Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ պատառ-պատառ զիչելով, այս իշխանաւորները ո՞ւր կ’ուզեն հասցնել մեր հայրենիքը. «Եռագույն»

Նոյեմբեր 17,2021 11:34

«Եռագույն». Բռնագրաւուած եւ այլընտրանքային ճամբաներուն պատկերը.  1. Գորիս, 2. Տաթեւ, 3. Աղաւնի, 4. Մայր ճամբան, որուն աւելի քան 25 քլմ. հատուածը պաշտօնապէս իբրեւ նորագոյն նուէր տրուեցաւ ազերիներուն:

Պահ մը կանգ առնենք եւ դիտենք վերի քարտէսը: Պարզ աչքով ալ կարելի է տեսնել, թէ ինչպիսի՜ սուր դաձուածքներ կան Գորիսէն Տաթեւ եւ անկէ անդին տանող «այլընտրանքային ճամուն» վրայ: Սա զբօսաշրջիկներ ներգրաւող ճամբայ մը պիտի չըլլայ, այլ մարդոց երթեւեկին եւ Իրան գացող-եկող բեռնատարներու ճամբան:

Ծանրացող կացութեան եւ նոր ողբերգութիւններու պատմութիւնը հետզհետէ կ’երկարի. անիմաստ է բոլորը արձանագրել: Կիսովին կամ բոլորովին պաշարման տակ ինկող (հետեւաբար հայաթափուելու վտանգին ենթակայ) գիւղերը հասնելու համար ալ, արդէն կ’առաջարկուին կողմնակի, դժուար անցանելի ճամբաներ:

Ի լուր «այլընտրանքային ճամբաներու» մասին իշխանաւորներու քարոզչութեան, կարելի չէ չյիշել Ֆրանսայի տխրահռչակ եւ իրականութիւններէ խզուած թագուհին՝ Մարի-Անթուանէթը, որ անօթի ցուցարարներուն կը յանձնարարէր «այլընտրանք» մը. «Կարկանդա՛կ կերէք», այն տարբերութեամբ, որ կարկանդակը հացէն նախապատիւ է, իսկ Սիւնիքի այլընտրանքային ճամբաները, վարորդներու իսկ բնութագրումով, ձմեռը կրնան դժոխքի վերածուիլ երթեւեկողներուն համար (դժոխք՝ ձիւներո՞ւ մէջ…):

…Փաշինեանական իշխանութեան քարոզած՝ սահմանագծման եւ սահմանազատման դառն նախաճաշակն են այս բոլորը: Չմոռնանք (եւ միտք պահենք), որ վաղը, երբ քննարկումը տարածուի արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն շուրջ, եւ ազերիները դարձեալ իրենց հրաշագործ «Ճի. Փի. Էս.»-ին դիմեն եւ «ազերիապատկան» կղզեակները իւրացնեն, ինչպէս ըրին Գորիս-Կապան ճամբուն ծանօթ հատուածին պարագային, նոյն վարչապետն ու «երգչախումբը» պիտի յանկերգեն. «Է՞, ի՞նչ ընենք. լիճի մը մասնիկին, ճամբու մը հատուածին, այս կամ այն հողաշերտին, գիւղի մը կիսուն կամ գիւղացիի մը ոչխարի հօտին համար կ’ուզէք որ պատերա՞զմ հռչակենք»… Եւ անշուշտ պիտի չմոռնան յանկերգին միւս տողերը, թէ այս բոլորը «հիներուն ըրածն է», «եթէ հիները վերադառնան, պատերազմ պիտի ըլլայ»: Կարծէք թէ նահանջին եւ անհիմն խաղաղասիրութեան միակ այլընտրանքը պատերազմը ըլլար:

Եւ մարդիկ կը մոռնան, թէ «հիները», իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ, 1994-էն ետք միայն մէկ անգամ, 2016-ին ստիպուեցան պատերազմի դաշտ նետուիլ, այն ալ յաղթանակով (նուազագոյն վնասով) աւարտել, մինչդեռ մնացեալ տարիներուն, գէշ – աղէկ օգտագործած էին պետական այլ ընտրանքներ՝ դիւանագիտութիւն, քաղաքական խաղեր, ինքնապաշտպանական խիզախումներ եւ այլն (սա նախկիններուն ջատագովումը պէտք չէ համարել, այլ հաստատում մը կ’ընենք՝ պարզ իրականութիւնները յիշելով):

Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ պատառ-պատառ զիչելով, այս իշխանաւորները ո՞ւր կ’ուզեն հասցնել մեր հայրենիքը, պետութիւնը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930