ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
27 Սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ։ Արդարեւ, անգամ մը եւս թուրք-ազերիական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ Արցախ աշխարհը, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ կորսնցուց հողային հսկայ տարածքներ։
Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար հերոսաբար զոհուած, իրենց արիւնը թափած քաջարի հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուակայանը դիմելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ փափաքեցաւ իմանալ Նորին Սրբութեան մտածումները Արցախեան պատերազմին տարելիցին առիթով։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կը յիշեն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը՝ իր մարդկային, հողային ու նիւթական ահաւոր վնասներով եւ հոգեկան յուզումնախառն զգազումներով։ Այս տխուր առիթով մեր նայուածքներու ու մտածումները կ՚ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն՝ ըսելով.- ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար։ Ան որ այս սրբազան նպատակին համար ինքզինք կը զոհէ՝ նահատակ է եւ դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր զաւակը մեր ազգին ու հայրենիքին համար դարձած է նահատակ։ Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը.- հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող՝ հաւատքով ու կամքով կռանուած։ Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր նահատակները կռուեցան ու զոհուեցան»։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Ժողովուրդ մը իր նահատակներով կը մեծնայ, կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ։ Այս կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը»։
Կարդացեք նաև
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹՅՈՒՆ