքին, զինու ուժով կը հակադարձէ թշնամիին յարձակողականին եւ կը խորտակէ բանակայիններ ու զրահապատներ, սա չի նշանակեր, թէ անմիջապէս լայնածիր պատերազմ մը պիտի պայթի (կարելի չէ արհամարհել յարձակումներու կրկնութեան հաւանականութիւնը): Աւելին, սա գործնապէս ապացուցեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է դուրս գայ ինքնախաբէութեան, ժողովուրդը պատրանքներով սնուցանելու ընթացքէն, թափ տայ, մէկ կողմէ՝ բանակի սպառազինման, սահմանային դիրքերու ամրացման (դէպքերը ցոյց տուին թէ տարիէ մը ի վեր պէտք եղած հոգածութիւնը չէ ցուցաբերուած. հաւանաբար բանակայինները դադրած են… ելակով սնուցուելէ), իսկ միւս կողէ, ճիշդ ձեւով եւ լիարժէքօրէն գործածէ քաղաքական-դիւանագիտական իր լծակները, որքան ալ որ անոնք, ի՛ր իսկ ձախաւեր վարմունքներով, տարած է սնանկութեան սեմին: Ճիշդ է, նոյնինքն Անվտանգութեան խորհուրդի վարիչը փութաց հանդիպումներ ունենալու Բրիտանիոյ եւ Իրանի դեսպաններուն հետ, ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակէն Ազրպէյճանի դէմ արտայայտութիւններ արձակուեցան, բայց յստակօրէն չտեսնուեցաւ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը անհրաժեշտ հզօրութեամբ եւ ծաւալով գործի անցած է, գործի լծելով դեսպաններ ու պետական այլ լծակներ:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» պարբերականում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930