Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

«Հալէպահայ նահատակները խորհրդանիշները դարձան Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Նոյեմբեր 08,2021 15:41

«Գանձասար». Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ին, հալէպահայ երիտասարդներ ուխտի եկած էին Արցախի մէջ նահատակուած իրենց ընկերներուն՝ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նահատակութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։

Յուշակոթողին բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայ երեք համայնքապետները, Բերիոյ Հայոց Թեմի քահանայից դասը, Մխիթարեան Միաբանութեան հայրեր, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ․ Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդր․ Վարչութեանց, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ մարմիններու, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն, Գամիշլիէն եւ Քեսապէն այս առիթով Հալէպ ժամանած ազգայիններ։

Ներկաները ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն ընկերակցութեամբ խմբուեցան յուշակոթողին դիմաց։

Բացման խօսքով Աննա Պարսամեան ներկայացուց հալէպահայ նահատակներուն սխրանքն ու անոր խորհուրդը։

Յուշակոթողի բացման արարողութիւնը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Ապա տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերներու մասունքներու օրհնութիւնը։ Մասունքները ամփոփուեցան յուշակոթողին մէջ։

Այս առիթով ՍԵՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ խոստում տուին՝ շարունակելու նահատակ իրենց ընկերներուն պայքարի ուղին։

Այնուհետեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին դիմաց՝ ՀՅԴ Բիւրոյի, հալէպահայ համայնքեպետներու, նահատակներու պարագաներէն, ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի, ՀՀ Մարդասիրական խումբի, հալէպահայ միութիւններու անունով, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն։

Արման Տէր Պետրոսեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Աւօ Գաթրճեանի «Գոյամարտի Յուշարձան» քերթուածը։

Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ․ «Մէկ շաբաթ առաջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ընկերակցութեամբ այցելեցինք Երեւանի Եռաբլուրի Պանթէոնին մէջ հալէպահայ երեք նահատակներու շիրիմները եւ կասկած չկար մեր սրտին մէջ, որ կապ պիտի հաստատուէր իրենց շիրիմներուն եւ Հալէպի մէջ այսօրուան ձեր կանգնեցուցած յուշակոթողին միջեւ՝ այստեղ բերուած իրենց մասունքներուն միջոցով։

Երեք երիտասարդ հերոսները լաւագոյն խորհրդանիշները դարձան հայրենիքի եւ Սփիւռքի միասնութեան։ Երեք նահատակներ, որոնք կրակ ունէին իրենց աչքերուն մէջ եւ եռագոյն՝ իրենց սրտերուն մէջ։ Հերոսներ, որոնք նախապէս ալ մասնակցած էին հայրենիքի փրկութեան սուրբ գործին, իրենցմէ ոմանք պարգեւատրուած էին նաեւ մարտական շքանշաններուվ․․․ եւ ահա՛, արցախեան վերջին պատերազմի վերջին օրերուն, անոնք նուիրեցին իրենց այն գերագոյնը, որ կարելի էր ակնկալել դաշնակցական երիտասարդներէ։ Անոնք, իրենց երդումին հաւատարիմ, ուղղուեցան գերագոյն զոհողութեան, որպէսզի ապրի հայրենիքը, փրկուի բանակը, շնչէ Արցախը։

Որքան մեծ է ցաւը, երբ անձնապէս կը ճանչնաս զիրենք եւ իրենց ծնողներու աչքերուն մէջ կը տեսնես ահաւոր կորուստին ցաւը։ Անոնց ընկերներուն, ծնողներուն, հարազատներուն միակ մխիթարանքը այն է, որ իրենց շնորհիւ փրկուեցաւ Արցախը եւ այսօր կը գոյատեւէ ան։

Այսօր թէեւ աշխարհաքաղաքական պայմանները, միջազգային մարտավարական դաշնակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ապիկար իշխանութեան առկայութիւնը աղէտի առաջնորդեցին Արցախի պատերազմի արդիւնքը, սակայն մենք, որպէս ՀՅ Դաշնակցութիւն, վճռականապէս կը հաստատենք, թէ ինչ որ պատահեցաւ անցեալ աշնան լոկ ճակատամարտի մը կորուստն էր։ Պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ մենք վճռած ենք վերականգնել Արցախը, մենք վճռած ենք դէմ դնել մեր թշնամիին։

Սիրելինե՛ր,
Յարութը, Մոսիկն ու Յակոբը եկան միանալու այն մեծ փաղանգին, որ ազատագրեց Արցախը ութսունական թուականներու վերջաւորութեան եւ իննիսունականներու սկիզբը, ապա կերտեց փառապանծ յաղթանակ 1994-ի զինադադարով։ Հալէպահայ նահատակները միացան այն փաղանգին, որ դէմ դրաւ թշնամիին 2016-ի պատերազմին։ Եւ ահա՛, վերջին այս ճակատամարտին, որ թէեւ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ, մեր նահատակները յոյս ներշնչեցին նորահաս սերունդներուն՝ շարունակելու իրենց գործը։ Փաստը՝ այսօր, ի ուրախութիւն բոլորիս, իրենց գործի շարունակութեան խոստում տալու համար այստեղ կանգնած հալէպահայ երիտասարդներն են։ Այս խոստումը լաւագոյն գրաւականը պիտի հանդիսանայ այն համոզումին, որ մեր նահատակները յաջողեցան փոխանցել ջահը, հաւատքը, հաստատակամութիւնը, որոնց շնորհիւ մենք երբեք պիտի չնահանջենք։

Պատի՛ւ Յարութներուն, Մոսիկներուն, Յակոբներուն եւ բազմահազար իրենց ընկերներուն, որոնք իրենց արեան գնով փրկեցին Արցախի այն մասը, որ կը գոյատեւէ այսօր։

Երեք օր առաջ Արցախ էի։ Արցախի ժողովուրդը կը խոնարհի իրենց յիշատակին առջեւ, նախապէս ալ Հայաստան էի, եւ այսօր կը տեսնեմ, որ Հայաստանի իրենց ընկերները եւս այս յուշակոթողի բացման առթիւ ուղարկած են իրենց ծաղկեպսակը։ Սա լաւագոյն խորհրդանիշն է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան։

Փառք իրենց յիշատակին, որովհետեւ իրենցմով պիտի ներշնչուին սերունդներ։

Փառք իրենց յիշատակին, որովհետեւ գործնականացուցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խորհրդանիշին մէջ պատկերուած սուրին դերակատարութիւնը։

Փառք իրենց յիշատակին, որովհետեւ կարողացան ամէն գնով ոտքի կանգնեցնել ժողովուրդը, յուսահատական պահուն անգամ չվհատելու, նոյնիսկ իրենց արիւնը խառնելով հայրենի հողին։

Փառք Յարութին, Մոսիկին եւ Յակոբին, սուրիահայութեան լաւագոյն խորհրդանիշներուն, որոնք կը պայքարին ի յաւերժացումն հայրենիքի, ի սէր ժողովուրդի եւ ի պաշտպանութիւն համահայկական մեր իտէալներուն։

Անոնք զոհուեցան Արցախին համար, որ խորհրդանիշն է Միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին փուլին»։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930