Մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ, ամէնէն ողբերգական եւ ամէնէն յուսաբեկող թուականներէն մէկը, անկասկած, Հոկտեմբեր 27, 1999-ն է։
Չարագուշակ եւ աղիտալի այդ Չորեքշաբթի օրը, Նայիրի Յունանեանի գլխաւորած ահաբեկչական, լիովին զինուած խմբակը, ցարդ չբացայայտուած միջոցներով, յաջողեցաւ մուտք գործել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի դահլիճէն ներս եւ, մոլեգնած վայրագութեամբ, սպանդի ենթարկեց Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրզոյեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարչական հարցերով նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը։
Կային նաեւ բազմաթիւ վիրաւորեալներ։ Իսկ 91 պատանդները, մեծաւ մասամբ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ազատ արձակուեցան յաջորդ օրուան լուսադէմին միայն։
Քստմնելի եւ ծայր աստիճան սահմռկեցուցիչ էր, անշուշտ, դաժան նախճիրը, բայց առաւել եւս հոգեցունց է ա՛յն պարագան որ Յունանեանն ու զզուելի միւս թշուառականները, գլխատելով մեր կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի ղեկավարութիւնը, ո՛չ միայն մտահոգիչ կերպով երերած եղան մեր պետականութեան հիմքերն իսկ, այլ՝ ոտնահարեցին ու բռնաբարեցին նաեւ ազգային մեր արժանապատուութիւնը։
Կարդացեք նաև
Արիւնաթաթախ պատահարին առնչակից դէպքերու զարգացումները աւելի՛ եւս խճճեցին եղելութիւններու, այլապէս ալ, խստօրէն տարակուսելի, թնճուկը։ Կրակոցներէն եւ սպանութիւններէն, տառացիօրէն, ընդամէնը վայրկեաններ յետոյ, զարմանալի «հոտառութեամբ» Ազգային Ժողովի շէնքին առջեւ յայտնուեցան ամերիկեան CNN լրատու գործակալութեան աշխատակիցները, զինուած իրենց տեսագրող սարքերով։ Ամերիկացի լրագրողները, զինք հաւաստիագոյն աղբիւր համարելով, իրազեկ իր մեկնաբանութիւնները ստանալու համար դիմեցին “Ազգ” թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանին, որ նոյնպիսի ուշագրաւ պարտաճանաչութեամբ, անմիջապէս, ժամանած էր դէպքի վայր։
Պատանդներու ազատ արձակումէն ետք, զինեալ ահաբեկիչները պահանջեցին ուղղակի բանակցութիւններ վարել մի՛այն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ եւ, յայտնի է, որ յաջողեցան ստանալ սպառիչ հաւաստիացում թէ տեղի պիտի ունենար արդար դատավարութիւն եւ թէ, կտրականապէս, բացառուած պիտի ըլլար մահապատիժի վճիռը։ Սակայն, ցարդ, անծանօթ կը մնան բանակցական զրոյցին բոլոր այլ մանրամասնութիւնները։
Սպանութիւններուն ականատես եղող եւ ապա պատանդ վերցուած լրագրողներու վկայութեամբ, ահաբեկիչները յստակօրէն յայտարարած էին թէ կատարուածը պետական հարուած էր, որմէ կարելի էր հետեւցնել թէ այլ անձեր եւս առնչուած էին ազգադաւ այդ արկածախնդրութեան հետ։ Կային նաեւ հիմնաւորուած ուրիշ տուեալներ ալ, որոնք, նոյնպէս, որոշակի կերպով կը թելադրէին մեղսակիցներու առկայութիւնը; Սակայն, այս ուղղութեամբ, կատարուած հետազօտութիւնները մնացին բոլորովին ապարդիւն, իսկ անոնց եղրայանգումները՝ աւելի քան անհամոզիչ։ Գրեթէ երեք տարի տեւած դատավարութիւնը եւս չյաջողեցաւ, այս մասին, որեւէ պարզաբանում կատարել։ Այլ խօսքով, յանցագործութեան բուն դրդապատճառները, մինչեւ օրս, կը մնան անյայտ։
Անհերքելիօրէն յստակ է, սակայն, մէկ բան։ Անողոք այս բռնարարքին իբրեւ անմիջական հետեւանք, մեծապէս տուժեց խորհրդարանական «Միասնութիւն» դաշինքը, որ կեանքի կոչուած էր Կարէն Դեմիրճեանի եւ Վազգէն Սարգսեանի զօրակցութեամբ եւ որ, ակնյատ կերպով, մինչեւ անիծեալ այդ օրը, քաղաքական գերիշխող ոյժն էր Հայաստանի մէջ։
