Սահմանագծումէն ետք է միայն, որ Ազրպէյճան համաձայն պիտի ըլլայ անցնելու նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին` ապաշրջափակման: Բայց ապաշրջափակումէն առաջ կը դրուի նոր նախապայմանը: Ճանչնալ, իրաւապայմանագրային ձեւաչափով անշուշտ, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ահա թէ ինչու թուրքեւազրպէյճանական կողմը համոզուած է, որ Արցախի հարցը անցեալ է արդէն:
Այս բոլորին արդարացման համար կը յանկերգուին խաբուսիկ հիմնաւորումներ: Թէ`
Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածը, որուն վրայ Ազրպէյճան մաքսակէտեր եւ անցակէտեր տեղադրած է արդէն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք չէ: Թէ` Սիւնիքի համայնքները այս ձեւով շրջափակման մէջ չեն յայտնուիր: Կամ` այս բոլորը կը բացատրուին ընդամէնը երթեւեկութեան տրամաբանութեան փոփոխութեամբ, որ հայկական գիւղերը չի հատեր: Տակաւի՛ն. կը յայտարարուի, որ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան վճարումով օգտագործել ճանապարհը: Նաեւ` Սիւնիքի օդակայանի շինարարական աշխատանքներուն թափ կը տրուի Երեւան-Կապան թռիչքներու մեկնարկի խոստումով:
Ամէնէն ուշագրաւ արդարացումի բացատրութիւնը հետեւեալն է. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների ու բեռների նկատմամբ որեւէ սահմանային հսկողութիւն չիրականացնելու գինը եղել է միջանցքային տրամաբանութիւնը, ինչը անընդունելի է մեզ համար»:
Կարդացեք նաև
Այսինքն. հայկական կողմը կը զիջի Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածը` կասեցնելու կամ կանխարգիլելու համար Զանգեզուրեան միջանցքի կառուցումը:
Եւ շարունակելով տրամաբանութիւնը` եթէ մինչեւ հիմա չենք զիջած այդ հատուածը, հայկական կողմը պատճառ դարձած է, որ հակառակորդը առաջադրէ Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրի իրականացումը…
Համաթուրանականութեան եւ համաթրքութեան գաղափարախօսութեան եւ անտեղիտալի նպատակին միտումնաւոր անտեսումը աւելին է, քան քաղաքական տհասութիւնը: Արդէն իսկ համակերպիլն է, համաձայնիլը` ենթարկուելու այլոց ճշդած խաղի կանոններուն եւ այդ բոլորը ժողովուրդին ընդունելի դարձնելու:
Կայ նաեւ սահմանադրական արգելք վարչատարածքային փոփոխութիւններ կատարելու: Առ ի յիշեցում`
Յօդուած 205. թիւ 1 կէտ.
«Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»:
Այդ իրաւադրոյթի արգելքը եւս, կատարուած յայտարարութիւններով, փորձուած է շրջանցել եւ պաշտօնապէս ըսուած է, որ խնդրոյ առարկայ ճանապարհահատուածը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք չէ:
Քաղաքական եւս մէկ դիտարկում: Պաքուն իր վերահսկողութիւնը անցակէտերու եւ մաքսակէտերու տեսքով Գորիս-Կապան հատուածին պաշտօնապէս կը սկսի իրականացնել միայն այն ատեն, երբ հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ այլընտրանքային ճանապարհը պատրաստ է երթեւեկութեան համար: Գործողութիւնները համակարգուած են. իսկ համակարգողը կ՛ազդանշէ գործընթացներու մեկնարկը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում