Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Հայ Ապրինք»

Նոյեմբեր 13,2021 15:41

Մատլեն Գարայակոբեանը ծնած է Թուրքիա: 1980 թուականին եկած է Ժընեւ, Զուիցերիա: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ինչո՞ւ ձգեց Թուրքիան, ան  պատասխանեց. «Աւելի լաւ կեանք մը ունենալու համար»:

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ յաճախ կը հանդիպիմ եւ կը լսեմ այս արտայայտութիւնները: Հայը կ՛ուզէ աւելի լաւ կեանք: Թէեւ ան իր ծննդավայրը կը լքէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու ապահովական պատճառներով, բայց նոյնքան նաեւ` անձնական ու ընտանեկան: Աւելի լաւ կեանքի իտէալը մարդուն, բայց նաեւ հայուն փնտռածն է ամէնուրեք:

Հոկտեմբեր 2021: Այս անգամ Զուիցերիա այցելութեանս մէջ կար այլ նորութիւն մը` հայկական իմաստով: Ժընեւի Լոզան փողոցի երկայնքին, բանուկ ու խճողուած շրջանի մը մէջ, երկաթուղիի կայարանէն ոչ շատ հեռու եւ կեդրոնական մասին մէջ բացուած է հայկական գրախանութ-կեդրոն մը` 10 սեպտեմբեր 2021-ին: Անունը` «Հայաստան` մշակոյթ եւ բոյր» (Armenie Culture et Saveurs): Եւ իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանը մշակոյթ է, որ բոյր է եւ կը բուրէ նախ ինքն իրեն, իր շրջապատին, ապա նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար:

Մատլեն Գարայակոբեանն ու Մարիա Մկոյեանը երկու նուիրեալ հայուհիներ են, որոնք ստանձնած են այս գրախանութ-կեդրոնը բանեցնելու ծառայութիւնը: Ծառայութիւն, որովհետեւ, ինչպէս Մատլենը ըսաւ, «այս մեր տունն է»: Հայուն տունը, զոր անոնք կ՛ուզեն ներկայացնել նաեւ տեղացի ու օտար հասարակութեան:

Գրախանութ-կեդրոնին մէջ կան գիրքեր` հայուն մշակոյթին եւ պատմութեան մասին, բայց նաեւ` հայկական երաժշտութեան խտասալիկներ, յուշանուէրներ, հայկական քոնեաք, գինի ու ուտելիք: Հայկական տուն մը, ուր հայուն ամբողջական մշակոյթը կը ներկայացուի: «Կ՛ուզենք, որ հայերը այս կեդրոնը իրենց տունը համարեն,  իսկ ոչ հայերն ալ ճանչնան մեր ինքնութիւնը», ըսաւ Մատլեն:

Մարիա Մկոյեան կու գայ Հայաստանէն: Երաժշտութիւն ուսանած է Երեւանի մէջ եւ ատեն մը Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի օփերային մէջ երգած է, ունի երկու զաւակ: «Ամէն հայ ինքն իր ընտանիքին մէջ պէտք է ազգային ինքնութիւնը պահէ», կը հաւատայ ան: «Ես Ֆրանսայի մէջ այդ փորձեցի ընել»: Այս նոյն գիտակցութեամբ Մարիա կ՛ուզէ իր ժամանակը տալ հայ մշակոյթին, զոր պահած է իր ընտանիքի մէջ` զայն նաեւ հանրութեան ծանօթացնելու` այս կեդրոնին միջոցով: Կը զրուցէի  հայուհիի մը հետ, որ հայ մշակոյթը դարձուցած է իր կեանքին հիմքը: Մասնագիտացած մշակոյթի մէկ գեղեցիկ «երանգներէն»` երաժշտութեան մէջ, արդէն իսկ ան իր գիտութիւնն ու տաղանդը կը բաժնեկցի  հասարակութեան հետ:

Զուիցերիոյ մէջ կը գործէ «Յակոբ Թոփալեան հիմնադրամ»-ը: Յակոբ Թոփալեան ծնած է Անգլիա, 1897-ին: Ծնողքը եկած են Արեւմտահայաստանէն: Տեղափոխուած է նախ Եգիպտոս, ապա Իտալիա:  1960-ական տարիներուն անոր նուիրատուութեամբ կառուցուած է Ժընեւի Հայ առաքելական եկեղեցին, որ կոչուած է Սուրբ Յակոբ: Ան 1985-ին հիմնած է «Թոփալեան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է հայ մշակոյթը, լեզուն եւ գրականութիւնը վառ պահել: Անոր կեանքին կարգախօսը եղած է` «Հայ ապրինք»: Յակոբ ոչ մէկ ճիգ խնայած է, որպէսզի իր կեանքի հաւատամքը դառնայ ապրող իրականութիւն: Իսկ ապրող իրականութի՞ւնը` հայը, որ ապրեցաւ, կ՛ապրի ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր մշակոյթով: Պատմութեան փորձառութիւնը ա՛յս ցոյց տուած է, ուստի այդ ալ պէտք է պահպանուի:

