Մեր պարտութենէն ահա տարի մը անցաւ եւ դեռ ազգային-համաձայնուած ռազմավարութեան մը գէթ տեսլականը բանաձեւելու, ներկայ պայմաններու մէջ նոր ուղի մը փնտռելու համար ազգի «ղեկավար տարրը» քով-քովի չեկաւ: Մեր տկարութիւնները, պարտութեան պատճառները միասնաբար հետաքննելու եւ ստուգելու փոխարէն, իրար չհանդուրժող երկուքի կողմերու վերածուած է ան եւ անոնցմ իւրաքանչիւրը Շերլոք հոմսեան երեւակայութեամբ ենթադրական եզրակացութիւններու կը յանգի եւ այդ հիմունքով ալ պարտութեան ամբողջ մեղքը կը բարդէ միւսին վրայ յուսալով, որ քաղաքացիներու համոզումը կը փոխէ ու կը սիրաշահի զանոնք…:
Ազգի բարոյահոգեբանական համատարած յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան չի փոխակերպուիր պարզապէս անոր համար, որ անձեր կան, որոնք փորձառուի հանգամանքին յենած՝ Հայաստանի չարագուշակ ապագան փրկելու իրենց յաւակնոտութիւնը կը բարձրաձայնեն կամ՝ հայրենիքին համար խաղաղութեան ու բարգաւաճման դարաշրջան բանալու մարգարէաշունչ ու սին խոստումներ կու տան: Յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան կը փոխակերպուի եւ ժողովուրդին յոյս կը ներշնչուի այն պարագային, որ ղեկավար տարրը օրինակը տայ, որ յանուն հայրենիքի ապագային ինք առժամաբար երկրորդական կը դասէ բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները, կ‘առկախէ հին ու նոր ոխերը եւ ձեռք-ձեռքի տուած կ‘աշխատի, որ մէկտեղէ ազգի բոլոր ուժերը: Սա քրիստոնեայ քարոզիչի բարոյախօսութիւն չէ, այլ մեր պարզած ներկայ կացութենէն բխող անհրաժեշտ ՕՐԱՀՐԱՄԱՆՆ Է:
Հասած ենք տեղ մը, ուր շատցած են քաղաքական այրեր ու վերլուծող գրիչներ, որոնք անորոշ ապագայի մղձաւանջէն տագնապահար՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապաւէնը կը տեսնեն օտարին՝ ռուսին, Ամերիկային, Ֆրանսային, Պարսկաստանին, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Առնուազն զարմանալի է դեռ եւս օտարին մեր կառչածութիւնը: Մեր պատմութեան երկայնքին այնքան շատ օտարին յոյս կապած եւ ամէն անգամուն ալ այնքա՜ն մեծ յուսախաբութիւն կրած ենք, որ կը կարծուէր, թէ այլեւս մեր յոյսը պիտի փնտռենք ու գտնենք միա’յն մեր մէջ, միա’յն մեր ազգային ուժականութեան մէջ: Կ’անգիտանանք, որ օտարը կը յարգէ արժանաւո’րը, թերեւս նաեւ ի հարկին նեցուկ կ‘ըլլայ անոր: Բայց յառաջագունէ անոր ապաւէնը երբ փնտռես, արդէն արժանաւորութիւնդ կորսնցուցած ես: Կ’ըսուի չէ՞, թէ մուրացիկը կ‘առնէ ինչ որ տրուի իրեն: Դարերու իմաստութիւն կը խտացնէ-կը ցոլացնէ «եղունգ ունիս գլուխդ քերէ» ժողովրդային ասոյթը…
Հասած ենք տեղ մը, ուր չի բացառուիր նաեւ Ռուսիոյ հետ միութիւն կազմելու օրակարգ քննարկելը, Ինչ որ կը նշանակէ, թէ անկախութիւնը սակարկելի է, բացարձակ արժէք չէ: Հապա՞..:
Կարդացեք նաև
Կրկնենք. ռազմաքաղաքական թէ դիւանագիտական նոր պարտութիւն մը «շնորհի հարուած»ի մը պէս շա՜տ, շա՜տ սուղ կրնայ արժել Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան:
Միհրան Քիւրտօղլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում