Հարցազրույց Բրազիլիայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Բերբերյանի հետ
– Սրբազան հայր, հատկապես այսօր շատ է կարեւորվում Մայր Աթոռի դերակատարությունը, ձեր կարծիքով ինչպիսին է այդ դերակատարությունը համայն հայության կյանքում:
– Մայր Աթոռի դերակատարութիւնն անգին է, իսկ անոր վաստակը՝ անփոխարինելի հայի կեանքին մէջ: Այն ինքնին առաքելութիւն է, համայն հայութեան հոգեւոր ընկալումներուն ուխտատեղի եւ սրբութիւն սրբոց: Երեկ, այսօր եւ մինչեւ աշխարհի վախճանը Մայր Աթոռը հաւատարիմ է իր ուխտի այն գաղափարներուն, որն ի վերուստ ստացած է մեր Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Մայր Աթոռը իր ծնունդէն սկսած կապրի հայու կեանքին մէջ՝ ըլլալով ներկայ անոր յաջողութիւններուն, վերէլքներուն եւ անկումներուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ գլուխ ունենալով ազգընտիր հայրապետ Գարեգին Երկրորդ Ներսիսեանին, այսօր կը շարունակէ ապրիլ իր սուրբ հայրերէն աւանդուած կանոններով եւ առաքինի գործերու իմաստութեամբ: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր հայկական համայնքերուն մէջ, մենք ունինք եկեղեցիներ: Հայ եկեղեցին, հայ հոգեւորականը եւ պարզապէս հայ մարդը քաջ գիտակցած է, որ օտարութեան մէջ ապրող հային կրնայ հայ պահել միայն ու միայն եկեղեցին: Տարբեր համայնքներու մէջ 30 տարիներու իմ ծառայութիւնը, միշտ ուղեցոյց եւ ուղենիշ է եղած է ինձ՝ որպես հայ եկեղեցւոյ խոնարհ սպասաւոր: Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գործեն տարրատեսակ ծառայութիւններու բաժիններ։ Ամէն մի բաժին իւրայատուկ ձեւով նուիրուած է մարդուն, անոր պէտքերուն եւ հոգսերուն: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին պատկանող սփիւռքի թեմերուն մէջ հայ եկեղեցին ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ մայրենի լեզուի եւ մշակոյթի պահպանմանը: Գրեթէ բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ մենք ունինք դպրոցներ, վարժարաններ:
Կարդացեք նաև
Այս օրերուն, Մայր Աթոռը եւ անոր սպասաւորները եղան նաեւ զինուոր։ Զոհուեցաւ հայ եկեղեցականը, անյայտ կորաւ հայ քահանան, մի խօսքով, այն ցաւն ու սարսափը, որ պարուրեց ամէն մի անկիւնի մէջ ապրող հայուն, պարուրեց նաեւ հայ եկեղեցւոյն: Մայր Աթոռը կը ծառայէ մարդուն, այս գաղափարէն այն կողմ չկայ եկեղեցի եւ չկայ հայ հոգեւորական, քանի որ ժողովուրդը ինքնին եկեղեցին է, այսինքն չկայ եկեղեցի առանց ժողովուրդի: Նայեցէք պատմութեանը, քանի-քանի դարեր հայ եկեղեցին եւ հայոց հայրապետները եղած են հայ ժողովուրդին առաջ տանող ոյժը: Քանի-քանի անգամներ պետականութեան բացակայութեան պատճառով ջնջման վտանգի տակ եղած է հայը: Մենք պարզապէս պարտական եւ աղօթակից պէտք է ըլլանք մեր եկեղեցւոյն, քանի որ եկեղեցին ընտանիք մըն է եւ ընտանիքի անդամները սիրով պէտք է լեցնեն այդ աստուածաստեղծ կառոյցը:
– Թեմեր եւ Մայր Աթոռ փոխհարաբերության համատեքստում խնդրում եմ խոսեք Մայր աթոռի եւ Բրազիլիայի հայոց թեմի փոխհարաբերության մասին:
