Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գինովցանք մեր ուրախութենէն. ուսամբարձ ցատկռտեցինք, եռագոյնը ծածանեցինք, բարձրաձայն երգեցինք, կենացներ խմեցինք, բեմերէն ճառեր արտասանեցինք. «Եռագույն»

Հոկտեմբեր 05,2021 10:24

«Եռագույն». Ի՞նչ ըրինք. ինչպէ՞ս հոս հասանք։

Հաւանաբար աւելի պատշաճ պիտի ըլլար հարցնել՝ ի՞նչ չըրի՜նք։

Չըրինք այն, որ պէտք է ընէինք, երբ ունէինք առիթը. ըրինք այն, որ պէտք չէ ընէինք։

Գինովցանք մեր ուրախութենէն. ուսամբարձ ցատկռտեցինք, եռագոյնը ծածանեցինք, բարձրաձայն երգեցինք, կենացներ խմեցինք, բեմերէն ճառեր արտասանեցինք, ուս-ուսի սաւառնեցանք, գոչերով հասանք Արարատի բարձունքին, հասանք Մուշ-Սասուն, զիրար գրկեցինք ու մեր քոչարին ծուռ-շիտակ պարեցինք։

Յետո՞յ. յետոյ մեծ ու փոքրով, ներսով դուրսով աչք գոցեցինք իրարու վրայ կուտակուող սխալներուն. աչք գոցեցինք ոճրագործներու, պնակալէզներու, կաշառակերներու, բթամիտներու, օտարամոլներու, անպատիւներու, ստախօսներու, ազգային արժանապատուութենէ զուրկ սողուններու, հասանք ժողովրդավարութեան քօղին տակ յայտնուած ու հայութենէ զուրկ կամակատարներու։

Չբարձրաձայնեցինք. եթէ բարձրաձայնեցինք, ապա՝ միայն հայհոյանքով, միայն յոխորտանքով, կամ անուշահամ սին խօսքեր նետեցինք օդին մէջ ու անձնականը գերադասեցինք։ Այլապէս, լուռ հեռացանք, կամ մեր գրիչին մէջ թաղեցինք մեր միտքերն ու մտահոգութիւնները։ Զիրար չլսեցինք։

Չսորվեցանք. չսորվեցանք մեր սխալներէն։ Մեզմէ ոմանք մոռցան պահ մը, որ թուրքը թուրք է. մոռցան աշխարհի չգրուած օրէնքներուն մասին. թաւշեայ լոլոներով ապուշցան։

Մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցինք օտար ատեաններու առջեւ. ի զուր ակնկալեցինք, որ գոնէ քրիստոնեայ աշխարհը շարժի։ Չենք հասկցած տակաւին, որ մեր փրկութիւնը միայն մենք ենք։ Բայց ո՞ւր ենք մենք. «մենք»-ը մեր գիրքերուն մէջ է, մեր շրթունքներուն վրայ՝ երբեմն։ «Մենք» չկա՜յ այլապէս։

Միտք չպատրաստեցինք։ Չկառուցեցինք. եթէ կառուցեցինք՝ ապա պսպղուն պողոտաներ միայն. չկառուցեցինք մեր պետականութիւնը ամրապնդող համակարգ։ Թաղուեցանք մեր փառաւոր անցեալին մէջ, հպարտացանք մեր անցեալի տաղանդներով, ներկան օտարամոլ հոսանքին տուինք, ամէն օր քիչ մը աւելի ջլատելով ազգայինը. նախընտրեցինք նմանիլ, քան զատորոշուիլ։ «Մի՜ խառնէք մեզ…»-ը մեր շուրթերուն՝ գացինք ու խառնուեցա՜նք։

Չունեցանք առաջնահերթութեան գիտակցութիւն. սուզուեցանք կեղծիքի, սուտի, նիւթապաշտութեան կեղտոտ ոլորապտոյտին մէջ ու մեր դարաւոր ու փառաւոր ազգը ստորացուցինք, բաց վէրքին վրայ նո՜ր վէրք բանալով։

Չպատրաստեցինք ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող հեռատես ղեկավարներ, չունեցանք հայրենիքը անխախտ պահելու յանձնառութեան գիտակցութիւն, չթրծեցինք վաղուան դիւանագէտները։ Մանրուքներով զբաղեցանք ու հայրենիքի ապագան վստահեցանք ուրիշին։ Չունինք համազգային տեսիլք. չունինք համազգային ռազմավարութիւն. մութին մէջ խարխաբելով կը փորձենք տեղ-տեղ լոյսի շողեր փնտռել ու անոնցմէ կառչիլ։

Կրնա՞նք վերընձիւղել Սարդարապատի ոգին. կրնա՞նք վերջապէս արթննալ ու դէն շպրտել ստրուկի հոգեվիճակը. կրնա՞նք մենք մեզի հետ անկեղծանալ, տէրն ու ծառան ըլլալ մեր հայրենիքին։ Եթէ այո՝ այդ ատեն միայն, իրաւունք կ՚ունենանք մեր արցունքը խառնելու Եռաբլուրի հողին։ Այլապէս, մի՜ ներէք մեզի, մեր նահատակ քոյրեր, եղբայրներ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031