Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա–ի ֆեյսբուքյան գրառումը
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին տխուր առիթով մեր նայուածքները ու մտածումները կ՚ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն՝ ըսելով.- ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար։
Ան որ այս սրբազան նպատակին համար ինքզինք կը զոհէ՝ նահատակ է եւ դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր զաւակները մեր ազգին ու հայրենիքին համար դարձած են նահատակներ։
Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը.- հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող՝ հաւատքով ու կամքով կռանուած։
Կարդացեք նաև