Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ո՞վ է այս անփառունակ նահանջի պատասխանատուն: Նախ՝ մենք, եւ մենքը՝ այն իշխանութիւնն է որ նստած է ղեկին. «Եռագույն»

Նոյեմբեր 17,2021 09:00

Հայաստանի մամուլին եթէ հետեւիք, արդէն պարտուածի եւ սփիւռք-աքսորի պատճառած հոգեկան ընկճուածութիւնը ամէն օր կ’աւելնայ:

Հրազէններով հայեր կը կրակեն իրարու վրայ, ասդին-անդին տեւաբար խարդախութիւններ եւ իւրացումներ կը կատարուին:

Անձնասպանութեան լուրեր, կամուրջէն նետուողներ: Սպանութիւններ: Եւ ինքնաշարժերու վթարներ եւ անոնց հետեւանքով մահեր:

Համալսարանի տնօրէնը կ’որոշէ ինք իր եւ իր վարորդի աշխատավարձը կրկնապատկել: Աւագ դպրոցի մը տնօրէնի պաշտօնին թեկնածու կը ներկայացուի պետական այս կամ գլխաւոր պատասխանատուի քոյրը կամ ընկեր բարեկամը, հակառակ ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան մերժումին (դասադուլ եւ գործադուլ):

Այս կամ այն պետական պաշտօնին կը նշանակուին պետական աւագանիի այս կամ այն անդամին քենին, աներձագը, կնոջ ընկերուհին:

Ամէն օր արուեստագէտներ, գրողներ, ակադեմիկոսներ, լրագրողներ, քաղաքացիներ, իշխանութիւն կը քննադատեն: Կ’ըսուի, որ նախկիններու քննադատուած կոռուպցիան կը շարունակուի:

44-օրեայ պատերազմի պարտութեան ծալքերը կը բացուին, կը նշուին կոռուպցիա, հաղորդակցութեան եւ համակարգումի ծանրակշիռ թերացումներ:

Գաղտնիք չեն պետական պաշտօնեաներու եւ ոստիկանութեան ծառայողներու աշխատավարձերու թռիչքային յաւելումները:

Ամէն օր կը խօսուի գիներու աճի մասին: Ուրեմն քաղաքացին գիտէ երկրի եւ իր աննախանձելի վիճակը:

Հաւանօրէն անկարողութեան զգացումով եւ յուսահատութեամբ, քաղաքացին կ’արտագաղթէ: Հայաստանցիներով ստեղծուած նոր սփիւռքի անհատական եւ հաւաքական կացութիւններու գնահատականը դեռ ոչ ոք ըրաւ:

Հայաստանի սահմաններէն ներս գտնուող ճանապարհներու վրայ անցակէտեր կը հաստատէ թշնամին… եւ տուրք կը գանձէ: Իշխանութիւնը մեղսակից է կամ անզօր հանդիսատես:

Յանձնուած բարձունքներու վրայ հաստատուած թշնամին կը կրակէ քաղաքացիներու վրայ, մարդիկ կը մեռնին:

Թշնամին կը կրակէ հայկական սահմանին վրայ կանգնած հայ զոնուորին վրայ: Զինուորներ կը մեռնին:

Ցոյցեր կը կատարուին եւ ոստիկանութիւնը ձերբակալութիւններով կը պատասխանէ:

Դիտեցէ՛ք Հայաստանի հեռատեսիլը: Կարդացէ՛ք Հայաստանի թերթերը: Յիշուած բոլոր պարագաները նախկինններուն գործերը չեն, ընդդիմութեան յերիւրանք չեն: Այս իրադարձութիւնները եւ լուրերը թշնամիներու կամ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հակատեղակատուութիւն, ինչպէս կ’ըսուի՝ ֆէյք նիուզ չեն:

Կարելի է քննադատել նախկիններու թերացումները, սխալները:

Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, թէ որքա՞ն դատական հարցերու թիւը: Ի՞նչ է թիւը անբաղձալի համարուած դատաւորներու: Քաղաքական իշխանութիւնը կարծէք ինք դարձած է դատական ատեան եւ կը թելադրէ վճիռներ կայացնել ըստ իր հայեցողութեան:

Հեռատեսիլը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ոստիկանական ջոկատները բրտութեամբ ցուցարարները կը դիզեն ոստիկանական յատուկ բեռնատարներու մէջ եւ կ’իջեցնեն անոնց երկաթեայ վարագոյրը:

Բայց քննադատութիւնը կրնա՞յ կուրացման պատճառ ըլլալ եւ վարագուրել ներկան: Չտեսնել պարտութեան հետեւանքները, ոստիկանական վարչաձեւի ստեղծումը, հին-նոր սակաւապետութեան (օլիգարխիայի) տիրապետութեան հաստատումը:

Նախկիննե՞րն են մեղաւոր, եթէ այսօր բոլոր բացասականութիւնները եւ հին մեղքերը կը տեւեն նոր դէմքերով:

Ինչպէ՞ս հարց չտալ, թէ ա՞յս պիտի ըլլար հետեւանքը «թաւշեայ յեղափոխութեան»: Դատափետուած նախկինները հայրենիք կայունացուցած էին, չէին պարտուած, պատճառ չէին եղած տարերային արտագաղթի:

Ի տես եւ ի լուր այս կացութեան, զգացական հայրենասէր սփիւռքահայը կրնա՞յ յոռետես չըլլալ:

Ինչպէ՞ս բացատրել, որ Հայաստանի մէջ այսօր կը զարգանայ եւ կ’ամրանայ այն տեսակէտը, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ պէտք է կնքէ Միութենական Միութիւն, այսինքն՝ դադրի ըլլալէ անկախ երկիր:

Ո՞վ է այս անփառունակ նահանջի պատասխանատուն: Նախ՝ մենք, եւ մենքը՝ այն իշխանութիւնն է որ նստած է ղեկին:

Իսկ երբ ժողովուրդ մը կը խրի լաւ ապրելու իրաւունք նուաճելու թմբիրին մէջ, կը տառապի հաւկուրութենէ, եզրակացնելով՝ որ նախկինները վատ էին, հետեւաբար՝ նորերը լաւ… Այս ապաքաղականացման յոռեգոյն ձեւն է, ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ սփիւռքներ:

Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի ներկան, մեղմ ասած, փայլուն չէ:

Ընկճուած զանգուածները, ինչպէս միշտ, կամ պիտի լքեն ճակատը եւ պանդխտանան, կամ գլուխ ծռելով պիտի սպասեն, որ հրաշք մարդ մը, հէքիաթի նախախնամական հերոս մը գայ, եւ իրենց համար շագանակները հանէ կրակէն, որպէսզի իրենց ձեռքերը չայրին:

Եւ եթէ հէքիաթի հերոսը չգայ…

Հայաստանէն մաս առ մաս կը պոկուին հողեր եւ կ’ըլլան Էյվազլի ու Չայզամի, մենք ալ կը մոռնանք հայերէն անուանումները եւ կը կորսնցնենք տէր ըլլալու գիտակցութիւնը: Կ’ըլլանք անկամ եւ անզօր հանդիսատես:

Յ. Պալեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930