Մարդասպանները, ի վերջոյ, դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան։ Բայց, մինչ Յունանեան կը շարունակէ կատաեալ կերպով առողջ ըլլալ, դաւաճանական արարքի մասնակիցներէն, ինչպէս նաեւ ողբերգական իրադարձութեան մասին վկայութիւն տուողներէն շատերը, ցարդ, մեռած են, անորոշ կամ երկմտելի բացատրութիւններով։ Յանցագործներ Էտուարտ Գրիգորեանը, Նորայր Եղիազարեանը, Վռամ Գալստեանը եւ Համլէտ Ստեփանեանը մահացած են գրեթէ կասկածելի պատճառաբանութիւններով։ Մինչ, Յունանեանի մօտիկ ծանօթ, լրագրող Տիգրան Նաղդալեանը, վկայ Մուշեղ Մովսիսեանը, պետական արձանագրութիւններու բաժնի պաշտօնէուհի Յասմիկ Աբրահամեանը, Ազգային Ժողովի նախկին հիւանդապահուհի Ռոզա Յովհաննիսեանը եւ պետական հեռատեսիլի երբեմնի թղթակից Տիգրան Նազարեանը (վերջին երկուքը Միացեալ Նահանգներու մէջ), բոլորն ալ, մեռած են չափազանց առեղծուածային պայմաններու տակ։
Զարհուրելի պատահարին մասին, անշուշտ, գոյութիւն ունին վարկածներ, որոնցմէ ոչ մէկը, սակայն, վաւերականօրէն հիմնաւորուած է մինչեւ հիմա։ Վարկածներէն մին, զարմանալիօրէն, կը համընկնի այս օրերուն մեզ ազգովին յուզող՝ Արցախեան հարցի կարգաւորման հետ։ Ըստ երեւոյթին, այդ շրջանին, յատկապէս օտար պետութիւններու ուղղակի միջամտութեամբ, ջանադիր աշխատանք կը տարուէր իրականացնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքներու փոխանակման «Մեղրիի տարբերակը», որ կ’առաջադրէր որ Շուշիի եւ Լաչինի շրջանները պաշտօնապէս տրուէին Հայաստանին, իսկ Մեղրիի շրջանը տրուէր Ատրպէյճանին։ Առկայ է այն համոզումը թէ, այս տարբերակին, ծայրայեղօրէն դէմ էին Կարէն Դեմիրճեանն ու Վազգէն Սարգսեանը։
Ստոյգ են, սակայն, հետեւեալ տուեալները։ Մեծ ոճիրի նախօրէին, այսինքն, Հոկտեմբեր 26-ին, Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարի (արտաքին գործոց նախարարի) տեղակալ Սթրոպ Թալպոթի գլխաւորած ամերիկեան եռանդամ պատուիակութիւնը ուղեւորուեցաւ Պաքու, ուր տեղի ունեցան պաշտօնական բանակցութիւններ։ Նոյն պատուիրակութիւնը, Հոկտեմբեր 27-ին ժամանեց Երեւան, ընդունուեցաւ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ եւ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, որոնց մասնակցեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը։ Բանակցութիւններու աւարտին, լուսահոգի վարչապետը շտապեց դէպի Ազգային Ժողովի դահլիճ, ուր ընթացքի մէջ էր խորհրդարանական նիստը։ Իսկ Վարդան Օսկանեան օտար դիւանագէտներուն ուղեկցեցաւ դէպի օդակայան, ուրկէ ամերիկեան պատուիրակութիւնը, ի վերջոյ, պիտի մեկնէր Անքարա։
Թէ այս բոլորը ինչքանո՞վ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչութիւն ունին հետագայ գարշելի եղելութիւներուն հետ, չէ բացայայտուած տակաւին։
Սակայն, այդ օրուան արիւնահեղ վայրագութիւնը մեր պետականութեան հիմերը խարխլելու միտող եւ մեր հայրենիքի վարկին ու հեղինակութեան դէմ ուղղուած ԱՆՆԵՐԵԼԻ ոճիր է, որուն չլուծուած մնալը ծանրագոյն ամօթանք եւ տագնապեցնող, անհատնում մղձաւանջ է բոլորիս համար, անխտիր։
Անցած են արդէն քսանըերկու երկար տարիներ։ Անհրաժեշտ է որ, անյապաղօրէն եւ վերջնականապէս, մեր ճակատներէն սրբենք, այլեւս, ստորացնող այս խարանը։
Ասատուր Տէվլեթեան
Նիկոսիա, Կիպրոս