Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վարչապետ Փաշինեան եւ իր մերձաւոր հլու կամակատարները չեն գիտակցիր, որ այս ընթացքով կրնան մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն մութ էջերը գրել. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 02,2021 11:22

Կառուցողական երկխօսութիւն․․․ Վերջին օրերուն, այս երկու բառերով կազմուած գաղափարը զանազան բանաձեւումներով հրապարակ նետուած է եւ անընդհատ կը կրկնուի։

Երխօսութեան այլապէս ողջունելի, սակայն տուեալ պայմաններուն մէջ անմեկնաբանելի տրամադրութիւնը տարածուեցաւ ու ընդհանրացաւ, երբ Հ․Հ․ վարչապետը Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին ուղղուած իր առցանց ելոյթին ճամբով արտայայտուեցաւ իրականութիւնները անտեսող բարի նպատակներու մասին։ Ո՛չ զարմանալի, ո՛չ ալ անակնկալ էր այդ առաջարկ-խնդրանք-մարմաջը, մանաւանդ, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը արդէն իսկ խօսած էր թէ արեւելեան սահմանին կապուած հարցերուն, այլ հակառակ կողմը՝ արեւմտեան սահմանի գծով, այսինքն Թուրքիոյ հետ կառուցողական երկխօսութիւն կատարելու մասին։ Եւ ահա, Հայաստանի իշխանաւորները կը յայտնեն հեզասահօրէն եւ շուտով լծուիլ երկխօսութեան՝ առանց նախապայմաններու, որովհետեւ այլապէս, դժուար կ՛ըլլայ հարցի լուծման մէջ յառաջ ընթանալը:

Գրիգորեան յիշեցնելու կարիք չունէր, թէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, թէ՛ նախընտրական փուլին եւ թէ՛ ընտրութիւններէն ետք, թուխով ու մուրճով շարունակ խօսած է խաղաղութիւն հաստատելու, երկարատեւ կայունութիւն ապահովելու եւ այսպէս՝ նոր էջ մը բանալու մասին, լուսանցքի մէջ ձգելով եւ մինչեւ իսկ փակել փորձելով դարէ մը աւելի պատմութիւն ունեցող ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ էջը:

Կառուցողական երկխօսութիւնը նաեւ օրակարգի վրայ էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի տեսակցութեան պահուն, Նիւ Եորքի մէջ, Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին զուգահեռ՝առանձին հանդիպումներու ծիրին մէջ։ Համեմատաբար աւելի զուսպ էին այդ հանդիպումէն բխած արձագանգները, ուր կարեւոր կը նկատուէր Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Մինսքի խմբակի մասնակցութիւնը՝ ի խնդիր կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման: Նոյնքան զուսպ էր Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէսի յայտարարութիւնը, երբ ան յոյս յայտնեց, որ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ կայուն խաղաղութեան։

Յիշեալ խօսքի եռուզեռէն ետք, պէ՞տք է զարմանալ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ամէնայն ինքնահաւանութեամբ եւ յոխորտանքով յայտնեց, թէ առարկութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպում ունենալու առաջարկի մը դէմ, մանաւանդ, որ Ե․Ա․Հ․Կ․-ի Մինսքի խմբակի միջնորդներն են այս դասաւորումը կատարողը։

Վարչապետ Փաշինեան եւ իր մերձաւոր հլու կամակատարները չեն գիտակցիր, որ այս ընթացքով, կրնան մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն մութ էջերը գրել։ Դեռ աւելի՛ն, անոնք ճամբայ կը բանան «հայոց պատմութեան» մը, որ կրնայ աշխարհի պատմութեան էջերուն անցնիլ իբրեւ մէկ նոր գլուխը՝ «էր երբեմն»-ով ներկայացող մարերու, միտանիներու կատարեալ անցեալի վերածուած ու անկատարով շարունակուած ժողովուրդներու պատմութեանց: Փաստօրէն, Հայաստանէն պատառիկներու կորուստը միայն սոսկական տարածքի կորուստ չէ, այլ նոյնինքն պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անխակութեան նսեմացում, նօսրացում, հասնելու համար ամբողջական կորուստի, որուն դէմ կոչուած ենք պայքարելու մեր բոլոր կարողութիւններով, բանիւ եւ գործով:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031