Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

«Չեղեալ նկատել «Կովերու պարտէզ»-ի վերաբերյալ համաձայնագիրը՝ ի շահ Սրբոց Յակոբեանց մեր Միաբանութեան, ի շահ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ժողովուրդին»

Նոյեմբեր 05,2021 13:18

Զօրակցութիւն – յայտարարութիւն

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արտասահմանեան թեմերէն ներս ծառայող՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներս մտահոգութեամբ տեղեկացանք վերջին շրջանին Երուսաղէմ տեղի ունեցող դէպքի մը մասին, որ է «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին վարձու տալու եւ անոր վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագիրի հարցը:

Այս իմաստով վանքաբնակ մեր միաբանակից եղբայրները 27 հոկտեմբեր 2021-ին հրապարակած են «Յայտարարութիւն» մը, ըստ որուն հակականոնական կը նկատեն «Կովերու պարտէզի» համաձայնագիրը, քանի որ ստորագրուած է առանց Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման: Մեր կարգին մենք եւս կը միանանք անոնց կատարած յայտարարութեան յայտնելով նաեւ մեր անհամաձայնութիւնը վերոյիշեալ տարածքին վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագրի առնչութեամբ, որ ստորագրուած է՝ ինչպէս կը յիշուի «Յայտարարութեան» մէջ, 8 յուլիս 2021-ին Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տէր Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Տէր Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի եւ Կալուածոց Տեսուչ Տէր Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ:

«Յայտարարութիւն»ը յստակ կերպով կը ներկայացնէ կատարուածը հակականոնական ըլլալու պարագան, մէջբերելով «Կանոն Միաբանական Ուխտի» անտեսուած Յօդ. 67-ը եւ ի մասնաւորի կը յիշատակէ 2015-ին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնը, զոր աւելի հասկնալի ըլլալու համար կ’արտագրենք ամբողջ պարբերութիւնը.-

«Աւելին՝ ըստ 2015 թուականի երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնի «…մէկէն մինչեւ քսանհինք տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագույն երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Տնօրէն ժողովի Ատենապետի եւ Կալուածոց Տեսչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներուն՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի Ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրբազան Հօր (կամ Տեղապհի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են»:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը Պատրիարք եւ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրերէն զատ ստորագրած է նաեւ Կալուածոց տեսուչը, որը հակառակ է վերը բերուած կանոնին. Կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 26-49 տարուայ որեւէ համաձայնագիր, առաւել եւս 99 տարուայ համաձայնագիր»:

Սոյն գիրով կը միանանք մեր միաբանակից եղբայրներուն ըսելու համար, որ Կալուածոց Տեսուչ Տէր ՊարԷտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կատարած յայտարարութիւնները Պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ, պնդելով որ թէ՛ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ՛ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնը եւ օրհնութիւնը, ճիշդ չեն: Կը պահանչենք որ նուազագոյն այս նիւթին մասին կատարուած ատենագրութիւնը տպուի եւ բաժնուի Միաբանութեան արտասահման ծառայող անդամներուն:
Ուստի մեր խնդրանքն ու յորդորը մեր Սրբազան Պատրիաքին՝ Նուրհան Սրբազանին, ինչպէս նաեւ Լուսարարապետ՝ Սեւան Սրբազանին եւ Կալուածոց Տեսչին որ չեղեալ նկատեն իրենց ստորագրած համաձայնագիրը, նախ ի շահ Սրբոց Յակոբեանց մեր Միաբանութեան, ապա նաեւ ի շահ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ժողովուրդին:

Վանքը, Միաբանութիւնն ու մեր հաստատութիւններն են զոր պիտի ժառանգեն մեր ապագայ սերունդները: Մնայունը մեր թողելիք ժառանգութիւներն են, ըլլան անոնք նիւթական կամ բարոյական: Եթէ լաւ գործեր կատարենք, մեզ բարի պիտի յիշեն իսկ եթէ սխալ ու չար գործեր կատարենք, հաւանաբար նոյնիսկ չյիշեն եւ կամ անիծեն: Ուստի ըլլանք ու դառնանք այն անձերէն որոնք երանելի են եւ ունին ու թողած են յիշատակ մը Սիոնի բարձունքին կամ Երուսաղէմի մէջ:

Գիսակ Արք. Մուրատեան, Արգենտինայի Հայոց թեմի առաջնորդ

Գուսան Վրդ. Ալճանեան, Շվեյցարիայի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ

Խաժակ Արք. Պարսամեան , Վատիկանում Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ եւ Արեւմտյան Եվրոպայի հայրապետական պատվիրակ

Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան. ԱՄՆ Հայոց արեւմտյան թեմ

Վիգէն Արք. Այքազեան, ԱՄՆ Հայոց Արեւելյան թեմ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930