– Առանց այդ կապի մենք պարզապէս չենք կրնար անդամը ըլլալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Բացի ներթեմական մի քանի հարցերէն, մենք ամբողջապէս կը գտնուինք Մայր Աթոռի եւ անոր գահակալի բարձր հովանու ներքոյ: Բրազիլիայի հայոց թեմը մի փոքրիկ Հայաստան է, որն ամէն առիթ կ՚օգտագործէ իր հաւատացեալներուն հրամցնելու հայ եկեղեցւոյ անուշահոտութիւնը: Բազմաթիւ առիթներով ես որպէս առաջնորդ կ՚այցելեմ Մայր Աթոռ, կը հանդիպիմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, Անոր հետ կը քննարկեմ տարրատեսակ եւ բազմաթիւ հարցեր, որոնք կարեւոր են մեր թեմի գործունէութեանը եւ անոր ծառայութեան բարձր որակի ապահովմանը: Կը ցանկանայի նշել, որ մենք բոլորս որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներ Մայր Աթոռին անքակտելի կերպով կապուած ենք Սբ. Մկրտութեան եւ Սբ. Դրոշմի միջոցով: Տարիներու ընթացքին Բրազիլիայէն հարիւրաւոր ուխտաւորներ այցելած են Մայր Աթոռ՝ վերանորոգելով իրենց կապը մեր Տիրոջ հետ: Իմ առաջնորդ ըլլալուս այս 8 տարիներուն ունեցած ենք եկեղեցւոյ սուրբ խորանի երիտասարդ ծառայողներ, որոնք մեկնած են Մայր Աթոռ եւ անդամագրուած Գէորգյան Հոգեւոր Ճեմարանի սաներու շարքին:
Ունեցած ենք ուսանող, որը հայերէն լեզուն սորված է ճեմարանի մէջ։ Ուրիշներ կատարելագործած են իրենց եկեղեցական հմտութիւնները եւ վերադարձած են Բրազիլիա: Դեռեւս ունինք երիտասարդներ, որոնք ցանկութիւն ունին ուսանելու Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը: Ուրախ ենք, որ մեր հայրապետը մշտամնայ կապի մէջ է առաջնորդիս եւ թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Բրազիլիայի հայոց թեմը օժանդակութեան նպատակներով ամուր կապուած է իր եկեղեցւոյն եւ հայրենիքին: Բրազիլիայի հայ համայնքի պատմութեան մէջ շատ եղած են այցելութիւնները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու կողմէ: Վազգէն եւ Գարեգին Առաջին կաթողիկոսները իրենց գահակալման տարիներուն հայրապետական այցեր կատարած են մեր թեմ, իսկ ներկայիս Վեհափառ Հայրապետը 2006 եւ 2010 թթ. այցելեց մեզ, եւ այդ այցը մեծ խանդավառութիւն ներշնչեց մեր հաւատացեալներուն: Յուսանք ապագային Վեհափառ Վայրապետը նորէն կայցելէ մեզ:
– Սրբազան հայր, 21-րդ դարում ինչո՞վ կարող է եկեղեցին գրավել, իրեն մոտեցնել մարդկանց, իր շուրջը համախմբել ու միավորել՝ հատկապես Սփյուռքում:
– Գիտէք, եկեղեցին հարուստ է իր ժողովուրդով, իսկ ժողովուրդը հարուստ է իր հոգեւորականով: Երբ համայնքին մէջ կը ծառայէ լաւ հոգեւորական, պատրաստուած հովիւ, ապա այդ համայքն ուժեղ եւ զօրաւոր է: Եկեղեցականը պէտք է ունենայ հոգեւորական-հաւատացեալ ներդաշնակ շփման զգացողութիւն՝ ըլլալով համբերատար, աշխատասէր, տեսիլք ունեցող եւ սէր սփռող հոգեւորական: Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը տարբեր դարերուն բազում յարձակումներու եւ վտանգներու առջեւ կանգնած եղած է՝ աղանդներ, հերձուածներ, տարրատեսակ մոլորություններ փորձած են հաւատացեալին ուղղակիօրէն շեղել ճշմարտութենէն, բայց հասած է հայ եկեղեցականը, որ իր քարոզի, իր գրչի միջոցով ստեղծած է այնպիսի խօսք ու գրականութիւն, որուն դէմ խոնարհուած են ճշմարիտ ուղղիէն շեղուած գրեթէ ամէնքը:
Այսօր բազմաթիւ վտանգներ կան, աղանդաւորական բազմաթիւ շարժումներ, տարբեր ֆինանսական յայտնի միջոցներով կը փորձեն խարխլել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, բայց չեն յաջողիր, որովհետեւ անոնց տունը աւետարանական իմաստով ասած, կառուցուած է աւազի վրայ, իսկ մեր տունը՝ ժայռի վրայ: Սփիւռքի մէջ այս խնդիրները եւս կան, բայց այդքան մեծ չափերու ճնշման չի հասնիր։ Մեր թեմը ամէն աշխատանքի միջոցով հաւատացեալի կեանքին մէջ կը փորձէ վառ պահել եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Յաճախ Աստուածաշունչի մեկնութեան դասեր կը կազմակերպենք։ Ամէն կիրակի օր՝ պատարագի վերջաւորութեանը, օրուայ աւետարանական հատուածի մեկնութիւնը հասու կը դարձնենք շատերուն։ Մի քանի ծրագրեր եւս կան, որ առաջ Աստուած պէտք է կեանքի կոչենք: Ուրիշ առիթով Ձեզ հետ խօսած ենք մեր թեմի ծրագրերի մասին: Այսօր ամբողջ աշխարհը կապուած է հեռախօսին, այդ պատճառով ստեղծեցինք նաեւ մեր ֆեյսբուքեան էջը եւ այնտեղ կը տեղադրենք ամէնօրեայ աղօթքներ, Սուրբ Գիրքէն ամէնօրեայ ընթերցումներ, առակներ, հոլովակներ, ինչպես նաեւ հետաքրքիր եւ կարեւոր պատմութիւններ՝ հայ եկեղեցիէն, հայոց պատմութենէն եւ այլն:
– Որեւէ դրվագ կարո՞ղ եք ներկայացնել Վեհափառ Հայրապետի գործունեության հետ կապված, որը կարող է օրինակ լինել նոր-նոր հոգեւոր ծառայություն սկսողների համար:
– Եթէ խորապէս նայինք Վեհափառ Հայրապետի հոգեւոր գործունէութեան այս 56 տարիներուն, ապա խորը պատկեր կը կազմենք, թէ ինչպիսի հոգեւորական եւ ինչպիսի ծառայութիւն է Ան նուիրած եւ տակաւին կը նուիրէ մեր եկեղեցւոյն: Շատ անգամներ Վեհափառ Հայրապետէն կը լսենք, որ հոգեւորականը հովիւ պէտք է ըլլայ։ Կը կարծեմ, եթէ ամէն մի հոգեւորական գիտակցի այս խօսքի խորհուրդը, ապա մենք կ՚ունենանք հզօր եկեղեցի, ուժեղ ժողովուրդ եւ անոր կը յաջորդէ զօրաւոր հաւատքով հաւատացեալներու մի մեծ բանակ:
Շատեր այս ժամանակներուն չեն ուզեր տեսնել, չեն ուզեր գնահատել, կամ ալ իրենց ձեռնտու չէ արժեւորելը, թէ ով է այսօր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Հայրապետ ըլլալը ծանր ու պատասխանատու հոգեւոր ծառայութիւն է, եւ ամէն մեկս սատար կանգնելով՝ կը զօրացնենք եւ կը պաշտպանենք մեր հայրենիքն ու սրբութիւնները: Այս տագնապալից օրերուն հայոց հայրապետը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ ամէն ջանք չի խնայէր, որպեսզի տուն վերադառնան Բաքուի մէջ պահուող մեր գերիները: Վեհափառ Հայրապետի ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր Հայաստանով։ Ան իր հոգածութեան տակ կը պահէ ամբողջ աշխարհով ապաստան գտած միլիոնաւոր հայերուն, եւ սա մեծ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ: Անոր գահակալման տարիներուն հայ եկեղեցին ամրացաւ։ Շատ հոգեւորականներ ուսման նպատակով հայոց հայրապետը ուղարկած է եւ տակաւին կ՚ուղարկէ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններ ուսանելու: Իր օրօք նոր շունչ ստացան Մայր Աթոռի բոլոր շինութիւնները: Այսօր կը վերանորոգուի Միածնաէջ Մայր Տաճարը: Պատմութեան մէջ այն շատ անգամներ վերանորոգուած է, բայց այս անգամ կը վերանորոգուի իւրայատուկ կերպով:
Կը Յիշեմ, մինչ Գարեգին Երկրորդ Կաթողիկոսի գահակալումը Մայր Աթոռի մէջ շատ քիչ աշխատանքի եւ հոգեւորականներու ծառայողական բաժիններ կը գործէին։ Այսօր Մայր Աթոռին մէջ 3 տասնեակէ աւելի հոգեւոր եւ վարչական շէնքեր կան: Իր օրօք զարկ տրուեցաւ նաեւ գրատպութեանը։ Շատ ու շատ ձեռագրական աշխատանքներ աւելի հասանելի դարձան հանրութեանը: Հայոց հայրապետը մեծ ուշադրութիւն դարձուց նաեւ եկեղեցիներու վերանորգմանը, նորերու կառուցմանը: Մայր Աթոռի տարածքին մէջ կառուցուեցան նոր գեղեցիկ շէնքեր, իսկ հիները վերանորոգուեցան: Բարի օրինակները բազմազան են կապուած Անոր անձին հետ, որովհետեւ հայոց կաթողիկոսի գործունէութիւնը բազմաթիւ բարձրարժէք խորհուրդներով է լեցուն:
– Վեհափառ Հայրապետը վերջերս այց կատարեց Իտալիա: Ընդհանրապես Վեհափառը եւ եկեղեցին կարո՞ղ են կոնֆլիկտների լուծման, գերիների վերադարձի եւ նման այլ հարցերի առումով դերակատարություն ունենալ կամ լսելի դարձնել այդ ամենը միջազգային հարթակներում նաեւ քույր եկեղեցիների միջոցով:
– Մեր կեանքի մէջ ամէնէն լաւ ուսուցիչը անցեալի պատմութիւնն է։ Չեմ վարանիր նորէն ըսելու, որ հայ եկեղեցին իր ծնունդէն ի վեր հայ ժողովուրդին առաջ մղող միակ ոյժն է եղած եւ կայ: Հայոց կաթողիկոսներն ու հայ հոգեւորականները պատմութեան ընթացքին այնպիսի կարեւորագոյն խնդիրներ փորձած են լուծել, որոնք իրենց խորութեամբ ուղղակի կապուած եղած են ազգի գոյութեան հետ, հայի ապագայի եւ այդ ապագայի որակի հետ: Այսօր ալ հայ հոգեւորականները գլուխ ունենալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը պայքարին ճշմարտութեան վերականգնման համար՝ փորձելով նորէն խաղաղութեամբ լեցնել հայոց վիրաւոր սրտերը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մի քանի օր առաջ հանդիպեցաւ Հռոմի Ֆրանցիսկոս պապի հետ: Վեհափառ հայրապետը հանդիպեցաւ նաեւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքի եւ Ադրբեջանի կրօնապետին հետ: Այդ հանդիպումներուն նպատակը մէկն էր. վերադարձնել գերիները, կանգնեցնել Արցախի մէջ տեղի ունեցած մշակութային ջարդերը, վերացնել խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցած վայրագութիւնները: Հռոմի պապի հետ հանդիպման ժամանակ հայրապետական պատուիրակութեան անդամներէն էր նաեւ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեծ կարեւորութիւն տուաւ այս մի քանի հանդիպումներուն եւ հանդէս եկաւ բազմազան ապացոյցներով՝ թէ ինչպիսի դաժանութիւն տիրած է Արցախի մէջ եւ ինչպիսի մթնոլորտի մէջ առաջ կ՚երթայ բազում օրհասական հարցեր: Վստահ ենք, որ այս կարեւոր հանդիպումները որոշ հարցերուն դրական լուծումներ պիտի բերեն: Մայր Աթոռը բոլորիս հոգեւոր ծննդավայրն է։ Այնտեղ հնչող ամէնօրեայ աղօթքները որպես հոգեւոր սնունդ անտեսանելի կերպով ամէն լուսաբաց եւ ամէն գիշեր կ՚առաքուի մեր տները՝ ըլլալով պաշտպանն ու ապաւէնը բոլորիս համար: Էջմիածնի խորհուրդի մասին շատեր խօսած են, բայց Աւետիք Իսահակեանի խօսքերը իմ սրտին աւելի մօտ են. «Հայ ժողովրդի մաշկը քերես Էջմիածին կերեւայ, Էջմիածինն ազգային գոյութեան խարիսխն է, ազգային միութեան սիմվոլը»: Իսկապես ամէն հայու կեանքին մէջ Էջմիածինը սրբութիւն է եւ մեր հոգու պատկերը։ Մենք զաւակներն ենք այդ հնամենի եւ շնորհաբաշխ կառոյցին: Աստուած օրհնէ բոլորիդ։ Թող հայոց աշխարհէն միայն ու միայն ուրախութեան ձայներ լսուին, այնքան ուժեղ ձայներ, որ մինչեւ հեռաւոր Բրազիլիա լսելի ըլլան:
Զրուցեց ԳՈՀԱՐ ՀԱԿՈԲՅԱՆԸ
«Առավոտ» օրաթերթ
21.10.2021