Այս գրախանութ-կեդրոնը հիմնուած է «Թոփալեան» հիմնադրամին միջոցով:

1995-ին հիմնադրամը նաեւ հիմնած է միօրեայ դպրոց, որպէսզի հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն հայերէն սորվեցնէ` արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: Այս դպրոցը մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Աւելի՛ն. հիմնադրամը աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր հայկական տաղաւարով մը կը մասնակցի Ժընեւի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր հանրութեան կը ներկայացուին հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը` ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Հայկական կեդրոնին մէջ հիմնուած էր նաեւ փոքր կրպակ մը, ուր գիրքեր եւ երաժշտական խտասալիկներ կը տրամադրուէին հայութեան: Բայց միշտ ալ եղած էր երազը, որ պէտք չէ բաւարարուիլ այս փոքր կրպակի սահմաններով: Հետապնդած եւ իրականացուցած է այդ երազը, այդ փոքր կրպակը այսօր տեղափոխուած է Ժընեւի այս բանուկ փողոցի այժմու կեդրոնը` հայ մշակոյթը աւելի լայնածաւալ ձեւով ծանօթացնելու օտարներուն: Փոքր կրպակով սկսած տեսիլքը այսօր դարձած է գրախանութ-կեդրոնի իրականութիւն, որուն հիմքը կը մնայ նոյնը` «Հայ ապրիլ»:

– Գիտե՞ս` Վահէ անունը ի՛նչ կը նշանակէ: Վահէ Կապրաշը ատենապետն է «Թոփալեան» հիմնադրամին: Ան կարեւոր աշխատանք տարած է կազմակերպելու համար այս գրախանութ-կեդրոնը:

– Վահէ անունը ինծի համար շատ ջերմ է,- ըսի Վահէին,- հօրս անունն էր, իսկ այժմ` տղուս: Ամէնէն լաւը կը նշանակէ,- եղաւ իմ արագ պատասխանս Վահէին:

Վահէն ուրախ էր, բայց ան իր անուան նման` ամէնէն լաւը կ՛ուզէ տալ իր հայ ժողովուրդին: Պէյրութ ծնած Վահէն, որուն ծնողքը եկած են Թուրքիայէն, փոքր տարիքէն Զուիցերիա տեղափոխուած է: Վահէն ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ հայուն տալու ամէնէն լաւը: Եւ այս կեդրոնը լաւ օրինակ մըն է այդ ամէնէն լաւին:

Լոզան փողոցը միջազգային մշակոյթներու հանդիպման վայր է: Ժընեւ ընդհանրապէս միջազգային քաղաք է, ուր կը գտնուին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ այլն: Այս միջազգային քաղաքին մէջ եւս հայը ներկայութիւն է` իր մշակոյթով եւ իր ամէնէն լաւով…

– Պէտք է մենք ալ ծանօթացնենք մեր մշակոյթը բոլորին,- ըսաւ Վահէ:

Մետա Խաչատրեան Զուիցերիա եկած է Թեհրանէն, 1980-ին: Կարեւոր աշխատանք կը տանի հիմնադրամի տարբեր ծրագիրներու իրականացման մէջ, բայց նաեւ` այս գրախանութի կազմակերպչական աշխատանքներուն:

Մետա կու գայ ազգային զօրաւոր ինքնութեամբ եւ ինքնագիտակցութեամբ միջավայրէ: Պարսկաստանի հայկական իրականութեան մէջ մեծցած եւ դաստիարակուած է, կը տեսնէ Արեւմուտքի մէջ հայ մնալու մարտահրաւէրները: «Շատ դժուար է Արեւմուտքի մէջ ազգային ինքնութիւնը պահել: Մեծ ջանք պէտք է թափել», ըսաւ Մետա:

Ան ջանք չի խնայեր հայուն, նաեւ  օտարին ծանօթացնելու մեր մշակոյթը: «Մենք մշակոյթ, լեզու եւ գրականութիւն ունինք` որպէս ժողովուրդ, եւ այդ բոլորով պէտք է հպարտ զգանք»: Մետային համար հայուն հպարտութիւնը կը սկսի սերմանելով  զայն նոյնինքն հայուն մէջ, ապա` փոխանցելով օտարին:

Մարիա Մկոյեանն է դարձեալ: Ան բաժնեց իր ցաւը: Ցաւը` Արցախին: «Միայն ցաւ կայ սրտիս մէջ», ըսաւ ան:  Մարիա նոր վերադարձած է Հայաստանէն: «Եռաբլուր այցելեցի, որպէսզի տեսնեմ սրտիս մէջի ցաւը,- ըսաւ Մարիա: – Դժուար է հաւատալ` ի՛նչ եղաւ»:

Մարիա մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր ներաշխարհի այդ ցաւը: «Մենք ազգ ենք, որ կ՛ուզենք կատարեալին ձգտիլ: Բայց պէտք է նաեւ ընդունինք, որ մենք ալ սահմանափակումներ ունինք-, ըսաւ Մարիա: – Պիտի ընդունինք, որ մենք ալ սխալներ կ՛ընենք: Փոքր ազգ ենք եւ նոյնքան կրնանք սխալիլ»:

Հայկական գրախանութ-կեդրոնը ունի իր ապագայի ծրագիրները: Կը մտածեն կազմակերպել փոքր տարողութեամբ լսարաններ, նկարչական ցուցահանդէսներ ու, տակաւին, հայոց լեզուի դասաւանդում` մեծահասակներու համար: «Այս կեդրոնին մէջ կրնանք մինչեւ երեսուն հոգի տեղաւորել», ըսաւ Մարիա:

Ու դարձեալ` Արցախի իրավիճակը: Քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմը ցնցած է հայութիւնը քիչ մը ամէն տեղ: Մեծ է հարուածը: Պարտութիւն, նահատակ երիտասարդներ, կորսուած հողատարածք… Այս իրավիճակը խոր եւ ծանր հոգեբանական ազդեցութիւն ձգած է իւրաքանչիւր հայու վրայ: Եւ այս զգացումը կը տեսնեմ այսօր քիչ մը ամէն տեղ, ուր կը հանդիպիմ հայերու:

«Շատ ցաւալի է այն, որ պատահեցաւ մեզի Արցախի պատերազմին», ըսաւ Մետա: Բայց ան յուսահատ չէ, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ: «Ամէն ջանք պէտք է թափել, որպէսզի Հայաստանին օգնենք եւ մեր Արցախի ինքնութիւնը վերականգնենք», ըսաւ Մետա: Բայց այդ յաջողցնելու համար Մետա կը տեսնէ մէկ ճամբայ. «Միասնականութիւնն է: Միասին կրնանք յառաջանալ: Ճշգրիտ եւ նպատակասլաց աշխատանք պէտք է տանինք»:

Փոքր կրպակէն` մինչեւ հայկական գրախանութ-կեդրոն: Ուրախ էի եւ նոյնքան հպարտ, որ կրցայ այցելել այս իրականացուած կեդրոնը եւ հանդիպիլ ու ժամանակ անցընել հայորդիներուս հետ: Հայորդիներ, որոնք հպարտ են իրենց ինքնութեամբ ու մշակոյթով, եւ որոնք ոչ մէկ ջանք կ՛ուզեն խնայել պահելու եւ ծանօթացնելու համար զայն: Ծանօթացնել հայուն մշակութային արժէքը: Եթէ մէկ կողմէ հայուն, բայց նաեւ` օտարին:

Ժընեւի մէջ նաեւ տեսայ  հայը, որ աւելի լաւ կեանք մը կ՛ուզէ ապրիլ: Աւելի լաւը` եթէ իրեն եւ ընտանիքին, նոյնքան նաեւ` հայուն հաւաքական կեանքին համար: Եթէ Յակոբ Թոփալեանը հաւատաց, որ պէտք է «Հայ ապրինք», ան դիմեց գործնական քայլի եւ այս կարգախօսը իրականացնելու համար հիմնեց հիմնադրամ, քանի ուզեց տեսնել, թէ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ աւելի լաւ կեանք մը:

Հայը ցեղասպանութենէ ետք չընկրկեցաւ եւ չյուսահատեցաւ: Հայը հաւատաց «Հայ ապրելու» տեսլականին եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ իրականացնելու համար զայն: Արցախի այս «ցաւոտ» պատերազմէն ետք ալ հայը նոյնպէս պիտի հաւատայ ու կառչի աւելի լաւ կեանքի տեսլականին: Պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ իւրաքանչիւր ձախողութենէ ետք հայը կրցած է դարձեալ ոտքի կանգնիլ: Մեր պատմութեան այս փուլին ալ նոյնը պէտք է պատահի…

Փոքր կրպակէն` գրախանութ-կեդրոն: Ժընեւի հայորդիները կը հաւատան հայուն աւելի լաւ կեանքի տեսլականին: Տեսլականը, որ հայը պիտի ապրի ու դարձեալ ապրի: Եւ այս տեսլականին արդիւնքը` «Հայաստան, մշակոյթ եւ բոյր»:

Եւ այս մշակոյթի եւ անոր բոյրին մէջէն` աւելի լաւ կեանք, ուր հայը կ՛ապրի ու պիտի ապրի հայօրէն:

Յակոբ Թոփալեանի իտէալն է այս, բայց նաեւ Ժընեւի հայերուն ու իւրաքանչիւր հայուն` ամէնուրեք…

Հա՛յ ապրինք…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930