«Եռագույն». Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ իրավիճակի մէջ կը գտնուի հայութիւնը այսօր, յատկապէս անկախ անկէ, թէ քաղաքական-ռազմական ու մանաւանդ հոգեբանական ի՛նչ կացութիւն կը տիրէ մեր հայրենիքէն ներս եւ դուրս, նաեւ անկախ անկէ, թէ մեր հայրենիքի պատմական տարածքին աւելի քան 90 առ հարիւրը կը մնայ բռնագրաւուած մեր թշնամիներուն կողմէ, մեր ժողովուրդին ալ գուցէ երեք քառորդը կամ աւելին կը գտնուի իր պապենական հողերէն դուրս, եւ համոզուած, որ ազգի մը պատմութեան թաւալումին մէջ իրավիճակները միայն ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն, մենք չենք կրնար դադրիլ մտածելէ մեր ապագայինմասին, մեր ազգի ու մանաւանդ մեր երկրի ապագային մասին։
Այո՛, հարց տանք մենք մեզի, թէ իրապէս ի՛նչ ժողովուրդ կ՚ուզենք ըլլալ, ի՛նչ տեսակ երկիր կ՚ուզենք ունենալ, ինչպէ՛ս կ՚ուզենք ապրիլ մեր ազգային կեանքը։
Կասկած չկայ, որ կ՚ուզենք ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ, ապրիլ խաղաղ, ապրիլ հանգիստ ու ապահով, ապրիլ մե՛ր ցանկացած ձեւով ու ոճով, մանաւանդ բնական ու գործակցական յարաբերութիւններով մեր շրջապատին հետ, աշխարհի՛ն հետ։ Զերծ թշնամիին սպառնալիքներէն, ճնշումներէն եւ որեւէ պահու անոր յարձակումին ենթարկուելու մտավախութենէն։ Այլ խօսքով՝ զերծ թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու իրավիճակէն։ Աւելի ճիշտ՝ ուզելով միայն բարեկամներ, նուազագոյնը ոչ թշնամիներ ունենալ մեր բոլոր սահմաններէն անդին։
Կ՚ուզենք նաեւ, որ մեր երկրի սահմանները ըլլան այնպէս, որ մեր համրանքին մեծամասնութիւնը կարենայ ոտքին տակ ունենալ կենսական տարածք մը, ունենայ իր կեցութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ պայմանները՝ բնական հարստութիւնները, անոնց ի՛նք տէր կանգնելու եւ անոնցմէ անխափան օգտուելու հնարաւորութիւնը՝ ի՛ր իսկ կարիքները հոգալու համար, ու մանաւանդ տնտեսական միջոցները՝ այդ ընել կարենալու համար։
Կ՚ուզենք կերտել երկիր, ուր կարենանք պահել-պահպանել մեր մշակութային ժառանգութիւնը, անարգել զարգացնել մեր մշակոյթը՝ մեր լուման բերելով աշխարհի քաղաքակրթութեան, ապրիլ ու գործել Արտաշէս Առաջինի օրէն իսկ պետական լեզու յայտարարուած մեր հայերէնով՝ զայն տեւաբար անաղարտ ճոխացնելով ու արդիացնելով, եւ անո՛վ՝ Նարեկացիի լեզուով, աղօթել մեր Աստծոյն։
Երկիր, ուր ոչ ոք կարօտ ըլլայ օրուան հացին, ոչ ոք զուրկ ըլլայ երդիքէ մը իր գլխուն վերեւ, ոչ ոքի զլացուին առողջական խնամք ու նուազագոյն կենսաթոշակ, Ընկերական զրույցներ բայց մանաւանդ ոչ ոքի առջեւ փակ ըլլան ուսանելու, զարգանալու՝ յառաջդիմելո՛ւ ուղիները։
Երկիր, որ կարենայ իր դերը խաղալ որպէս քաղաքակրթութիւններու կամուրջ Հիւսիսի ու Հարաւի միջեւ, Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, ինչպէս եղած է դարերո՜վ ու դարերո՜վ։ Կամուրջ՝ որպէս ոչ միայն մշակութային, ոչ միայն տնտեսական, այլեւ բնութեան պահպանման ու համամարդկային խնդիրները միասնաբար լուծելու կենսական օղակ։ Երկիր, որ իր ներդրումով եւ մարդկային արժէքներով ու արժանիքներով վայելէ բոլորին ճանաչումն ու յարգանքը։
Եթէ կոչ կ՚ընենք պայքարը շարունակելու, ահա թէ ինչի համար կ՚ուզենք պայքարիլ, պայքարիլ երկար շունչով, անդեդեւ վճռակամութեամբ, անվհա՛տ։
Վրէժ-Արմէն
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: