Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի Լիբանան այցելութեան գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն դրած արգելքին առնչութեամբ.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած այսօրուան` 2 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հանդիպման հրաւիրուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան, որ սակայն դժբախտաբար հաւաքի ներկաներուն իր խօսքը պիտի ուղղէ «Սքայփ»-ով, որովհետեւ Երեւանի իշխանութիւնները անհասկնալի պատճառներով արգիլած են ընկեր Արծուիկ Մինասեանին, որ Հայաստանէն դուրս ճամբորդէ: Արծուիկ Մինասեանին պիտի փոխարինէ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեանը, որ քիչ ետք կը հասնի Լիբանան եւ այս առիթով ելոյթ պիտի ունենայ երեկոյեան տեղի ունենալիք հանդիպումին:
Կեդրոնական կոմիտէն իր ընդվզումը կը յայտնէ Արծուիկ Մինասեանի եւ դաշնակցական այլ պատգամաւորներու դէմ յարուցուած այս անըմբռնելի արգելքին համար` պահանջելով Հայաստանի դատական եւ ապահովական իշխանութիւններէն վերանայիլ իրենց որոշումը եւ անմիջապէս վերացնել արգելքը:
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ պէտք է անխախտ պահել ժողովրդավարական հիմքերը, որոնք նախապայման են պետականութեան ամրակայման համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին վտանգաւոր անկիւնադարձի ընդառաջ եւ բոլոր ժամանակներէն աւելի համահայկական ուժերու համատեղումը կենսական անհրաժեշտութիւն է: Այս ուղղութեամբ դատապարտելի կը գտնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած ամէն տեսակի պառակտումի ու վրէժխնդրական փորձ եւ արարք:
Կարդացեք նաև
Այսօրուան ժողովրդային հաւաքը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