Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տեց ­­խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ գտնո­ւող հրա­պա­րա­կին վրայ եւ ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն

Նոյեմբեր 09,2021 16:09

«Եռագոյն». Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րի տա­րե­լի­ցը ընդվ­զու­մի մեծ ա­լիք մը բարձ­րա­ցու­ցած է ամ­բողջ հա­յու­թեան մէջ, որ ար­դէն իսկ այս օ­րե­րուն ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն մէջ կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րով ընդ­դէմ թուրք-ազր­պէյ­ճա­նա­կան շա­րու­նա­կո­ւող յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տեց ­Կի­րա­կի՝ 7 ­Նո­յեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ գտնո­ւող Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կին վրայ։

Ար­դէն, օ­րեր ա­ռաջ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան յա­տուկ կրպակ մը կանգ­նած էր հրա­պա­րա­կի կեդ­րո­նը, ո­րուն շուրջ մէկ­տե­ղո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի հա­յու­թիւ­նը եւ ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Աւելի կանուխ, հոն հա­սած էին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան լո­զուն­քով յա­տուկ շա­պիկ­ներ հա­գած, իւ­րա­յա­տուկ պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նէին։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­ներ ար­դէն բո­լո­րո­ւած էին կրպա­կին շուրջ, ուր­կէ հայ­կա­կան եր­գե­րով եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան խօս­քե­րով մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րա­զեկ կը դարձ­նէին անց­նող հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։

­Նախ­քան քայ­լար­շա­ւի մեկ­նար­կը, հրա­պա­րա­կին վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յայ­տա­գիր մը։ ­Ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, կո­մի­տէ­նե­րու կազ­մե­րը եւ բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւն։ ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­սիս եւ ­Պոն­տա­կան ե­րի­տասար­դա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

­Յայ­տա­գի­րի սկիզ­բը, ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 44 ան­դամ­ներ, խորհր­դան­շե­լով պա­տե­րազ­մի 44 դառն օ­րե­րը, կանգ­նե­ցան հրա­պա­րա­կի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ, ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ բռնած ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի դրօ­շը, իսկ ա­նոնց բե­րան­նե­րը կա­պո­ւած էին լռու­թեան նշան­նե­րով՝ լուռ բո­ղո­քի յատ­կան­շա­կան եւ միա­ժա­մա­նակ յու­զիչ պատ­կե­րը տա­լով։

Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ յա­ջոր­դա­բար խօ­սե­ցան ըն­կեր­ներ ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան եւ Ար­մէն Ա­ճէ­մեան։ Եր­կու խօ­սող­ներն ալ անդ­րա­դար­ձան թուրք եւ ա­զե­րի, ու ա­նոնց վարձ­կան­նե­րու, յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ պա­տե­րազ­մի դառն հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Եր­կու ըն­կեր­նե­րու խօս­քե­րը պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւին ա­ռանձ­նա­բար։

­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ազ­դան­շա­նին հե­տե­ւե­լով, հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դը ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

­Ժո­ղովր­դա­յին մեծ շար­քին սկիզ­բը կը քա­լէին 44 պա­տա­նի­նե­րը՝ Ար­ցա­խի դրօ­շը ի­րենց ձեռ­քին ու կը յա­ջոր­դէին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը պաս­տառ­նե­րով եւ հայ­կա­կան դրօ­շակ­նե­րով։ Ա­նոնց ե­տե­ւը տպա­ւո­րիչ էր ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ կը հե­տե­ւէր նաեւ բարձ­րա­խօս­նե­րէն ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քե­րուն, ո­րոնք քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան կը լսո­ւէին եւ ան­ցորդ­նե­րը տե­ղեակ կը պա­հէին։ ­Պէտք է նշել նաեւ, որ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի էր, մինչ ժո­ղո­վուր­դը խա­ղաղ, սա­կայն լուռ ցա­սու­մով քա­լեց օ­րի­նա­ւո­րու­թեամբ եւ յար­գան­քով՝ ընդվ­զու­մի ա­լի­քին ընդ­մէ­ջէն իր ան­թիւ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լով։

­Ժո­ղովր­դա­յին եր­թը կանգ ա­ռաւ թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ՝ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ, մինչ ոս­տի­կա­նա­կան զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­նե­րը փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի դես­պա­նա­տուն։

­Տեղ­ւոյն վրայ, ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւոր­նե­րու ան­դամ­նե­րը շա­րո­ւե­ցան ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ եւ ի­րենց դրօ­շակ­նե­րով ստեղ­ծե­ցին հայ­կա­կան գոյ­նե­րու տպա­ւո­րիչ պատ մը։ ­Հոն էր, որ ի նշան բո­ղո­քի եւ բուռն ընդվ­զու­մի, մեր պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց բե­րան­նե­րէն քա­շե­ցին լռու­թեան նշան­նե­րը, ցոյց տա­լով պայ­քա­րի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը թրքա­կան դես­պա­նա­տան դի­մաց։

­Հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դը ունկնդ­րեց Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ պի­տի ղրկո­ւէր յու­նա­կան եւ օ­տար մա­մու­լին։

­Հա­ւա­քի ա­ւար­տէն ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ մո­մա­վա­ռու­թիւն։ Հ.Յ.Դ ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 44 ան­դամ­նե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ ու­նէին սպի­տակ օ­դա­պա­րիկ­ներ, ո­րոնց մէջ վա­ռած էին յա­տուկ ճրագ­ներ։ ­Մէկ ան­գա­մէն, բո­լոր օ­դա­պա­րիկ­նե­րը եր­կինք բարձ­րա­ցան, ե­րե­կո­յեան մու­թին մէջ ստեղ­ծե­լով տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը։ ­Մեր զո­հո­ւած քա­ջա­մար­տիկ­նե­րու լու­սա­ւո­րո­ւած հո­գին էր, որ խորհր­դան­շա­կան կեր­պով այդ պա­հուն կը խո­յա­նար դէ­պի վեր, մինչ ժո­ղո­վուր­դը յու­զո­ւած կը դի­տէր ա­նոնց վե­րել­քը։

Եւ ի՜նչ զու­գա­դի­պու­թիւն. թե­թեւ փչող հո­վը բո­լոր օ­դա­պա­րիկ­նե­րը տա­րաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն, յի­շեց­նե­լու հա­մար ջար­դա­րար պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, թէ հա­յու անն­կուն ո­գին պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

­Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հա­ւա­քը թրքա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ վերջ գտաւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ միա­բե­րան եր­գո­ւած հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րով։ Ն­շենք, որ մեծ թի­ւով յու­նա­կան եւ օ­տար լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հե­տե­ւե­ցան բո­ղո­քի ցոյ­ցին եւ նկա­հա­րա­նում­նե­րով սփռե­ցին ե­լոյ­թի ըն­թաց­քը։ Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի եւ Ե­րիտ. ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հար­ցազ­րոյց­ներ տո­ւին ներ­կայ ե­ղող մի­ջոց­նե­րուն։

Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿՐՊԱԿԸ. Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին յոյն ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­զե­կե­լու նպա­տա­կով, 6-8 ­Նո­յեմ­բե­րին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թիւ­նը յա­տուկ կրպակ մը զե­տե­ղած էր ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, ո­րուն մէջ եւ ա­նոր շուր­ջը կանգ­նած էին յա­տուկ պաս­տառ­ներ՝ պատ­կեր­նե­րով, քար­տէս­նե­րով եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժին­նե­րով։ ­Բա­նուկ հրա­պա­րա­կին վրա­յէն անց­նող յոյն եւ օ­տար քա­ղա­քա­ցի­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին առն­չու­թեամբ, միա­ժա­մա­նակ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քա­րին։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930