Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Յանձնուողական, պարտուողական, ապիկար գործելաոճը հիմա ալ կը շարունակուի՝ պարտութենէն գրեթէ մէկ տարի ետք. Ժագ Յակոբեան

Սեպտեմբեր 24,2021 10:10

«Եռագոյն». Երեսուն տարի առաջ, նաեւ Արցախեան ազատագրական պայքարի հուժկու ալիքներուն շնորհիւ, Հայաստանը եւ հայութիւնը դարձան շրջանային գործօններ, իսկ  ահաւասիկ արցախեան Բ. պատերազմին քաղաքական եւ զինուորական պարտութեան իբրեւ հետեւանք այդ գործօնին ազդեցութիւնը գրեթէ զերոյի հաւասար դարձած է շրջանային հաւասարակշռութեան մակարդակով: Պատերազմի հիմնական հետեւանքներէն մէկը այն էր, որ Արցախեան ազատագրական պայքարը վերադարձաւ իր զերօ կէտին: Թէեւ ամէն ինչ չէ որ կորսնցուցած ենք, բայց կորսնցուցած ենք բազմաթիւ ձեռքբերումներ, որոնցմով յատկանշուած էր այս ազատագրական պայքարը: Այո՛, բանակցային գործընթացի սկիզբէն ալ կը խօսուէր նշանաւոր եօթը շրջաններու վերադարձին մասին, բայց պատերազմին իբրեւ եզրայանգում արձանագրուածը բազմաթիւ առումներով չի մարսուիր, որովհետեւ այդ եօթը շրջաններուն մեծամասնութիւնը թշնամի Ազրպէյճանին յանձնուեցան գրիչի մէկ հարուածով՝ առանց մէկ փամփուշտի արձակման…Դեռ չխօսինք նաեւ բուն Լեռնային Ղարաբաղէն Հատրութի եւ Շուշիի բռնագրաւման մասին: Այս բոլոր տուեալներուն պատճառով, առաւել եւս Արցախի ներկայ կարգավիճակին շուրջ բաւական լուրջ անորոշութեան պատճառով կը շեշտենք, որ հայկական գործօնը կովկասեան շրջանին մէջ չէզոքացուեցաւ՝ ոչ երբեք առանց նկատի առնելու Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու յանձնուողական եւ ապիկար գործելաոճը:

Այս յանձնուողական, պարտուողական, ապիկար գործելաոճը հիմա ալ կը շարունակուի՝ պարտութենէն գրեթէ մէկ տարի ետք: Անիկա կը շարունակուի իշխանական բարձր մակարդակի վրայ «Խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու մասին քարոզչութեան ծաւալումով, ռազմագերիներու անմիջական վերադարձին մասին ոչ վճռական մօտեցումով եւ ի տես բուն իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներու խախտումներուն իշխանութիւններու կատարեալ անգործութեամբ: Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հիմա շատ հոլովուող սահմաններու ճշդման, սահմանագծման եւ սահմանազատման հոլովոյթներուն մէջ դժբախտաբար հայկական կողմը կրաւորական դիրքերու վրայ կը գտնուի: Այդ հոլովոյթները տեղի կ՛ունենան գլխաւորաբար ռուսական միջնորդութեամբ եւ ազրպէյճանական անյագ ախորժակի ճնշման պայմաններուն մէջ:

Արցախեան Բ. պատերազմի սկզբնաւորութենէն մէկ տարի վերջ, ուրեմն, «Խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու իշխանութիւններու սին կարգախօսին թմբիրին ներքեւ, պատրաստութիւններ կը տեսնուին սահմանազատման եւ սահմանագծման պատրուակներուն ներքեւ նոր զիջումներ կատարելու այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն, իսկ եթէ իրականութիւն դառնայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջերս առջեւ նետած նոր նախապայմանը՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալու գծով, ապա այն ժամանակ կրնանք ըսել, որ թրքութիւնը շրջանին մէջ իր քաղաքական մեծ նպատակներէն մէկը իրագործած կ՛ըլլայ՝ համաթուրանական մեծ երազի ճամբուն վրայ:

Իբրեւ վերջնական պատկեր ի՞նչ կ՛ունենանք մեր հայեացքներուն առջեւ: Կ՛ունենանք այն, որ այն մարդիկը, որոնք իշխանութեան եկան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրապնդելու ու զօրացնելու կարգախօսներով, անկախութենէն 30 տարի ետք մեծագոյն մսխողները պիտի ըլլան գերիշխանութեան եւ ինքնիշխանութեան արժէքներուն, որոնք հիմքերն են անկախ պետականութեան: Ասիկա կը պարտադրէ ազգային եւ պետական շահերը գերիվեր դասող ազգային լուրջ ուժերուն, որ զգօն մօտեցում ցուցաբերելով իրենց շուրջ համախմբեն հայ ազգը՝ փրկելու համար պետականութիւնը եւ վերստին ազդու գործօնի մը վերածուելու համար շրջանային քաղաքական խճանկարին մէջ: Ամբոխավարական հռետորաբանութիւնը չի կրնար երկար կեանք ունենալ քաղաքական կեանքին մէջ: Անիկա ուշ կամ կանուխ պիտի փաստէ իր սնանկութիւնը…

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930