Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Աստուածաշունչի յանձնառութեան ծիրէն ներս Դոկտ Ճէպէճեան անդրադարձաւ զանազան հարցերու

Նոյեմբեր 06,2021 15:44

27 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7.00-ին տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Լսարանական Երեկոյ» ծրագրին առցանց չորրորդ դասախօսութիւնը հովանաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազան հօր: Դասախօս՝ Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:

Նիւթ՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը Քրիստոնեայի Յարափոփոխ Կեանքին Մէջ»: Երկլեզու դասախօսութիւնը եկած էին ակնդրելու նիւթով հետաքրքիր 55 անձիք, որոնցմէ 8-ը՝ Աստուածաշունչի Ընկերութեան զանազան երկիրներու ոչ Հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Նորվեկիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Անգլիայէն, Նոր Զելանտայէն եւ այլ երկիրներէ: Թէքնիք հարցերու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս միշտ, ստանձնեց Արժ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեան:

Հանդիսավարուհի Տիկին Լօրա Արթինեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Սրբազան Հօր աղօթքով մեկնարկուեցաւ ձեռնարկը: Ապա, Տիկին Արթինեան, երկու լեզուներով՝ Հայերէն եւ Անգլերէն, ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ զայն հրաւիրեց արտասանելու իր խօսքը (Զեկուցաբերին կենսագրութիւնը՝ աւարտին)

Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ կազմակերպողներուն, ըսաւ որ ինք անքակտելի կապով կապուած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմին, ուր եղած է երկու առիթներով եւ ուր իր երկրորդ այցելութեան՝ 2018ին, տեղի ունեցած է իր մեծածաւալ յուշագրութեան՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» հատորին շնորհահանդէսը, կազմակերպուած Առաջնորդարանին կողմէ:

Ի՞նչ է Աստուածաշունչը, ի՞նչ կը հասկնանք «Յանձնառութիւն» բառով, ի՞նչ է Աստուածաշունչի պարգեւած յոյսը, ինչպէ՞ս կարդալ, հասկնալ, մեկնաբանել եւ իւրացնել Աստուածաշունչի պատգամը: Այս ընդհանուր հասկացողութեան բացատրութիւնն էր դասախօսութեան առանցքը:

Փաուըր Փոյնթի միջոցաւ սահիկ առ սահիկ, երկու լեզուներով, Դոկտ Ճէպէճեան յստակ դարձուց իր պատգամը: Ան անդրադարձաւ լեզուամշակութային եւ լեզումտածողութեան գործօններուն, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին Աստուածաշունչը հասկնալու եւ մեկնաբանելու գործընթացին մէջ: Ասոր ցայտուն օրինակը բազմաթիւ Քրիստոնեայ յարանուանութիւններու առկայութիւնն է սակայն բոլորին աղբիւրը Աստուածաշունչն է իր երկու կտակարաններով: Բանախօսը հերքեց այն թիւր հասկացողութիւնը, որ իբր թէ Հին Կտակարանը Հրեաներու պատմութիւնն է միայն եւ անոնց քաղաքական նպատակներուն սկզբունքներու ներշնչման աղբիւրը, եւ իբրեւ թէ երկու կտակարանները կապ չունին իրարու հետ: Ան ըսաւ որ այս վկայութիւնները յերիւրածոյ են եւ այսօրուան քաղաքական հակամարտութիւնները օգտագործելով երկու կտակարանները իրարմէ անջատելու փորձեր են: Երկու կտակարանները իրար ամբողջացնող գիրքեր են, եզրակացուց դասախօսը:

Դասախօսը անդրադարձաւ ընկերային փոփոխութեանց, որոնք յարատեւ տեղի կ’ունենան մարդու կեանքին մէջ եւ լայն բացատրութիւն տուաւ անոնց մասին:

Աստուածաշունչի յանձնառութեան ծիրէն ներս Դոկտ Ճէպէճեան անդրադարձաւ զանազան հարցերու եւ հետեւեալ պատգամներուն՝ «Սիրէ դրացիդ քու անձիդ պէս» (Մատթ. 22:39)ի եւ «Բայց կ’ըսեմ բոլոր անոնց որ կը լսեն, սիրեցէք ձեր թշնամիները» (Ղուկաս 6:27): Ան վերլուծեց զանոնք մարդկային նաեւ հայկական տեսանկիւններէ դիտուած: Այս նիւթերուն շուրջ եղած հարցումներուն լայն բացատրութիւն տուաւ դասախօսը շեշտ դնելով ներողամտութեան գործօնին բայց նաեւ արդարութեան ունեցած կարեւորութեան վրայ:

Դասախօսութեան աւարտին Դոկտ Ճէպէճեան պատասխանեց ակնդիրներու բոլոր հարցումներուն:

Տիկին Լօրա Արթինեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին բանախօսութեան շահեկանութեան ինչպէս նաեւ այն ժեսթին համար, որով Դոկտ Ճէպէճեան իր նոր պատրաստած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»էն 30 օրինակ, իսկ հեղինակած գիրքէն՝ “Bible Engagement: The Discovery of Faith, Hope and Self” 10 հատոր պիտի նուիրէ Առաջնորդարանին:

Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Դոկտ Ճէպէճեանի արժանիքները եւ անոր Աստուածաշունչի տարածման աշխատանքը: Սրբազանը խիստ կարեւոր նկատեց Աստուածաշունչը կարդալը, զայն թարգմանելը եւ զայն մեկնաբանելը, աշխատանք մը որ Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը կը կատարէ եւ այդ աշխատանքներուն մէջ իր հսկայ ներդրումը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Պարոն դասախօսը:

Խիստ հետաքրքրական հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով:

Հակիրճ Կենսագրութիւն Դոկտ Հրայր Ճէպէճեանի

Դոկտ Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ: Շրջանաւարտ է Հայկազեան Համալսարանէն: Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն իսկ դոկտորական վկայականը՝ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Համալսարանէն՝ 2014ին:
1980-էն ի վեր կը գործէ Աստուածաշունչի Ընկերութեան մէջ, 1993-էն ցայսօր Ընդհանուր քարտուղարն է Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ծոցի երկիրներուն: 2003-2006 եղած է Աստուածաշունչի Ընկերութեան խորհրդատուն Իրանի եկեղեցիներուն հետ կապ հաստատելու եւ Աստուածաշունչի տպագրութեան ծրագիրներ մշակելու համար:

Ժրաջան ծառայող Լիբանանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, ան վարած է շատ մը պաշտօններ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Կեդրոնական Վարչութեան մէջ, Խնամակալ Մարմնի անդամ՝ Հայկազեան Համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Համալսարանի եւ բազմաթիւ այլ Աւետարանական հաստատութիւններու:

Այժմ կը բնակի Կիպրոս: Անդամ է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Կիպրոսի մասնաճիւղի խնամակալ մարմնին:
Իր առաջին գիրքը լոյս տեսած է 2010-ին «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» խորագրով: 2018-ին կը հրատարակուի իր «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» հատորը իսկ 2019-ին՝ Աստուածաբանական գիտահետազօտական բովանդակութեամբ եւ Անգլերէնով՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը – Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձը»:

Դոկտ Ճէպէճեան պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով: Ամուսնացած է ընկերալեզուագէտ Դոկտ Արտա Ճէպէճեանի հետ: Հայր է երկու զաւակներու:

 

Նշան ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
«Փարոս» – Լրատու Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Առաջնորդարանին

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930