Մոսկուա-Երեւան-Պաքու առաջին դէմքերու մակարդակով եռակողմ հանդիպման մասին լրատուական շրջանառութիւնը առատ է: Գրեթէ զուգահեռաբար հայաստանեան եւ ռուսական լրատուադաշտերը կը կանխատեսեն այդ հանդիպումը նոյեմբերի առաջին տասնօրէին:
Որքան ալ պաշտօնական Երեւանը հերքէ պայմանաւորուածութիւններու գոյութիւնը, այդուհանդերձ պարզ է, որ հայկական կողմին փոխարէն բանակցողը Մոսկուան է, եւ որքան ալ Պաքուն երեւնայ իբրեւ բանակցող կողմ, այնուամենայնիւ նոյնքան պարզ է, որ տեսանելի է Անգարայի ստուերը:
9 նոյեմբերին ենթադրաբար կայանալիք հանդիպումը ըստ էութեան նախ պէտք է գնահատական տայ տարի մը առաջ կայացած պայմանաւորուածութեան կէտերու իրականացման ընթացքին մասին:
Այսպէ՛ս. եթէ նկատենք, որ 7-րդ եւ 8-րդ կէտերուն կատարման համար որեւէ քայլ չէ առնուած Պաքուի կողմէ, ապա խիստ հարցական կը դառնայ ապաշրջափակման մեծ օրակարգին անցնիլը:
Կարդացեք նաև
7-րդ կէտը կը խօսի ներքին տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով Գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ, անոնց Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ վերադարձի մասին:
Իսկ 8-րդ կէտը` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման:
Հայկական կողմը պարտի ապաշրջափակումը պայմանականացնել միայն 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու իրականացումով:
Իրաւամբ կը նշուի, որ եթէ սահմանագծումը պիտի իրականանայ 1920-ականներու քարտէսներուն հիմամբ, ապա պէտք է նկատի առնուի, որ այդ քարտէսները ցամաքային կապ վերապահած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ:
Պարզ է, որ հակամարտութեան հանգուցալուծումէն առաջ սահմանագծում-սահմանազատում իրականացնելը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Իսկ Պաքուէն եւ Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները, թէ` Արցախի հարցը անցեալ է, ճիշդ հայկական առաջադրանքներու չէզոքացում կը հետապնդեն: Առանց ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերագործարկման անցնիլ սահմանագծումին, ատով իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցը վերջնականապէս յստակացնել իբրեւ Ազրպէյճանի մաս կազմող տարածք:
Երեւանը պարտաւոր է կառչիլ 7-րդ եւ 8-րդ կէտերուն եւ մինչեւ 9-րդ կէտին անցնիլը իր դիւանագիտութիւնը լիարժէք բանեցնել ի նպաստ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափի վերականգնման:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: