Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք Երեւանը կ՛երթայ (կամ կը տանին) Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մեկնարկման համար հանդիպում խնդրելու Թուրքիոյ վարիչէն:
Պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ հայկական կողմը 44-օրեայ պատերազմ մղեց ո՛չ միայն Պաքուին, այլ նաեւ ըստ էութեան Թուրքիոյ դէմ: Պատերազմ հրահրողը, Ազրպէյճանը հովանաւորողը, զայն սպառազինողը, սպայակոյտ պատերազմի դաշտ գործուղողը Անգարան էր: Երեւանը միջազգային դատ կը բանայ Ազրպէյճանի դէմ ըստ էութեան ամբաստանութիւնները ուղղելով Թուրքիոյ` ռազմական յանցագործութիւններ գործադրած եւ ցեղապաշտական դրսեւորումներ ունեցած ըլլալու մեղադրանքով: Զուգահեռ Հայաստանի վարչապետը Թիֆլիսի ճամբով հանդիպում կ՛առաջարկէ Թուրքիոյ նախագահին:
Մինչ նոյն Թուրքիան Շուշիի հռչակագիրով թուրքեւազրպէյճանական միացեալ հայեցակարգ յայտարարելով կը վերաշեշտէ իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը: Պատմական վէճերու հարթում, որ համազօր է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջէն հրաժարումին, տարածքներու ամբողջականութեան կամ ներկայ սահմաններու փոխճանաչում եւ հանդիպման առաջարկի բացայայտումին առիթով հնչած նոր նախապայմանը` Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում:
Նախապայմաններու դիմաց հանդիպման առաջարկ: Մինչ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին համար ընդունուած խորհրդային քարտէսը հիմք համարել, երբ Ազրպէյճանը կը յայտարարէ, որ ինքը իրաւաժառանգորդը չէ խորհրդային Ազրպէյճանին, իսկ Հայաստանը անկախութեան հռչակագիրի նախաբանով իսկ ամրագրած է «զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, խնդիր դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը», ինչ որ համազօր է առաջին հանրապետութեան իրաւաժառանգորդի հանգամանքի ստանձնման: Հետեւաբար խորհրդային քարտէսագծումի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի սկսիլը միակողմանի շահ կ՛ենթադրէ:
Կարդացեք նաև
Տարածքներու զիջման այս երեւոյթին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, որ տարածքներու փոփոխութիւնը կը պայմանաւորէ հանրաքուէով: Այսպէս` 205-րդ յօդուածի առաջին կէտը կ՛արձանագրէ. «Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»: Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ խորհրդային քարտէսագծումն է հիմքը նոր սահմանազատման, ապա Սահմանադրութիւնը պարտադիր կը դարձնէ հանրաքուէն:
Միամտութիւն է հաւատալ, որ Անգարան առանց նախապայմաններու կը ձեռնարկէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: «Պատմական վէճերու հարթում»-ի միակողմանի հրամայականը Ցեղասպանութեան միջազգային պահանջէ հրաժարում է: Դարձեալ դիմենք Անկախութեան հռչակագիրին, այնտեղ տեսնելու համար 11-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:
Այս պայմաններուն մէջ ուրեմն Թուրքիոյ նախապայմաններուն ընդառաջելը պարզապէս Անկախութեան հռչակագիրին դէմ ընթանալն է: Իսկ հռչակագիրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անկախ հանրապետութիւն պահելու գաղափարախօսական ուղենիշները: Անոնց շրջանցումը աւելին է, քան սահմանադրական կէտերու խախտումը: Անոնց շրջանցումը զիջում է անկախութենէն եւ գերիշխանութենէն:
Անկախութեան 30-ամեակը ամէնէն շատ այս վտանգներուն մասին կ՛ահազանգէ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: