«Հորիզոն». 30 տարի առաջ, հայոց անկախ պետականութեան վերընձիւղման ու վերականգնման գործընթացը համատեղ զսպանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման հիմնախնդրին հետ։
Միաժամանակ, շնորհիւ անձուրաց եւ ուխտապահ ազատամարտիկներու, պատմութեան էջերուն վրայ դարբնուեցաւ Արցախի անկախութիւնը։
Այսօր, Արցախեան պատերազմէն ետք, կացութիւնն ու պատկերը լրիւ փոխուած են։ Խոցուած են հայոց արեւելից սահմանները, կիսախորտակուած վիճակի մէջ է Արցախի միջնաբերդը։
Անկախութիւնը կ՚իմաստազրկուի, երբ օրն ի բուն սպառնալիքի տակ են պետական սահմաններդ, երբ տարածքներու ամբողջականութիւնդ թշնամիի ամենօրեայ քմահաճոյքին ենթակայ է։
Հակամարտութիւնը չէ աւարտած։ Զիջումի ու մերձեցման քաղաքականութիւն մշակող ներկայ իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ կորստեան մատնուած ճակատամարտէն ետք, վերակազմակերպուելու եւ ապագայ առճակատման պատրաստուելու ժամանակն է։
Ի՞նչ կը զիջինք։ Ի՞նչ պատճառով սահմանները կը վերագծուին։ Ինչո՞ւ պատմութիւնը կ՚աղաւաղուի։ Ինչո՞ւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման դիմաց՝ «զիջում»ի գաղափարը կը սերմանուի։ Այս հարցումներուն պատասխանը չունին ազգը անձնատուութեան առաջնորդած այսօրուան իշխանութիւնները։
Քանակական վերլուծութիւնը ի՞նչ է կորուստին։ Հաշուառա՞ծ են իմքայլականները։ Եւ երբ կը խօսինք այդ մասին, նաեւ բարոյականութեան մասին,որ այսօր եղծուած է իր պարունակէն։
Անկախութիւնը վերաիմաստաւորելու համար, համախմբուելու եւ մեր ուրոյն ուժականութեան ապաւինելու ժամանակն է եւ մէկընդմիշտ համոզուելու՝ որ Հայաստանի պետականապահպանութեան հիմնադրոյթները կ՚ամրագրուին միայն ու միայն անկոտրում պայքարի ու կամքի վճռականութեան ոգիով։
Եթէ կ՚ուզենք 30 տարի առաջ կերտուած յաղթանակը դարձնել յարատեւ՝ միասնաբար դաս քաղենք դառն փորձութենէն եւ դիմենք կազմակերպուած պայքարի։
Խմբագրական «Հորիզոն»-ի