Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ընդդիմութիւն եւ դիմադրութիւն պիտի գործեն առաւելագոյն ուժականութեամբ․ «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 13,2021 10:05

Կը գտնուինք մեր պատմութեան ամենէն վտանգաւոր խաչմերուկին վրայ։ Այս իշխանութիւնը զուրկ է երկրի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ բոլոր էական ուժականութիւններէն։ Ան զուրկ է դիմադրական որեւէ պատրաստականութենէ (preparedness) եւ կորովէ։ Ան չի հաւատար ինքզինքին հակառակ իր սնոտի հռետորաբանութեան։ Ան չի հաւատար մեր ժողովուրդի բարոյական ուժին։ Ան կը յուսայ ողոքումի քաղաքականութեամբ, նահանջականութեամբ, թշնամիին կենսական զիջումներ ընելու գնով հասնիլ ենթադրեալ խաղաղութեան եւ սկսիլ առեւտուրի։ եւ անշուշտ ընդդիմութիւնն է, որ դրուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին սպառնալիքներուն դէմ երկիրը ոգեզինելու եւ զայն պաշտպանելու եւ երկիրը վերականգնելու դժուարին մարտահրաւէրին առջեւ։

Այս ճակատագրական կացութիւնը դիմագրաւելով, Հ․Հ․ քաղաքական ուժերը, որոնք այսօր խմբուած են ընդդիմութեան դրօշին տակ, անպայման պիտի դիմեն արտակարգ միջոցներու արագօրէն ընդարձակելու ընդդիմութեան հասողութեան ծիրը՝ պայքարի ալիքին մէջ ներգրաւելով նորանոր ու թարմ ուժեր։ Հ․Հ․ Սահմանադրութեան ընձեռած քաղաքացիական անհնազանդութեան բոլոր զէնքերով զինուած, ընդդիմութեան ալիքը պիտի տարածուի մայրաքաղաքէն մինչեւ մարզային կեդրոններն ու գիւղերը։ եւ պարտութեան վարչակարգը ինքզինք պիտի գտնէ երկրի օրինապահ եւ պահանջատէր քաղաքացիութեան հաւաքական կամքին առջեւ։

Պարզ խօսքով, ընդդիմութեան թիրախը, այս պարագային, երկրի ներքին ճակատի սպառնալիքներն են։ Զերծե՛լ երկիրը պարտութեան բոլոր գործօններէն։ Դուրս բերել զայն պարտութեան վարչակարգի փակուղիէն։ Հայոց հայրենիքը չէ ստեղծուած Պր. Փաշինեանի եւ իր համախոհներու քմահաճ եւ անկայուն եւ փակուղային քաղաքականութեան համար։ Վերստանձնե՛լ երկրի ճակատագիրը ղեկավարելու կենսական պարտականութիւնը։

Բայց նաեւ մեր դռներուն առջեւ կը գտնուի արտաքի՛ն սպառնալիքը իր բոլոր մարտահրաւէրներով։ Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի համաձայնագրերը թշնամին դրած են ամբարտաւանութեան գերազանց դիրքերու վրայ։ Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ կ՚ընէ Մոսկուան այս եպերելի գործընթացին մէջ։ Հարցուցէք, թէ ի՞նչ պիտի ընենք ՄԵՆՔ թշնամին դուրս բերելու իր ապուշ զգայախաբութենէն։ Լուրջ ազգին վայել ի՞նչ վարքագիծ պիտի դրսեւորէ հայութիւնը եւ շարքային հայը, որպէսզի Մոսկուան եւ բոլոր միւս թերահաւատները համոզուին, որ վերջ գտած է ժամանակը Հայաստանը որպէս ոտնագնդակ գործածելու։ Թշնամին պիտի տեսնէ, թէ ինչպէ՞ս իր աչքերուն առջեւ երկրի համատարած ընդդիմութիւնը սկսած է աւլել պարտութեան համակարգի սարդոստայնները։ Թշնամին յանկարծ ինքզինք պիտի զգայ ահռելիօրէն անպաշտպան։ Թշնամին պիտի յանկարծ անդրադառնայ, թէ ինք ոտք դրած է մեր հայրենի հողին վրայ, որ այլեւս անպաշտպան չէ։ Թշնամին յանկարծ պիտի մտնէ անապահովութեան ոլորտէն ներս եւ պիտի դադրի երազելէ, թէ կրնայ «մաքսակէտ»-եր զետեղել մեր հողերուն վրայ։ Պարզ խօսքով, Բադին Կոզբադին իրենց գլխուն պիտի ուտեն Դաւիթի կոտը եւ վազն ի վազ հասնին Մըսըր։ Ասիկա այն հարուածային դիմադրական շարժումն է, որ ուղղուած է երկրի արտաքին սպառնալիքներուն դէմ։ Ասիկա այն երկրորդ բազուկն է մեր ընդհանրական մարտակարգին, որմով առաջինը առաւել եւս թիրախային կը դառնայ եւ երկուքը միասին՝ ԴԺՈԽԱՅԻ՛Ն՝ մեր բոլոր թշնամիներուն դէմ։ Այս բաներն էին, զորս կը սորվեցնէր ձեզի լուսահոգի Մասթըր Կարոն…որ հիմա կը հետեւի մեր քայլերուն Եռաբլուրի իր անհանգստավայրէն։

Ընդդիմութիւն եւ դիմադրութիւն պիտի գործեն առաւելագոյն ուժականութեամբ (compounded intensity), մին՝ ներքին դաշտը մաքրելու եւ միւսը՝ արտաքի՛ն, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն արագութեամբ շրջել պատերազմով ծուռ դարձած անիւը եւ կարողանանք վերանուաճել մեր արժանապատիւ տեղը տարածաշրջանի ուժային համաստեղութեան (galaxy) մէջ։

Մեր առջեւ բացուող ազատագրական գործի այս ծաւալուն տեսլականը կը պահանջէ միանգամընդմիշտ թօթափել մեր գիտակցութենէն պարտութեան ամլացնող թոյները։ Մեր հասարակութիւնը պէտք չունի այդ թոյներուն։ Մենք ազատախոհ ազգի զաւակներն ենք։ Մեր պատմութիւնը սկիզբ առաւ Հայկեան ազատախոհութեան ակունքներէն։ Մեզի խորթ են Փաշինեանական քաղաքականութեան խաբէութիւնները։ Խաղաղութեան կեղծ լոզունգներով առաջարկուող գարշելի թմրանիւթերն են անոնք, որոնք պիտի իսպառ չքանան, երբ ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու դէմ ծառացող մեր համապարփակ ռազմավարութիւնը սկսի ցնցել հիմերը Փաշինեանական պարտուողականութեան։

Հետեւաբար՝ վե՛րջ թերարժէքութեան բոլոր ճնշիչ հոգեվիճակներուն։ Վե՛րջ՝ ամլութեան։ Վե՛րջ՝ մահացու շփոթին։ Ժամն է համարձակօրէն վերցնելու ձեռնոցը եւ միանալու ազատագրական շարժման վճռական ալիքին։

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930